Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռանց­քա­յին նիւթն էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր բռնա­րարք­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն Հաք­քեա­րիի Չու­քուր­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն եւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գե­ցան բա­խում­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ութ զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Նոր ժամադրութեան համար ջանքեր:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման որոնումներուն շրջագծով յաջորդ շաբաթ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ կրնան տեսակցիլ Վիեննայի մէջ: Համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ժան-Մարք Էյրօ եւս մտադիր են մասնակցիլ նախագահներու զրոյցին:

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոսութեան մամլոյ կցորդը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Տէյվիտ Քոնըլը:

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

​Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ գրական-գեղարուեստական խանդավառ ցերեկոյթ:
Աշակերտները յաջող ելոյթներով վերյիշեցին մեր մշակոյթի հսկաներէն Կոմիտասն ու Յովհաննէս Թումանեանը:

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016

ԶԻ­ՊԷՉ, որ կը գոր­ծէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­վա­նիին ներ­քեւ, ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուի գործ­նա­կան գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ 12-րդ մր­ցա­շար­քի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին, թա­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

«Գի­տու­թիւն՝ ա­մէն ին­չի հա­մար» կար­գա­խօ­սով Է­սաեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պած է գի­տա­կան խրախ­ճանք մը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին բնոյթ ու­նի այս ծրա­գի­րը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին իս­թան­պու­լա­հայ միջ­նա­կարգ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րաժշ­տա­պետ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր նա­խորդ գրու­թեան մէջ անդ­րա­դար­ձանք՝ մաս­նա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ար­ժէ­քին, ո­րե­ւէ մար­զի մէջ եւ նաեւ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նա­կի մէջ։ Ար­դա­րեւ մաս­նա­գի­տու­թեան պէտք ե­ղած ար­ժէ­քը ըն­ծա­յել, եր­բեք չի՛ հա­կադ­րեր իշ­խա­նու­թեան, աս­տի­ճա­նի կամ դիր­քի եւ ար­գելք չէ՛ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

​«Օ, բնու­թիւն Օ՜, մայր,
Մշտահ­ոլ­ով, մշտագ­ոյ եւ մշտատ­եւ...» (Ե. Չ.):

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հան­րա­կառ­քի խճո­ղուա­ծու­թիւ­նը սի­րա­հար զոյ­գին հա­մար ձեռն­տու է կար­ծես: Ա­նոնք կրակ կտրած փաթ­թուած են ի­րա­րու, սի­րոյ ապ­րում­նե­րով խեն­թա­ցած ու գի­նով­ցած, կար­ծես ա­ռան­ձին են բազ­մու­թեան մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից սա­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայ զինուոր մը զոհուեցաւ:
Միջազգային հանրութիւնը միշտ որոնումներու մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման շուրջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թիւ­նը (ԵՏՄ) եւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը հա­մա­տեղ հա­մա­ժո­ղով մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­զար­պա­յեւ այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ը­րաւ՝ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վա­լեն­թի­նա Մաթ­վիեն­քո­յի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ։ Այս առ­թիւ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր ե­րէկ Սթրազ­պուր­կի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլ­ցի հետ։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ներ­կա­յիս չի զի­ջիր այն 72 չա­փա­նիշ­նե­րէն, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են, որ­պէս­զի թրքահ­պա­տակ­նե­րը ա­ռանց վի­զա­յի մուտք գոր­ծեն Շեն­կէ­նի գօ­տի։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Գեր­մա­նիոյ Պուն­տես­տա­կէն ներս յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 2-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ Հայ­կա­կան հար­ցը։ «Die Zeit» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Գեր­մա­նիա­յէն մտա­ւո­րա­կան­ներ բաց նա­մակ մը հրա­պա­րա­կած են՝ Պուն­տես­տա­կին եւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լին ուղ­ղեալ։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նէն ներս Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ հայ հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ 2016-2021 շրջա­նին։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Քոնս­տան­դի­նոս Նի­քո­լա­յի­տիս յայտ­նած է, թէ ընդ­դի­մա­դիր թեկ­նա­ծուի մը բա­ցա­կա­յու­թեան բե­րու­մով Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի մնայ այդ պաշ­տօ­նին գլու­խը։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

«Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Yok Hükmünde» գրքին գինեձօնը տեղի ունեցաւ Բերայի թանգարանին մէջ:
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ հարցերը միշտ կը մնան այժմէական: Ձեռնարկի ատենախօսները շեշտեցին ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին անվիճելի նշանակութիւնը:

Էջեր