Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը այս օրերուն կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն 12-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս աւանդական միջվարժարանային մրցաշարքը, որով ստեղծուած է մեծ ու ոգեւոր շարժում մը։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ լաւ մտածէ: Բառերը կերտելու եւ կործանելու զօրութիւնը ունին: Այլապէս անոնք անջրպետի մէջ կ՚ոչնչանան» (Անծանօթ):
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիւնիքի սահմանամերձ մարզի մէջ պատերազմը աւարտած է 1994 թուականին: Կը թուի, թէ այլեւս հեռաւոր անցեալ են կրակոցները, հրետակոծութիւնները, սահմանային կռիւներն ու ամէն օր սահմանէն եւ խաղաղ բնակավայրերէն հասնող մահուան լուրերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան իրապէս բացառիկ հոգեւորականի մը տիպարը եղած է։ Ծնած է Նիկոմիդիոյ Տաղ գիւղը՝ աւազանի անունով Սուրէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 7-ի օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայկեան Հանճարի բանաստեղծական սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացիի (951-1003)։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սաթենիկ Գրիգորեան ծնած է Բաղէշ (Պիթլիս), 1894-ին: Փոքր տարիքէն ամուսնացած է բաղէշցի Վաղարշակ Պապայեանին հետ:
Սուրբ Հոգի համալսարանի Փիլիսոփայութեան, մարդկային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը՝ «Լիբանանեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ» խորագրով։
The Wall Street Journal ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը գրեց, թէ Ռուսաստան եւ Իրան համաշխարհային նաւթի շուկայէն ներս կը ցնցեն Սէուտական Արաբիոյ դիրքերը։ Ներկայ պայմաններով, Ռիատ դէմ յանդիման մնացած է լուրջ սպառնալիքի՝ Ասիոյ շուկաներու քարիւղի գլխաւոր մատակակարի տիտղոսը տեւականացնելու առումով։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառը կը ծրագրէ հրատարակել քառահատոր մը, որ կը կոչուի «Հայաստանի յարակից երկիրներու պատմութիւն»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջին հատորը արդէն լոյս տեսած է ու կը վերաբերի հին շրջանին։ Այդ մէկը կը ներկայացնէ տարածքաշրջանի հարեւաններու պատմութիւնը հայկական տեսանկիւնէն։
Հայ դատի ղեկավարութեան շփումները՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի հեռանկարներուն շուրջ:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա առանձին թողուած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Էրտողան անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադրութեան։
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ռազմաօդային ուժերը Քանտիլի, Մեթինայի, Զափի եւ Կարայի շրջաններէն ներս ռմբակոծեցին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան զանազան թիրախները։
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ յօդուած մը գրի առաւ Politico Europe պարբերականին մէջ:
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած «Ֆորմիւլա 1»էն վերջ հաւանական կը նկատուի Արցախի ճակատին վրայ բախումներու վերսկսիլը: Այսօր հայկական կողմը կը նշէ Շուշիի ազատագրման տարեդարձը: Հայկական կողմը չի պատրաստուիր որեւէ բան ընդունիլ Պաքուի ճնշումներու պայմաններուն ներքեւ:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն« վաւերագրական ժապաւէնին հերթական ցուցադրութիւնը՝ Երեւանի մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ քննարկում:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը կայացաւ երէկ, նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի։ Օրուան պատարագիչն էր Հ․ Աբրահամ Ծ․ Վրդ․ Ֆըրատեան։
Արէտ Կըճըրի անհատական երրորդ ցուցահանդէսը՝ «Օրէ օր», 7 Մայիս-4 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ կը կայանայ Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ։ Բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ օր՝ ի ներկայութեան այցելուներու ընտիր բազմութեան մը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգւոր հովիւը՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդիկ, շատ անգամ ո՜րքան ունայն, պարապ փափաքներով ու նպատակներով կը վատնեն, կը մսխեն իրենց թանկագին ժամանակը՝ անտեսելով իրապէս կարեւոր եւ արժէքաւոր, օգտակար փափաքներն ու նպատակները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ նշուեցաւ Մայրերու օրը։ Մանկապարտէզի փոքրիկները պատրաստած էին այս տարուան հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի ուսուցչական կազմը, Ծնողաց միութեան անդամուհիները, ծնողներ եւ հիւրեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայրը, իրապէ՛ս ճշմարիտ տիպար մըն է անձնուրացութեան, զոհողութեան եւ վեհանձնութեան։ Ուստի մայրերու համար խօսիլ կամ գրել թէ՛ դիւրին եւ թէ դժուար է։