ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՇԷ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ ազդարարուեցաւ այս կարեւոր տօնը։ Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը։ «Քրիստոս փառաց» տաղի ներքեւ Մայր Տաճարի Իջման Ս. Սեղանի կանթեղէն Վեհափառ Հայրապետը վառեց Քրիստոսը խորհրդանշող մոմը՝ կենսատու լոյսը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Արարողութեան աւարտին թափօրը ժողովուրդին ուղեկցութեամբ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդեց դէպի Մայր Տաճարի շրջափակը, ուր վառուեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը՝ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ ազգային երգերու կատարումներով։
Տեառնընդառաջի տօնը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը համարէ տէրունական տօն, քանի որ ան քառասուն օրուան Յիսուսը տաճար բերելու յիշատակութիւնն է: Քրիստոսի ծնունդէն 40 օր վերջ, համաձայն առաջնածիններու մայրերու մաքրագործման մասին հրէական օրէնքի, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկ Յիսուսը կը տանին Երուսաղէմի տաճար՝ Աստուծոյ ընծայելու: Ըստ մովսիսական օրէնքի՝ ծննդաբերութենէն յետոյ կանայք որոշ ժամանակ կը համարուէին անմաքուր: Եթէ նորածինը տղայ էր, ապա մաքրութեան համար սահմանուած էր 40, իսկ եթէ աղջիկ՝ 80 օր: Ս. Աստուածածնի պարագային այս օրէնքը անիմաստ էր, քանի որ անկէ Ծնածը՝ Յիսուսը, յղացած էր Հոգիի զօրութեամբ: Երուսաղէմի բնակիչները ջահերով ու ճը-րագներով կը շտապեն տեսնելու համար տաճար Եկողը՝ միմեանց ձայն տալով: Հոն հասնելով անոնք կը տեսնեն մանուկ Յիսուսը՝ ծնողներու հետ: Վերջիններս կը մտնեն տաճար, ուր անոնց ընդառաջ կու գայ Սիմէոն ծերունին: Աւետարանը կը յայտնէ, որ ան «արդար ու աստուածավախ էր»: Աստուած տեսնելու այդ անմար փափաքի համար Աստուծոյ Սուրբ հոգին անոր կը խոստանայ, որ ան մահ պիտի չտեսնէ մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Տեառնընդառաջ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ կամ Տիրոջ ընդառաջ դուրս գալ: Ժողովուրդի մէջ օգտագործելի են նաեւ տօնի «Տերնդեզ» կամ «Տրնդեզ» անուանումները: Տեառնընդառաջը կը նշուի Քրիստոսի ծննունդէն 40 օր յետոյ՝ Փետրուարի 14-ին: Տօնի ծիսական արարողութիւնները կը սկսին Փետրվարի 13-ի երեկոյեան ժամերգութեամբ, այնուհետեւ կը կատարուի նախատօնակ: Նախատօնակի արարողութիւնը կը սկսի եկեղեցւոյ մէջ ջահեր, մոմեր կամ ճրագներ վառելով՝ որպէս օրինակ Քրիստոսի՝ երեկոյեան ժամուն տաճար գալու: Խարոյկ վառելը եւ անոր շուրջը դառնալը կամ վրայով ցատկելը Տեառնընդառաջի ժողովրդական աւանդոյթներէն է: Սա հնագոյն ժամանակներէն հասած սովորոյթ է: Կրակի վրայէն նախ կը ցատկեն նորապսակները, ապա նաեւ անոնց հարազատները: Քրիստոնեաները, կրակը որպէս Քրիստոսի ծառայ, կը բերեն Անոր ծառայեցնելու:
Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ 40 օրուան Յիսուսի տաճար ընծայումը կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն 40 օր յետոյ՝ Փետրուարի 14-ին: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնի համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ՚աւետէ Տէրունի տօնի սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որու ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն առնուած կրակով կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցիի հաստատած կանոններու համաձայն, ութ օրուան եղած ատեն կը մկրտեն մանուկը, իսկ քառասուն օրուան եղած ատեն մայրը երեխայի հետ կ՚երթայ եկեղեցի, քահանան երեխան կ՚ընծայէ Աստուծոյ, իսկ մայրը կը հանեն քառասունքէն՝ խորհուրդ Քրիստոսի ութօրեայ անուանակոչութեան եւ քառասնօրեայ տաճար ընծայման:
«Տեառնընդառաջ»ը՝ ժողովրդական ընթացիկ եւ գործածական լեզուի մէջ դարձած է «Տէրընտաս», «Տրընդեզ» ձեւերուն։ Կ՚ըսուի նաեւ «Մելետ»։
Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, երբ Յիսուսը կը բերեն տաճար, անոր արեւելեան կողմի դռները, որոնք նախապէս չէին բացուեր, ուժեղ դղրդիւնով կը բացուին եւ մարդիկ իրենց ճրագներով դուրս կու գան տուներէն՝ տեսնելու համար, թէ ինչու այսպիսի աղմուկ մը բարձրացեր է:
Անոնք ակամայ իրենց ճրագներով կը լուսաւորեն Յիսուսի ճանապարհը դէպի տաճար: Այստեղէն ալ յառաջացեր է «Տեառնընդառաջ»ը, որ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ: Տօնի խորհուրդն ալ Տիրոջ ընդառաջ երթալն է:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տեառնընդառաջի տօնի օրը՝ Փետրուարի 14-ը, հռչակած է նաեւ Նորապսակներու օրհնութեան օր: Տեառնընդառաջի պատարագէն յետոյ հայոց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Տեառնընդառաջի տօնին Հայաստանեայց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024