Ուրբաթ 14, Մարտ 2025
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր խրախճանք մը։ Աւանդական մթնոլորտի մէջ տղաքը ըմբոշխնեցին Բարեկենդանի հրճուանքը, միեւնոյն ժամանակ հաղորդ դարձան այս շրջանի տօներու նշանակութեան։ Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժնի սաները առանձին հանդէսներով նշեցին Բարեկենդանը։
Դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնը խորապէս տպաւորուեցաւ այս միասնական զուարճանքի մթնոլորտէն եւ այս հանդէսները այժմէն արդէն իրենց յիշողութեան մէջ տեղ գրաւեցին՝ դպրոցական տարիներու անմոռանալի դրուագներու շարքին։
Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018