Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս յաջողութիւններ արձանագրեցին զանազան ընկերամշակութային գործունէութիւններու շրջագծով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այց մը տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։ Իրեն կ՚ընկերանար Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, որուն կ՚ընկերանար դպրոցի նախկին շրջանաւարտուհիներէն Պեսսէ Քապաք։
Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սահակեան սանուց միութեան թատերախումբին այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Միութեան թատերախումբը այս տարի կը բեմադրէ «Այս ալ իմ կինս է» խորագրեալ խաղը, որու բեմադրիչն է Վոլքան Սարըէօզ։ Դերակատարներն են՝ Լիանա Իւնալ, Սեւան Սելվիլէր, Գարօլին Պենլի, Գրիգոր Պալօղլու եւ Սելին Իլկէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իրաւաբանութիւն»ը անհրաժեշտ տարրն է՝ ընկերութեան եւ ընկերային-հասարակական կեանքին բարւոք եւ խաղաղութեամբ գոյատեւման եւ բարձր մակարդակի վրայ՝ մարդկային արժանապատուութեան համապատասխան եւ համաձայն ընթացքը ապահովելու կարեւոր հարցին մէջ։
«Արի տուն»ի պատրաստութիւններն ու սուրիահայոց օժանդակութեան խնդիրները:
Սրբազան Պապը Հայաստան այցին ընթացքին պիտի տեսակցի նաեւ գաղթականներուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ հերթական անգամ քննարկուեցաւ այս հարցը:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան հռչակուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ տարուան անդամը»:
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
Պաղլար գաւառակին մէջ ոստիկանական ծառայողական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման. 3 զոհ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձր կոմիսարութիւնը պախարակեց ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան արարքները:
Ռուսահայ հռչակաւոր գործարար Սամուէլ Կարապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ կալուածներու շուկաներէն ներս շուրջ 5 միլիառ տոլար հարստութիւնով միջազգային համբաւ ձեռք բերած ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի Ace զբօսանաւը Յունաստանի Սանթորինի կղզիէն երէկ առաւօտեան ժամերուն մօտեցաւ Պոտրում։
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը, ուր մէկտեղուեցաւ այն երեք պատրիարքներուն հետ, որոնք կը տնօրինեն համաքրիստոնէական սրբավայրերը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս կարեւոր հաւաքոյթը, որուն ներկայ էին նաեւ տեղւոյն յունաց եւ լատինաց պատրիարքները
Տատեան վարժարանի աւարտական դասարաններու սաները վերջերս ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Եգէական։ 41 աշակերտներէ բաղկացեալ խումբը գլխաւորեցին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ կարգ մը ուսուցիչներ։ Ուղեւորութեան ծրագիրը ընդգրկեց Եփեսոսը, Շիրինճէն եւ Փամուքքալէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ես 30743 համարը կրող իսրայէլեան բանակի նախկին զօրավարս այսօր անդամ դարձայ խաղաղութեան համար պայքարող մեծ բանակին»։ Այս խօսքերով Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսին առջեւ հանդէս եկած Իսրայէլի հինգերորդ վարչապետը՝ Իցհաք Ռապին կը սպաննուէր 4 Նոյեմբեր 1995 թուականին:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ներկայացուցիչները քաղաքիս մէջ:
Ըստ Ռազմիկ Փանոսեանի, սփիւռքահայ վարժարաններուն հետ ձեռնարկուած ծրագիրները ունին յուսադրիչ հեռանկարներ:
Գարակէօզեան Տան աշակերտները մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի չորրորդ մանկանց ու երիտասարդաց պիէնալին։ Ապրիլի 19-էն ի վեր ընթացքի մէջ է այս պիէնալին ծրագիրը, որ իր աւարտին պիտի հասնի Մայիսի 23-ին։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը այս օրերուն կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն 12-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս աւանդական միջվարժարանային մրցաշարքը, որով ստեղծուած է մեծ ու ոգեւոր շարժում մը։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ լաւ մտածէ: Բառերը կերտելու եւ կործանելու զօրութիւնը ունին: Այլապէս անոնք անջրպետի մէջ կ՚ոչնչանան» (Անծանօթ):
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիւնիքի սահմանամերձ մարզի մէջ պատերազմը աւարտած է 1994 թուականին: Կը թուի, թէ այլեւս հեռաւոր անցեալ են կրակոցները, հրետակոծութիւնները, սահմանային կռիւներն ու ամէն օր սահմանէն եւ խաղաղ բնակավայրերէն հասնող մահուան լուրերը: