Արխիւ
Յառաջիկայ Կիրակի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանան թաղի աւանդական մատաղօրհնութեան հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները, որոնց պիտի նախագահէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Իզապելլա Եայլեան նուաճեց Եւրոպայի ծանրամարտի կանանց մինչեւ քսան տարեկաններու առաջնութեան երկամարտի ոսկէ մետայլը։
Սպայակոյտի ընդհանուր նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին։
Պալեան գերդաստանին պատկանող արխիւային նիւթերը Երեւանի մէջ:
Ճարտարապետներու միջազգային օրը նշանաւորուեցաւ այս կարեւոր իրադարձութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Շատ մը դէտեր կը խօսին Սուրիոյ մասնատման մասին: Յատկապէս նոր համակարգ մը ստեղծելու մասին, որուն մէջ Դամասկոսը, Թարթուսը, Լաթաքիան կը գրաւեն հիմնական տեղ:
«Քարնեկի» հիմնարկին մօտ Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
«Սահմանին վրայ, մեղմ խօսքով, կ՚ընթանայ պատերազմ», ըսաւ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ:
Սեբաստահայ գրող Մելիսա Քոչաք հրատարակեց յուշագրական հատոր մը՝ «Պիր թութամ կեչմիշ» խորագրով։ Գրքին մէջ հեղինակը կը պատկերէ Սվասի հայութեան անցեալն ու այժմու կեանքը, ինչպէս նաեւ անոնց մղած պայքարը եկեղեցի մը ունենալու համար։
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարաւ Մայր քաղաքապետութեան դիմաց՝ Մեճիտիյէգիւղի հրապարակին վրայ Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունէն 45 տարի առաջ գրաւուած 4474 քառակուսի մեթր հողամասին գծով։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի եւ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ընդառաջ՝ նոր աւան մը հայ մարզիկներուն համար, որոնք Երեւանի մէջ կ՚ողջունեն իրենց խարիսխը:
Շուրջ 7500 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ կառուցուած հսկայ համալիրը յաւակնոտ հորիզոններ կը բանայ հայկական մարմնամարզին առջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգամ մը եւս հրեշտակներու երգը կը հնչէ երկնքի բարձրունքներէն եւ կը ծանուցանէ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը աշխարհ՝ Ս. Բեթղեհէմի մէջ։ Արդարեւ մեծ ուրախութիւն է աւետել Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը, եւ հաճոյք՝ մասնակցիլ այդ ուրախութեան։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
«Չարտասանուած Նոպէլեան ճառեր». այսպէս կը կոչուի հաղորդավար, բեմադրիչ, բեմագիր Արթուր Բախտամեանի ֆիլմաշարը, որ կը ներկայացնէ արեւմտահայ նահատակ չորս մտաւորականներու՝ Գրիգոր Զօհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի ենթադրեալ Նոպէլեան ճառերը՝ հեղինակներու կենսագրական եւ ստեղծագործական փաստերու, անոնց ապրած ժամանակի, իղձերու ու հիասթափութիւններու ճշգրիտ վաւերական հիմքերով։
Հայաստանի Ազգային ժողովը տուաւ իր համաձայնութիւնը, որպէսզի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը դրուի հանրաքուէի։ Նախագծին կողմ քուէարկեցին 104, դէմ՝ 10 եւ ձեռնպահ՝ 3 պատգամաւորներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք մտածա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, եթէ ընկերութեան մը, հասարակութեան մը մէջ բոլոր անհատներ «նոյն կերպ»ով խորհէին, ի՜նչ կ՚ըլլար հետեւանքը։
Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղի դահլիճի երդիքին տակ շահեկան ասուլիս:
Թուրքիոյ կրթական համակարգէն ներս խտրականութեան դրսեւորումներուն վերաբերեալ պատրաստուած տեղեկագիրը առարկայ կը դառնայ հասարակական լայն քննարկումներու: Փոքրամասնական վարժարաններու առկայ խնդիրները լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նիւթի ամբողջին մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին:
Նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ֆրանսահայ յայտնի ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքաեւ վերջին օրերուն ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Երեւանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարցազրոյց՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ:
«Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ քննադատական մօտեցումներ»ու քննարկումները եզրափակուեցան:
Քառօրեայ գիտաժողովին ծրագիրը աւարտին հասաւ շաբաթավերջի խտացեալ աշխատանքներով, որոնց ամփոփումը կատարուեցաւ հեղինակաւոր ակադեմականներու կողմէ: Ձեռնարկը ձօնուած էր Վանկելիս Քեխրիոթիսի յիշատակին: