Արխիւ
Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ շնորհաւորելու համար Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Իրեն կ՚ընկերանային Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կաղանդուան խրախճանք մը։ Միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած գծագրութեան, դաշնակի եւ պարի դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար նախատեսուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ Ամանորի ընդառաջ բարեմաղթանքներու փոխանակումով: Թաղային խորհուրդի ատենապատ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները հետեւողական աշխատանք կը տանին կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն առկայ հարցերն ու կարիքները հրատապ նշանակութիւն ստացած են մեր համայնքի օրակարգին վրայ:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ պաշտօնապէս կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի համակարգէ աշխատանքները:
Աշխարհահռչակ երաժիշտ ու շարժանկարի վարպետ Էմիր Քուսթուրիցայի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթը դարձած է անմոռանալի։ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական ռաք խումբին հետ միասին հանդէս եկաւ Էմիր Քուսթուրիցա, որ անմոռանալի երեկոյթ մը պարգեւեց հայ երաժշտասէրներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։
Թուրքիա կը շարունակէ բուռն պայքար մը մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ նահատակներու վերաբերեալ նոր լուրեր հասան Շըրնաքի Ճիզրէ գաւառակէն։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ տեղւոյն Նուր թաղամասէն ներս գործողութիւնները կը շարունակուին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքի մանաւա՛նդ Հանրապետական շրջանի տարեգրութիւնները կրնան համարուիլ, կարճ խօսքով, զօրակցութեան պատմութիւն մը։ Ազնիւ մղումի մը դրսեւորումները պայմանաւորած են մեր հաւաքականութեան յարատեւութիւնը։ Վիթխարի ժառանգութիւն մը կենսունակ պահելու ձգտումը գործնական գետնի վրայ միշտ բիւրեղացած է օրինակելի զօրակցութիւնով, հաւաքական ճիգով մը։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետը շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ:
Էրտողան եւ Տավուտօղլու տարածքաշրջանի իրադրութիւնը քննարկեցին Նեչիրվան Պարզանիի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ZİBEÇ-ի ընտանիքին ամանորեան խրախճանքը։ Տօնակատարութեան մասնակցեցան ZİBEÇ-ի աշակերտները, ծնողները, մասնագէտներն ու վարչային պատասխանատուները։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը 2015 թուականին սկսած է հայկական շարժանկարներու թուայնացման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեան:
Աշխարհահռչակ սերպ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Էմիր Քուսթուրիցա եւ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական-ռաք խումբը հայ երաժշտասէրներուն ներկայացան «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Սերժ Սարգսեան. «Մենք 2016 թուական կը մտնենք մեծ յոյսերով եւ ծրագրերով, միեւոյն ժամանակ բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ մեր խնդիրները տակաւին լուծուած չեն եւ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք՝ որպէսզի մեր երկիրը դառնայ մեր երազածին նման»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան 2015-ի գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ մամլոյ ասուլիսով մը:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Այսօր բազմաթիւ համայնքներու մօտ հայերէնը կը զիջէ դիրքերը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
19 Դեկտեմբերին Դամասկոսի Ճարամանա շրջանին մէջ կը սպաննուէր «Հիզպուլլահ»ի կարեւորագոյն համարուած պատասխանատուներէն մին՝ Սամիր Քընթար: Լրատուական աղբիւրներ նոյն լուրին կապակցութեամբ կը հաղորդէին, որ իսրայէլեան օդային հարուածով սպաննուած Քընթարի հետ նոյնպէս կը զոհուէին իրանցի տասնմէկ պատասխանատուներ:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը դարձաւ Ատրպէյճանի դիպուկահարներուն թիրախը:
Ըստ Կարէն Միրզոյեանի, Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան:
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
“Because I could not stop for death
he kindly stopped for me.”
Emily Dickinson
ՀԵՀԵՄ-ի Եւրոպայի տարածքաշրջանի ընդլայնուած կազմով առաջին ներկայացուցչական ժողովը:
Աշխատանքային ծրագրի աւարտին ուխտի այցելութիւններ տրուեցան դէպի Վենետիկ եւ Միլանօ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը վերյիշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը։ Քրիստոնէութեան առաջին նախավկային ձօնուած աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան մեր եկեղեցիներուն մէջ։