Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

ՍԻԼ­ՎԻ ՍՐԲՈՒ­ՀԻ ՄԱ­ՐԱ­ԶԵԱՆ

Տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք՝ քաղցր ու դառն յու­շե­րու հետ­քե­րով: Խան­դա­ղա­տան­քով ու տագ­նապ­նե­րով ծան­րա­բեռնուած օ­րե­րը հեւ ի հեւ սա­հած, սլա­ցած են մեր կեան­քէն: Հե­ռա­ցող տա­րին ա՛լ գաղտ­նիք մը չու­նի մե­զի հա­մար, իսկ նոր տա­րին, ա­նակն­կալ­նե­րով լիա­ռատ, ծա­ծուկ յու­զում­նե­րով ու անս­պա­սե­լի ա­րարք­նե­րով բե­ղուն՝ կը ծա­ւա­լի մեր առ­ջեւ:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

​Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ արուեստի կեդրոնի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեներգչուհի Նաթալի Պօղոսեանի եզակի ստեղծագործութիւնը՝ «Տորէթայի ոսկէ երազը»:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ տե­սակ տե­սակ բնա­ւո­րու­թեան եւ նկա­րագ­րի տէր մար­դոց հետ կը դի­մա­ւո­րուինք։ Մարդ զգա­յուն եւ յու­զա­կան խառ­նուածք ու­նե­ցող էակ մըն է եւ այդ պատ­ճա­ռով, ու­զէ կամ չու­զէ կ՚ազ­դուի եւ կը տպա­ւո­րուի իր շուր­ջը գտնուած մար­դոց­մէ եւ պա­տա­հած դէպ­քե­րէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ փայ­լուն հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տար­ուան եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ։ Ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջըն­թեր օ­րը կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ամ­բողջ դպրո­ցին մէջ լիու­լի ապ­րուե­ցաւ տօ­նա­կան հրճուան­քը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Գարակէօզեանի ընտանիքին անդամները վերամիաւորուեցան՝ ոգեկոչելով հաստատութեան հիմնադիրը:
Աւանդական Լուբիայի օրը առիթ հանդիսացաւ վարժարանի եւ անոր սաներու վերաբերեալ յիշողութեան թարմացման: Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի վեր­ջը եւ Յու­նի­սի սկիզ­բը, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը բա­րե­կա­մա­կան եր­կու մրցում պի­տի կա­տա­րէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Այդ եր­կու մրցում­ներն ալ պի­տի կրեն բա­րե­գոր­ծա­կան բնոյթ:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ եւ ընդ­դի­մա­դիր «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս»ի ա­ռաջ­նորդ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան բուժ­ման նպա­տա­կով կը մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շա­բա­թա­վեր­ջին տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար Մաք­սիմ Սո­քո­լո­վի հետ, որ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ Մաք­սիմ Սո­քո­լով միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մա­նա­խա­գահն է Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա Ո­ւա­շինկ­թըն հրա­ւի­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճան սկսած է վերստին սրել իրավիճակը:
«Զինուած դիմակայութեան աստիճանի բարձրացման եւ հետագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուին»:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն:
Համայնքային վաքըֆներու համար գործակատար-կառավարիչներու նշանակման հեռանկա՞ր:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Սուրբ Ղա­զար վան­քին մէջ Յու­նուար 6-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­ցու­մը Շա­ւարշ եւ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սին, ներ­կա­յու­թեան Վե­նե­տի­կի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն շուրջ հարիւր յիսուն ի­տա­լա­հա­յե­րու, միա­բան­նե­րու, Ի­տա­լիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան՝ Սար­գիս Ղա­զա­րեա­նի, նա­խա­գա­հու­թեամբ Միա­բա­նու­թեան վա­նա­հայր՝ Հ. Ե­ղիա Վրդ. Քի­լաղ­պեա­նի։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​2 Յու­նուա­րին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, որ կը յայտ­նէր ծայ­րա­յե­ղական­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րուած մա­հա­պա­տի­ժին մա­սին, քա­ղա­քա­կան պայ­թու­մի մը հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­ցաւ:

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ ըն­դու­նեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց՝ Ս. Էջ­միած­նի վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Բա­ռե­րը, եր­բեմն նոյ­նիսկ գիր մը կամ շեշտ մը, բա­ւա­կան նե­րուժ ու­նին, զօ­րեղ են, ե­թէ մա­նա­ւանդ ճիշդ տե­ղին եւ պատ­շաճ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծուին: Ա­րուես­տա­գէտ գրող­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը, նաեւ բա­ռաս­տեղծ են, մա­նա­ւանդ երբ տուեալ լե­զուին մէջ չեն գտներ ի­րենց ներ­քին ապ­րու­մը կամ միտ­քը լա­ւա­գոյնս ար­տա­յայ­տող բա­ռը, կը ստեղ­ծեն նո­րը, եւ ե­թէ այդ բա­ռը մար­դիկ ըն­դու­նին ու օգ­տա­գոր­ծեն, կը նե­րա­ռուի բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ՝ հարս­տաց­նե­լով լե­զուի բա­ռա­պա­շա­րը:

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

​ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աշ­տա­րա­կե­ցի դեր­ձակ Ս­­տե­փան Տէր-Ա­ռա­քե­լեա­նի ըն­տա­նե­կան հա­մեստ ու չքա­ւոր եր­դի­քին տակ ծնաւ ա­րու զա­ւակ մը՝ ­Յով­հան­նէս ա­նու­նով, որ իր կեան­քով եւ գոր­ծով մնա­յուն ու ար­ժէ­քա­ւոր վաս­տակ մը կա­պեց իր ընտ­րած ­Պերճ Պ­­ռօ­շեան (1837-1907) գրչա­նու­նին եւ ար­ժա­նա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ապ­րե­ցաւ մեծ հրճուանք։ Տօ­նա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը դպրո­ցը հա­մա­կած էր նա­խոր­դող շա­բաթ­նե­րէն սկսեալ։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը։ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեան եւ մար­դու բնու­թիւն ստա­նա­լու հրա­շա­լի՜ ե­ղե­լու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րի Յու­նուար 6-ին՝ որ­պէս ան­շարժ տօն։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին արծարծուած հարցերը - 2:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կանգ առաւ առկախեալ ընտրութեան խնդրին վրայ:
«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՄԸ»

Էջեր