Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Կի­լի­կիոյ Լե­ւոն Ա. հա­յոց թա­գա­ւո­րի (1198-1219) գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին պատ­կա­նող հայ­կա­կան ծայր աս­տի­ճան հա­զուա­գիւտ ոս­կէ մե­տա­ղադ­րամ մը առ­ցանց ա­ճուր­դի մը ար­դիւն­քին վա­ճա­ռուե­ցաւ 40 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի փո­խար­ժէ­քով։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գսեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Ե­գիպ­տո­սի նո­րան­շա­կան դես­պան Թա­րըք Մաա­թին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին, որ իր հեր­թին խոս­տա­ցաւ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նել՝ նպաս­տե­լու հա­մար հայ-ե­գիպ­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծաղիկներ թողուց Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ բաժնած են Թուրքիոյ ցաւը:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Անց­նող օ­րե­րուն լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ ու­շի ու­շով հե­տե­ւե­ցան Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կե­նա­տի Կա­թի­լո­վի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն՝ Անն Փի­թըր­սը­նի մի­ջեւ ըն­թա­ցած հան­դի­պում­նե­րուն:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Շթայնմայէր Վիեննայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Ճէյմս Ուորլիք դրական տպաւորութիւններ փոխանցեց Լոնտոնի շփումներուն կապակցութեամբ:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց հա­մա­կիր տի­կին­նե­րու ոգեւոր ճաշ­կե­րոյթ մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը միաս­նա­բար ող­ջու­նե­ցին 2016 թուականի տա­րե­մու­տը։ Ֆլո­րիա­յի «Քա­շը­պէ­յազ կա­լա» ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բազմահոծ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Գալ­ֆաեան Տան խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ե­րէկ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին, ի­րենց տնօ­րէ­նու­հիին եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Փոք­րիկ­նե­րը փու­թա­ցած էին շնոր­հա­ւո­րե­լու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քին Նոր տա­րին եւ Ս. Ծնուն­դը։ Ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւ­նով խմբագ­րա­տանս մէջ իս­կա­պէս ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

Նիւ Եորք քա­ղա­քի սրտին վրայ կա­ռու­ցուած Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ գե­ղա­կերտ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րին մէջ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշուե­ցաւ մեր Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­տ-ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը մեր ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը հան­դի­սա­ցած է ի­րա­կան կրթա­կան օ­ճախ մը, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին ան­դաս­տան մը եւ լոյ­սի կեդ­րոն մը՝ հայ տու­նին, հայ ըն­տա­նի­քին հա­մար։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016

​Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ ձեռնարկ։
Աւետարանական առաքելութեան, հոգեւոր շարժման եւ կրօնական զարթօնքի խաչմերուկը՝ Պըրպենքի դիտանկիւնէն։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը այս շա­բա­թա­վեր­ջին ժա­մադրուած են Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ նա­խա­տե­սուած տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին հա­մար։ Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ըն­դա­ռաջ նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը բարձր գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց այն կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին «Ու­րախ Ա­մա­նոր սահ­ման­նե­րուն» ծրագ­րին։ Հարկ է նշել, որ այս ծրա­գի­րը ան­ցեալ ա­միս կեան­քի կո­չուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կին կող­մէ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Անմոռանալի երաժիշտ Օննօ Թունչ վերյիշուեցաւ իր մահուան 20-րդ տարելիցին առթիւ:
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը համախմբեց հոծ թիւով արուեստագէտներ:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կեան­քի ըն­թաց­քին ա­մէն մէկս ո՞ր­քան կը գնա­հա­տենք ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը, կամ ը­սենք՝ ո՞ր­քան գի­տենք ար­ժէ­քը, մեր շուր­ջին­նե­րուն։ Երբ «ար­ժէք գնա­հա­տել», «ար­ժէ­քը գիտ­նալ» կ՚ը­սենք, այս ընդ­հա­նուր է՝ թէ՛ ան­ձի հա­մար, թէ՛ դէպ­քե­րու, ե­րե­ւոյթ­նե­րու հա­մար եւ թէ ա­մէն տե­սակ ի­րե­ղէն­նե­րու՝ ինչ­քե­րու, ա­ռար­կա­նե­րու, գոր­ծիք­նե­րու եւ գոյ­քե­ղէն­նե­րու հա­մար։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կաթողիկոսին այ­ցե­լեց Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նա­պիհ Պը­րիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ «Ա­մալ» կու­սակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան դի­ւա­նի ա­տե­նա­պետ Շէյխ Հա­սան Նաս­րի՝ պա­տուի­րա­կու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Նո­րին Սրբու­թեան փո­խան­ցեց Նապիհ Պը­րիի եւ «Ա­մալ» կու­սակ­ցու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Երեւան կը նախատեսէ շարունակել ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլի մը կը մտնէ:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով ա­ւագ տնօ­րէն եւ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի գլխա­ւոր օգ­նա­կան Չարլզ Քափ­չան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը այս շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Սո­ֆիա, ուր կ՚ու­նե­նայ եր­կօ­րեայ շփում­ներ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կին վրայ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն վերջ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը Սուլ­թա­նահ­մէ­տի դէպ­քէն ի վեր տուած է ծանր կո­րուստ­ներ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­փո­փոխ կը մնայ 1915-ի շուրջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը, որ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թի Ան­գա­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Օ­քան Միւ­տեր­րի­սօղ­լուին, անդ­րա­դար­ձած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։

Էջեր