Արխիւ
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովը:
Լոնտոնի մէջ համախմբուած սփիւռքահայ մտաւորականները միտք կը բանեցնեն լեզուի հարցին շուրջ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սուրբ Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար՝ օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով։ Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ ներկայացուցին նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի վերյիշման ուղղեալ ծրագրերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
23 Յունուար 2016, Շաբաթ օր, Սուրբ Սարգիսի տօնն է։
Ուստի կ՚արժէ վերյիշել, թէ ո՞վ էր Սուրբ Սարգիս։
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Մեթէ Չուպուքճուի ելոյթը:
«Սահմանի պարագան ունի լուրջ կարեւորութիւն։ Թուրքիա մեծ երկիր մըն է։ Ինքնավստահութեան տէր երկիր մը չի կրնար սահմանը փակել՝ ինքզինքը ուրիշներուն կապելով»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յունուարի 5-ին, ՌԱԿ-ի Պէյրութի «Պայքար» ակումբը իր հաւատաւոր անդամներուն ու համակիրներուն կը ներկայանար վերականգնող ոգիով, նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու յանդուգն կեցուածքով ու գաղափարական շրջանակի կարգապահ գիտակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ Զէքիեան Գերապայծառ վերջերս նոյն դպրոցէն ներս դասախօսած էր՝ արեւմտահայերէնի անցեալին, ներկային ու ապագային մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքի մասին յաճախ կը խօսինք՝ ի՛նչ որ բնական է, քանի որ հաւատքը՝ պայմանական անհրաժեշտութիւն մըն է, ան քրիստոնէավայել գործունէութի՛ւնն իսկ է։ Հաւատքը ամէն պահ մեզի հետ է՝ կեանքին հետ համընթաց կը քայլէ մեզի հետ։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ս. Սարգիսի տօնին` Յունուարի 23-ին, «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմը առաջին անգամ ըլլալով պիտի պարգեւատրէ զինուորները: Այս մասին յայտարարած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Ա. Քահանայ Մալեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայ ազգային գոնկրէս» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ բացատրութիւններ տուաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առողջական վիճակին շուրջ։
Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր թաղամասէն ներս անվտանգութեան ուժերը կը շարունակեն պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Վերջին գործողութիւններուն արդիւնքով անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամ ահաբեկիչները արդէն օղակի մէջ առնուած են երկու թաղամասերէ ներս։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն այսօր կը ժամանէ Երեւան։ Զարգացման ու ֆրանսախօսութեան հարցերով պատասխանատու ֆրանսացի պետական քարտուղարին Հայաստանի շփումները կը տեւեն երկու օր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա, իր կողակցին հետ։ Իր այցելութեան առաջին հանգրուանի ծրագիրը ան այսօր կ՚իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք գոլէճը այս օրերուն կը հիւրընկալէ սփիւռքահայ բազմաթիւ մտաւորականներ:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ քննարկումներուն ներկայ է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շքեղ արարողութիւն մը:
«Գիտական նոր նուաճումը կամ արուեստի նոր ստեղծագործոթիւնը իսկական գնահատականը կը ստանայ, երբ կ՚անցընէ ժամանակի քննութիւնը»:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Արաս Էօզպիլիզ համաձայնութեան հասաւ Պէշիկթաշ ակումբին հետ։ Ծանօթ է, որ Արաս Էօզպիլիզ նախկին թրքահայ մըն է, ծնած է Պաքըրգիւղի մէջ, եւ աւելի վերջ հասած է Հոլանտայի մէջ։
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Իւնալ Չեւիքէօզի ելոյթը:
«Այսօր Թուրքիոյ սահմանները բաց են այնպիսի հարեւան երկիրներու հետ, ուրկէ սպառնալիքներ կու գան իր ազգային անվտանգութեան դէմ։ Հետեւաբար, անընդունելի կը համարեմ Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալը», կ՚ըսէ վաստակաւոր դեսպանը՝ մեկնաբանելով այժմու իրադրութիւնը: