Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հա­մերգ­նե­րով հան­դէս պի­տի գայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Սպա­նիոյ մէջ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ ներս ան պի­տի նուա­գէ Պալ­թի­մո­րի մէջ։ Իր ե­րեք հա­մերգ­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Պալ­թի­մո­րի սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 10-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յատ­կան­շա­կան հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ։ Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սէր­կէյ Սմբա­տեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ հան­դէս ե­կաւ նուա­գա­խում­բը, ո­րուն միա­ցած էին նաեւ եր­կու աշ­խար­հահռ­չակ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Տպաւորութիւններ՝ Օքսֆորտ համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտական հաւաքէն, որու օրակարգը յագեցած էր սփիւռքեան իրականութեան հրատապ հարցերով:
Ռազմիկ Փանոսեան մատնանշեց, որ լեզուի խնդիրը ներկայիս համատարած մտահոգութեան առարկայ կը դառնայ բոլոր համայնքներուն մօտ:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Ի­տա­լիոյ Սիե­նա քա­ղա­քէն ոչ շատ հե­ռու վա­ճառ­քի հա­նուած է Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի մե­ծա­գոյն վար­պետ­նե­րէն մէ­կուն՝ քան­դա­կա­գործ եւ նկա­րիչ Մի­քե­լան­ճե­լօ Պուո­նար­րո­թիի, պատ­կա­նած  սե­փա­կան տու­նը:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Սթրազ­պուր­կի մէջ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լան­տի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Հերթերթ Զալպէրի եւ Նիքոլայ Պորտեուժայի հետ:
Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր կը նշուի երկ­րի զի­նեալ ու­ժե­րու կազ­մա­ւոր­ման 24-րդ տա­րե­դար­ձը։ Հա­յոց բա­նա­կի օ­րուան առ­թիւ, Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, այս ա­ռա­ւօտ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին յար­գան­քի այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­ռաբ­լու­րի նա­հա­տա­կաց պան­թէո­նը։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Զուի­ցե­րիա վա­ղը պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ հեր­թա­կան կա­րե­ւոր խորհր­դա­ժո­ղո­վը։ Այս­պէս, Ժը­նե­ւի մէջ մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ պի­տի հա­մախմ­բուին Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ Սու­րիոյ զա­նա­զան ընդդ­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Թուր­քիա դար­ձեալ խոր յու­զում կ՚ապ­րի Տիար­պա­քը­րէն հա­սած չորս նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Տիար­պա­քը­րէ ներս, Սու­րի մէջ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի 2016 թուականի առաջին ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Թուրքիա խտրականութիւն չի դներ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ ու պիտի շարունակէ պայքարիլ անոնց դէմ: Օրակարգի վրայ էր նաեւ Սուրիայէ ներս Ռուսաստանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որպէս օգնական նշանակեց հայ հեղինակաւոր դիւանագէտ մը:
Մովսէս Աբէլեան միջազգային բեմահարթակի վրայ կարեւոր առաքելութիւն մը կը ստանձնէ իր քսանհինգամեայ դիւանագիտական փորձառութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին մշտական ներակայացուցիչը մեծ պաշար ունի՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ հակամարտութիւններու լուծման բնագաւառին մէջ:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս հե­տա­մուտ է թա­տե­րա­կան ծրագ­րի մը։ Միու­թե­նէն ներս ստեղ­ծուած է նոր թա­տե­րա­խումբ մը, որ կը կո­չուի «Բա­րեւ»։ Այս վեր­ջի­նը կը խարս­խուի յայտ­նի դե­րա­սան ու բե­մադ­րիչ Սօ­սի Ճնտո­յեա­նի փոր­ձա­ռու­թեան ու ե­ռան­դին վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րով հաս­տա­տուած կա­նոն­ներ կը կազ­մա­ւո­րեն ու կը կա­նո­նա­ւո­րեն ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գը։ Ար­դա­րեւ կա­րե­լի չէ, որ ո­րե­ւէ հաս­տա­տու­թիւն եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն գո­յա­պահ­պա­նուի եւ գո­յա­տե­ւէ ա­ռանց կա­նո­նի։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Յու­նո­ւա­րի 7-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­­՚ո­գե­կո­չէ ան­մեռ յի­շա­տա­կը իր հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի (Տէր-Գրիգորեան, 1885-1920)։ 96 տա­րի ա­ռաջ, 7 ­Յու­նո­ւար 1920-ին, վա­ղա­ժամ իր վեր­ջին շուն­չը փ­չեց Հայաստանի Ջա­ւախ­քի ար­ժա­նա­ւոր այս զա­ւա­կը, ո­րուն ­Պատ­գա­մը մին­չեւ այ­սօր կ­­՚ար­ձա­գան­գէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու մտ­քին եւ սրտին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Ներ­կա­յիս այս շրջագ­ծով ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ պի­տի հա­մախմ­բէ Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին յա­ջոր­դած դա­տաի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Վճռա­բեկ ա­տեա­նի ո­րոշ­մամբ միա­ցուե­ցան այս գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ եր­կու դա­տե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տու­թեան են­թար­կուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գոր­ծո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է հա­յա­շատ Կլեն­տէյլ քա­ղա­քին մէջ։ Glendale Memorial  հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տուած է ա­ղի­քի քաղց­կե­ղի հե­տե­ւան­քով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի կը շա­րու­նա­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ ա­ռար­կայ կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Այս շրջագ­ծով Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ այ­ցե­լեց Վա­տի­կան, ուր Ա­ռա­քե­լա­կան պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով ե­րէկ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան եր­կու բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնք ա­ռըն­չու­թիւն ու­նէին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին հետ։ Սթրազ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին այդ բա­նա­ձե­ւե­րէն մին մեր­ժուե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րը­նա­կա­լեց իր ի­րան­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ Իպ­րա­հիմ Ռա­հիմ­փու­րը, ո­րու հետ քննար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցը։

Էջեր