Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Սթրազ­պուր­կի մէջ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լան­տի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016

Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Հերթերթ Զալպէրի եւ Նիքոլայ Պորտեուժայի հետ:
Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րը­նա­կա­լեց իր ի­րան­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ Իպ­րա­հիմ Ռա­հիմ­փու­րը, ո­րու հետ քննար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Նիքոլայ Պորտեուժա բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Օհանեան. «Հայաստան կը փափաքի ՀԱՊԿ-ն տեսնել որպէս ամուր եւ լիարժէք կազմակերպութիւն»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ երկ­րի սահ­ման­նե­րը ներ­կա­յիս ա­նա­ռիկ են։ «Զի­նեալ ու­ժե­րու հա­մա­պա­տաս­խան զօ­րա­միա­ւոր­ման կող­մէ կը պաշտ­պա­նուին մեր սահ­ման­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) տարեմուտի ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ էր ընտրութիւններու հարցը:
Յարութիւն Շանլը յայտնեց, որ կակնկալեն յառաջիկայ շրջանին տեսակցութիւն մը ունենալ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­նո­ւար 20-ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ ու խի­զախ մտա­ւո­րա­կան ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեա­նի (1919-2006), որ հայ գրա­կա­նու­թեան պար­գե­ւեց մայ­րա­կան շուն­չով յա­գե­ցած ­Սի­րոյ եւ Ի­մաս­տու­թեան ինք­նա­տիպ յու­զաշ­խարհ մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Մոս­կուա­յի Թրե­թեա­կո­վեան պե­տա­կան պատ­կե­րաս­րա­հը 2016 թուա­կա­նի Յու­լիս-Նո­յեմ­բեր ա­միս­նե­րուն Լոն­տո­նի Դի­ման­կար­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին եւ Վա­տի­կա­նի թան­գա­րան­նե­րուն հետ պի­տի կազ­մա­կեր­պԷ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի 200-ա­մեա­կին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նկա­րի­չի ա­ռա­ւել նշա­նա­կա­լի կտաւ­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ «Ծիա­ծա­նը» եւ «Սեւ ծո­վը»՝ Թրե­թեա­կո­վեան պատ­կե­րաս­րա­հէն, ինչ­պէս նաեւ «Ին­նե­րորդ ա­լի­քը» եւ «Ա­լե­կո­ծու­թիւ­նը»՝ ռու­սա­կան թան­գա­րա­նէն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Յու­նուա­րի 24-ին, օրհ­նու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան, Քա­հա­նա­յից պատ­րաս­տու­թեան լսա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Ներ­սեհ Վար­դա­պետ Խա­լա­թեա­նի՝ գե­ղան­կա­րի եւ կրա­ֆի­քի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ծի­րէն ներս ներ­կա­յա­ցուած են քա­ռա­սուն­հինգ նկար­ներ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Մայր Ա­թո­ռի տե­ղե­կա­տուա­կա­նը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Քրիս­տոֆ Պեն­տե­րեց­քի, որ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ, ե­րէկ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը։ Ծա­նօթ է, որ Պեն­տե­րեց­քի մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 10-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան շքեղ հա­մեր­գին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րոյ ա­մե­նէն ան­պատ­շաճ ու ան­յար­մար գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը տես­նուի «ե­սա­սի­րու­թիւն» բա­ռին մէջ՝ ուր ո՜ր­քան խորթ կ՚ե­րե­ւի «սէր»ը հոն։ Ար­դա­րեւ ե­սա­սի­րու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հա­կադ­րու­թիւն մըն է սի­րոյ, բայց հոն կը յայտ­նուի որ­պէս բա­ղադ­րիչ այդ ան­հա­ճոյ բա­ռին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Ներ­կա­յիս այս շրջագ­ծով ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ պի­տի հա­մախմ­բէ Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին յա­ջոր­դած դա­տաի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Վճռա­բեկ ա­տեա­նի ո­րոշ­մամբ միա­ցուե­ցան այս գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ եր­կու դա­տե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տու­թեան են­թար­կուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գոր­ծո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է հա­յա­շատ Կլեն­տէյլ քա­ղա­քին մէջ։ Glendale Memorial  հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տուած է ա­ղի­քի քաղց­կե­ղի հե­տե­ւան­քով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի կը շա­րու­նա­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ ա­ռար­կայ կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Այս շրջագ­ծով Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ այ­ցե­լեց Վա­տի­կան, ուր Ա­ռա­քե­լա­կան պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով ե­րէկ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան եր­կու բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնք ա­ռըն­չու­թիւն ու­նէին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին հետ։ Սթրազ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին այդ բա­նա­ձե­ւե­րէն մին մեր­ժուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ այս Հինգ­շաբ­թի՝ Յու­նուա­րի 28-ի ե­րե­կո­յեան Փա­րի­զի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի (CCAF) տա­րե­կան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քին։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս ե­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րով անդ­րա­դար­ձան այն հա­կա­հայ բա­նա­ձե­ւե­րուն, ո­րոնք շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին (ԵԽԽՎ) մօտ։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի այս օ­րե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Թեհ­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ ա­նոր դէմ սահ­մա­նուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու ջնջման յա­ջոր­դած ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կը զու­գա­դի­պի այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ ու­նի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016

Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած գաղթականներուն համար Եւրոպական Միութեան կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրոն պիտի յատկացուի տրամաբանական ժամկէտի մը ընթացքին:
Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:

Էջեր