Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017

​ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը վերջերս շարք մը կարեւոր քննարկումներ ծաւալեց Լոնտոնի մէջ:
Մարդասիրական օգնութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան, կրթութեան եւ ընկերատնտեսական զարգացման համար որոնումներ:

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հազարաւոր յուղարկաւորներ, Յունիսի 9-ին, Ուրբաթ օր, մասնակից դարձան Իրանը հարուածած ծանր ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներու թաղման արարողութեան: Բողոքի շունչ պարունակող թաղման թափօրին հետեւողները բողոքի խօսքեր արտասանելով կը յառաջանային 12 զոհերու դագաղներուն ետեւէն:

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց համանախագահներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Սերժ Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք կրնան կանխել լարուածութեան աճը:

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս տարի եւս կրթական շրջանի վերջին շաբաթը բնորոշուեցաւ փառատօնով մը, որ իր տեսակին մէջ երրորդն էր։

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017

​Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Փողային գործիքներու փառատօն, որուն իրականացման կ՚աջակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետարանը։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Լոնտոնի արեւմտեան շրջանին մէջ բազմայարկ բնակելի շէնք մը կ՚այրի: Ականատեսներու վկայութեամբ եւ ստացուող տեսանիւթերու համաձայն՝ հրդեհը պատած է ամբողջ շէնքը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ միջեւ մեծ ներուժ գոյութիւն ունի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու:
Սվէն Միքսէր յոյս յայտնեց, որ Նոյեմբերին ստորագրուած կը տեսնեն ԵՄ-ի եւ Երեւանի միջեւ նոր համաձայնագիր մը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան իրենց յայտարարութիւններով կանխել սահմանային լարուածութիւնը:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Ատրպէյճան կը փորձէ ապակայունացնել տարածքաշրջանի իրավիճակը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Աւստրալիայէն ուխտաւորներու խումբ մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը հարցումներու պատասխանելու ժամանակ անդրադարձաւ Սփիւռքի զանազան մարտահրաւէրներուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Իմացական եւ հոգեւոր քաղցի, կենդանական բնազդներու յամրընթաց յաղթարշաւը աւանդական հայկական ընտանիքի «գերեզմանաքարերն» են, որոնք տեղի կու տան դաւաճանութեանց, անառողջ ամուսնական յարաբերութեանց, ամուսնալուծումներու աճման…: Երեւոյթներ, որոնք պահի տակ հաճոյքի հետեւանքներ են, որոնք կեանքդ փակուղիի կը վերածեն եւ ակնթարթի մը մէջ զայն ամբողջապէս կ՚իմաստազրկեն ու դէպի անդունդ կը գլորեն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

Ն. Պ.

7 Յունիսին կը նշենք ծննդեան 334-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան վերանորոգման եւ արդիականացման երախտաշատ ջահակիրներէն Պաղտասար Դպիրի:

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հետ կատարուած եւ երէկուան թիւով հրատարակուած ու այսօր եւս շարունակուող հարցազրոյցի այս բաժնով Սրբազան Հայրը իր կարծիքը փոխանցեց նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան բազմատեսակ անհատներ, որ ամէն մէկը անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէ տարբեր նկարագիրներով, բնաւորութիւններով եւ յատկութիւններով։ Ո՛չ մէկը մէկ միւսին նմանն է, ո՛չ մէկը մէկ միւսին օրինակն է։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

Բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի անունը կրող «Սայաթ Նովա» փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիսի 16-ին Թիֆլիզի մէջ եւ պիտի եզրափակուի Յունիսի 18-ին Երեւանի մէջ: Փառատօնին մասին մանրամասնութիւնններ յայտնեցին կազմակերպիչները:

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

​Գանատահայ յայտնի մեներգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր մաս կը կազմէ «Արամ Խաչատրեան» 13-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի դատակազմին։ Իզապէլ Պայրաքտարեան, որ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի մենակատարներէն մին է, երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

Եգէական ծովու հիւսիսին երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.2 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը զգալի դարձաւ ամբողջ Եգէականի եւ Մարմարայի շրջանին։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ յայտնի լրագրող Մարկ Գրիգորեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի երէկուան որոշման հիման վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց Գերմանիոյ հայոց թեմի տարեկան պատգամաւորական ժողովին:
Պատրիարքական տեղապահը Քէօլնէն Իսթանպուլ գալէ առաջ երկարաժամկէտ տնօրինութիւնով նշանակեց լիազօր փոխանորդ մը:

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017

​Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց կազմը փայլուն արդիւնքով մը եզրափակեց 2016-2017 եղանակը։ Այսպէս, շիշլիցիները Իսթանպուլի լիկը աւարտեցին 4-րդ կարգի վրայ։

Էջեր