Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

Հա­յաս­տա­նի մար­զա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը մեկ­նե­ցաւ Լի­լը­հա­մըր (Նոր­վե­կիա), ուր այ­սօր կը սկսին Ձմեռ­նա­յին պա­տա­նե­կան երկրորդ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը, որոնց ընթացքին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մի­քա­յէլ Մի­քա­յէ­լեան (դա­հու­կար­շաւ) եւ Ա­նաս­թա­սիա Գա­լուս­տեան (գե­ղա­սահք), որ խում­բին պի­տի միա­նայ Մոս­կուա­յէն:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր այսօր՝ Փետ­րուա­րի 12-ին,  հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Տու­պա­յիի հա­մաշ­խար­հա­յին կեդ­րո­նի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

Յա­կոբ Տե­միր­ճիի դա­ժան սպա­նու­թեան դէպ­քին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րուն թի­ւը ար­դէն հա­սած է տա­սի։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին Տե­միր­ճիներու հին ու նոր սպա­սու­հի­նե­րը։ Յան-­ցա­գործ­նե­րը շէն­ք  ներ­խու­ժած են տա­նի­քէն։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։
Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին…
Այս շաբաթավերջին իսթանպուլահայ գրասէր հասարակութիւնը ժամադրուած է «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ: Գինեձօնի ձեռնարկը կազմակերպուած է «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ: Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակուած գործերուն մասին պիտի արտայայտուին սփիւռքէն յայտնի հիւր մտաւորականներ՝ Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, ինչպէս նաեւ Այլին Գօչունեան, որոնց մասնակցութեամբ նախատեսուած ասուլիսը պիտի վարէ Սագօ Արեան։
Մօտաւոր անցեալին նշուած թերթիս դարադարձի մթնոլորտէն ծնունդ առած գաղափարները կը պտղաբերին հեռանկարային արգասաբեր նախաձեռնութիւններով։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս տա­րի եւս Մեծ պա­հոց շրջա­նին առ­թիւ ստեղ­ծուած է հո­գե­ւոր յու­զում­նա­լի ապ­րում­նե­րու մթնո­լորտ մը։ Ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լըի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը Մեծ պա­հոց շրջա­նին ա­մէն օր Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ կը սար­քէ սի­րոյ սե­ղան։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

Սիպիլ այցելեց «Հրանդ Տինք» վարժարանը, ուր գրաւեց աշակերտութեան սիրտը:
«Այս երախաներուն իւրաքանչիւրը ադամանդ մըն է», ըսաւ մեներգչուհին Կէտիկփաշայի մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Էր­լին, եր­կու տա­րուան դա­դա­րէ մը վերջ, ե­րէկ ի­րի­կուն տպա­ւո­րիչ մե­նա­հա­մեր­գով մը ներ­կա­յա­ցաւ հան­դի­սա­տե­սին։ «Քենթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ կա­յա­ցած ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցած էր Էր­լի­նի հա­մա­կիր­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թեան, ո­րոնք վա­յե­լե­ցին հա­ճե­լի ի­րի­կուն մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի երկ­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի՝ «Ար­տաքս­ման Կի­րա­կի»։ Այս երկ­րորդ Կի­րա­կիի օրհ­նու­թեան շա­րա­կա­նին մէջ կը նկա­րագ­րուին «կոր­սուած դրախ­տին կամ եղ­ծուած եր­ջա­նիկ կեան­քին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը»։­

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Պո­լի­սը մեզ կը դի­մա­ւո­րէ պաղ ե­ղա­նա­կով: Օ­դա­կա­յա­նէն դէ­պի այն շրջա­նը, ուր պի­տի ի­ջե­ւա­նինք Պո­լիս կարճ հանգ­րուա­նի մը ըն­թաց­քին, ճա­նա­պար­հին անձ­րեւ կը սկսի, թաք­սիի վա­րոր­դը շատ ա­րագ կը վա­րէ, ին­չ որ տագ­նապ կը յա­ռա­ջաց­նէ, կը խնդրենք քիչ մը դան­դա­ղեց­նել ըն­թաց­քը, սա­կայն այդ ե­րե­ւոյ­թին ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք նաեւ հե­տա­գայ օ­րե­րուն՝ ինք­նա­շարժնե­րու ըն­թաց­քը շատ ա­րագ կը թուի, բայց ա­ւե­լի ուշ կը հասկ­նանք, որ ա­րագ ու շտա­պող քա­ղա­քի՝ Պոլ­սոյ ըն­թացքն է այդ մէ­կը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Բարեկենդանի առթիւ Պատրիարքարանի մէջ վերակենդանացուեցաւ հնամենի աւանդութիւն մը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մեծ պահոց շրջանին համար կարողութիւն մաղթեց միաբան հայրերուն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Անգ­լիա-Լի­բա­նան գոր­ծա­րա­րու­թեան խմբա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

«Մա­րալ» միու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քով մը։ Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Մա­րալ» միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Մա­րի Աք­պաշ, Սել­մա Մե­լե­քեան, Լեռ­նա Փա­փա­զեան եւ Ա­լին Քում­րալ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Եր­կու­շաբ­թի տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ պա­հոց շրջա­նի ա­ռա­ջին Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը շա­բա­թա­վեր­ջին փու­թաց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց դպրա­պետ Խա­չիկ Սար­կա­ւագ Սա­րը­լը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­նուկ­նե­րու ան­մե­ղու­թիւ­նը ար­դիւնքն է՝ ի­րենց պար­զամ­տու­թեան, ան­նեն­գու­թեան եւ դիւ­րա­հա­ւա­նու­թեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

«Մա­վի Մար­մա­րա» նա­ւուն պա­րա­գա­յին ապ­րուած ճգնա­ժա­մէն վերջ, Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գէտ­ներն ալ ար­դէն աշ­խա­տան­քի լծուած են այս ուղ­ղու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ցրտութիւն կ՚ապրուի ԵՓԿ-ի հանդէպ դիրքորոշման հետեւանքով:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու.«Քանտիլի պարագային մեր ըրածը կրնանք ընել նաեւ Սուրիոյ մէջ»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Գեր­մա­նիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան պի­տի մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րու շրջագ­ծով պի­տի քննար­կուին մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրատապ հար­ցե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

​Փե­քի­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Սէր­կէյ Մա­նա­սա­րեան։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր ար­դէն ստո­րագ­րած է հա­մա­պա­տաս­խան հրա­մա­նա­գի­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

Թուրքիա միշտ կ՚ընդգծէ, որ ԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ յատկացումը պիտի ծախսուի գաղթականներուն ի նպաստ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Լախէյի մէջ քննադատեց այն շրջանակները, որոնք Սուրիոյ տարածքէն ներս չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանի ռմբակոծումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը: Ըստ վարչապետին, Անգարա միշտ իր դռներն ու սիրտը բաց կը պահէ ապաստանեալներուն համար:

Էջեր