Արխիւ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ան Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքի ամենաազդու կազմակերպութիւններուն կողմէ խումբ մը ղեկավարներ այսօր շփումներ կ՚ունենան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Տեղական մամուլը ուշագրաւ կը համարէ այս պատուիրակութեան շփումները։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ:
Նոր շրջանակային համաձայնագրին գծով ձեռնարկուած բանակցութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը ձգտին լիակատար փոխըմբռնումով պայքարիլ գաղթականներու տագնապին համար։
Էրտողան եւ Տավուտօղլու երէկ հիւրընկալեցին Անկելա Մերքէլը։
Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ տասը կէտերու շուրջ։ Եգէականի մէջ ազդու նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու համար պիտի օգտագործուին նաեւ ՆԱԹՕ-ի դիտարկման հնարաւորութիւնները։ Թրքական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէ Ռուսաստանի կողմէ կատարուած ռմբակոծումներուն դէմ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Սուրէշ Պապու Թատիփանենին։ Նկատի ունենալով, որ հնդիկ դեսպանի առաքելութեան ժամկէտը կը լրանայ, ան հրաժեշտի այցելութեան փութաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիթլիսի քաղաքապետ Հիւսէյին Օլանը։ Քաղաքապետը եւ իր ընկերակիցները Պատրիարքարանի մէջ անդրադարձան Կարմրակի Ս. Նշան եւ Տէյիրմէնալթը գիւղի Ս. Անանիա եկեղեցիներու բարենորոգման աշխատանքներուն։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրները։
Տեմիրճիներու Էլմատաղի բնակարանին վրայ սահմռկեցուցիչ յարձակում եւ կողոպուտ:
87-ամեայ ոսկերիչ Յակոբ Տեմիրճի տմարդի ձեւով սպաննուեցաւ իր տան մէջ, նոյն դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած կողակիցը՝ 79-ամեայ Սեդա Այտա Տեմիրճի դարմանման տակ:
Թուրք-հայ մշակութային համագործակցութեան հետամուտ ծրագրի մը շրջագծով կը նախատեսուի համերգներու շարք մը ներկայ տարուան համար:
Շաբաթավերջին Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը ծանօթացուեցաւ նախագիծը: Նախաձեռնարկները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր բացատրութիւններ տուին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին:
Գահիրէի մէջ 31 Յունուար-8 Փետրուար թուականներուն տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբին հերթական ժողովը։
Հայ եկեղեցին այսօր թեւակոխած է Մեծ պահոց շրջանը։ Շրջան մը, որ կը կոչուի Քառասնորդական պահեցողութեան շրջան կամ ժողովրդային բացատրութեամբ աղ ու հացի շրջան։
Բուն Բարեկենդանի առթիւ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան աւանդական խրախճանքներ։ Թէ՛ Երեւանի մէջ եւ թէ արուարձանային շրջաններէն ներս, նաեւ երկրի մարզերուն մէջ տօնակատարութիւնները ստեղծեցին մեծ ոգեւորութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօնական եւ բարոյական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն մը կայ շրջանը այն շաբաթներուն՝ որ կը կոչուի «Մեծ Պահք»։ Եթէ ո՛չ ժամանակակից ընկերական եւ ընտանեկան, բայց անցեալի սովորութիւններու մէջ կարեւոր տեղ մը ունէր այս շրջանը։ Խանդավառութիւն, եռուզեռ, պատրաստութիւններ տուներու եւ ընտանիքներու մէջ՝ որոնք տպաւորուած կը մնան յիշատակներու մէջ միայն։
Երէկ, Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի ձեռամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ Կոմիտաս Դպրաց Դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։
Վաքըֆլըգիւղցիներու Հայրենակցական միութիւնը շաբաթավերջին կազմակերպեց Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ յարակից Սեբաստացիներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն նախագահեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երեկոյթին մասնակցեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ եւ համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պատնէշի վրայ կը մնայ իր փայլուն անցեալով եւ ապագայատեսիլ վերանորոգ գործունէութեամբ:
Անվտանգութեան ուժերը Տիարպաքըրի մէջ կը շարունակեն լայնածաւալ գործողութիւնները ու ծանր հարուածներ կը հասցնեն ահաբեկիչներուն։ Այդ գործողութիւնները մասնաւորապէս կեդրոնացած են Սուրի շրջանին վրայ։ Ծանօթ է, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Ճաբոնական Հոկաիտօ կղզիին վրայ երէկ սկսած է ամենամեայ «Ձիւնի եւ սառոյցի փառատօնը», որու շրջանակներէն ներս տաղանդաւոր քանդակագործներ միլիոնաւոր մարդոց դատին կը յանձնեն սառոյցէ ու ձիւնէ պատրաստուած իրենց հսկայական աշխատանքները: