Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­նուկ­նե­րու ան­մե­ղու­թիւ­նը ար­դիւնքն է՝ ի­րենց պար­զամ­տու­թեան, ան­նեն­գու­թեան եւ դիւ­րա­հա­ւա­նու­թեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ա­սու­լիս մը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ յայտ­նի դե­րա­սան Միւժ­տատ Կե­զէ­նի։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վի­չը, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ը­սինք, որ «աշ­խար­հա­սի­րու­թիւն»ը կը հրա­պու­րէ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ քա­նի որ ա­նոնք տա­կա­ւին չեն ծա­նօ­թա­ցած «կեանք»ին՝ իր զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով։ Ա­նոնք կը ճանչ­նան միա՛յն ի­րենց տե­սա­ծը եւ կ՚ապ­րին «ա­պա­գայ» կո­չուած գրա­ւիչ եւ նո՛յն­քան խա­բու­սիկ ե­րա­զա­յին եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կան շրջա­նա­կի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ բարձր մա­կար­դա­կով խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին վայ­րա­գօ­րէն սպան­նուած մեր հա­մայն­քի ե­րէց ան­դամ­նե­րէն Յա­կոբ Տե­միր­ճիի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ութ հո­գի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հրէա­կան ազ­դու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րա­կու­թեան մը հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ապ­րուի տա­րա­կար­ծու­թիւն մը։ Թէեւ մի­ջո­ցէ մը ի վեր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բե­րուած ընտ­րո­վի մօ­տեց­ման բե­րու­մով Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ կ՚ապ­րուին ո­րոշ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, սա­կայն ե­րէկ այդ ե­րե­ւոյ­թը հա­սաւ ճգնա­ժա­մի մը մա­կար­դա­կին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Եւրոմիութիւնը բարեփոխումներով կը պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանին Հայաստանին ցուցաբերելիք աջակցութեան չափը:
Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը՝ Արեւելեան գործընկերութեան մասին պատգամներով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Րաֆֆի եւ Զիւհալ Փորթագալ ամոլը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց մտերմիկ ընդունելութիւն մը:
Հանրածանօթ գեղարուեստի տան հիմնադրութեան յոբելեանին ձօնուած չորս հրատարակութիւն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Շուէ­տի հնա­գոյն թան­գա­րա­նի՝ Թա­գա­ւո­րա­կան զի­նա­պա­լա­տին մէջ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին Հա­յաս­տա­նի օ­րեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուած են թան­գա­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Շուէ­տի դես­պա­նու­թեան հա­մա­տեղ ջան­քե­րով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Կիւ­վեր­ճին» ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը վեր­ջերս թո­ղար­կած է «Ճամ­բորդ» խո­րագ­րեալ սկա­ւա­ռակ մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրոցն ալ պատ­շա­ճօ­րէն յար­դա­րուած էր այս խրախ­ճան­քին առ­թիւ եւ փոք­րիկ­նե­րը ու­նե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մանց։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի դես­պան Սու­րէշ Պա­պու Թա­տի­փա­նե­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հնդիկ դես­պա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ժամ­կէ­տը կը լրա­նայ, ան հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­պետ Հիւ­սէ­յին Օ­լա­նը։ Քա­ղա­քա­պե­տը եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ անդ­րա­դար­ձան Կարմ­րա­կի Ս. Նշան եւ Տէ­յիր­մէ­նալ­թը գիւ­ղի Ս. Ա­նա­նիա ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բա­րե­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Ան­տա­րա­կոյս, բո­լորս գի­տենք բո­լոր տա­րեց­նե­րու վեր­ջին հանգ­րուա­նը կամ յա­ճախ՝ կեան­քէն վա­ղա­բա­ժան ան­բախտ ճա­կա­տագ­րուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն: Խօս­քը սա­կայն կը վե­րա­բե­րի տա­րեց­նե­րու օգ­նու­թեան կա­րի­քա­ւոր տա­րի­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ ա­նոնց յա­ւէտ բա­ժան­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը այս աշ­խար­հէն:

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

 

Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ Փետ­րուա­րի 8-­12 թուա­կան­նե­րուն հայ­կա­կան 21 ըն­կե­րու­թիւն­ներ միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով մը երկ­րի սննդաար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տը կը ներ­կա­յաց­նեն Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող «Փրոտ Էքս­փօ-2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»ի Թոփ­հա­նէի աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած էր «Հէր ան հէր շէյ օ­լա­պի­լիր»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օ­դա­նաւ­ներ, գնացք­ներ, կառ­քեր… Ձ­­մե­ռնա­յին տասն օ­րուան ճա­նա­պարհ: Ե­րե­ւա­նէն դուրս ե­կանք այն օ­րե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ կրի­փի ա­ռա­ջին տե­սա­կի H1N1 են­թա­տե­սա­կի բռնկում կար, դպրոց­նե­րը գոց էին, հի­ւան­դա­նոց­նե­րը լե­ցուն՝ հի­ւանդ­նե­րով, կը յայ­տա­րարուէր, որ կրի­փի վի­րիւ­սը Հա­յաս­տան հա­սած է դուր­սի եր­կիր­նե­րէն, եւ օ­դա­նա­ւե­րու, գնացք­նե­րու, կա­յա­նա­տե­ղի­նե­րու, օ­դա­կա­յան­նե­րու եւ բո­լոր մար­դա­շատ վայ­րե­րու մէջ, ուր­կէ ան­ցանք տա­սը օ­րը, ա­մէն մէկ փռշտա­ցող, հա­զա­ցող կամ պա­ղա­ռու­թեան նշան ու­նե­ցող անձ մե­զի հա­մար «զինուած» վա­րա­կա­կիր էր, որ­մէ քիչ մը ար­դէն զա­ւեշ­տի հաս­նող զգու­շու­թեամբ կը փոր­ձէինք հե­ռու մնալ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ժո­ղո­վուր­դէն մէ­կը Յի­սու­սի ը­սաւ.- Վար­դա­պե՛տ, ը­սէ՛ եղ­բօրս որ մեր հօր ձգած ժա­ռան­գու­թե­նէն իմ բա­ժինս տայ ին­ծի։

Էջեր