Արխիւ
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Երկնային օրհնութիւններն ընկալելու երկու միջոցներ ունինք. Առաջինը՝ ուղղակի Աստուծմէ մեր հոգիին մէջ իջնող ազդեցութիւնն է առանց ոեւէ միջնորդի: Այս առումով մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ոչ մէկ բան կրնայ մտնել:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջի Միւռոնօրհնութեան մասնակցելու համար այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութեան հետ են նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Հայաստան պատրաստ է ընդունիլ Սուրիոյ մէջ մնացած բոլոր հայերը, եթէ նման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ: Այս մասին «Արմէնփրես» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ այս պահու դրութեամբ Սուրիոյ մէջ 15-17 հազար հայ կայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խօսինք կեանքի մասին, կեանքի ապրումներուն մասին, պահ մը կը մոռնանք, որ կեանքէն աւելի մեծ ճշմարտութիւն մը կայ այդ կեանքին ընթացքին մէջ՝ մա՛հը ամենէն յստակ, անխուսափելի ճշմարտութի՛ւնն է կեանքին, քանի որ ան որ կեանքը կ՚ապրի, պիտի մեռնի, այն որ կը ծնի, արդէն մահուան ընթացքին մէջ մտած կ՚ըլլայ։
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքին վերջին հատուածներէն մին՝ Գլուխ ՂԳ.-ը, վերնագրուած է «Աղօթք թարգմանօրէն վասն սրբալոյս իւղոյն միւռոնի». բաժին մը, զոր հոգեւորականներ կ՚ընթերցեն Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան ժամանակ։ Այսու կը ներկայացնենք հատուած մը յիշեալ աղօթքէն՝ աշխարհաբարի թարգմանուած թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ («Աշխարհաբար Նարեկ», Պոլիս, 1902)։
Օծումը ունի նուիրագործողի եւ սրբագործողի իմաստ։ Այսպէս, Աստուծոյ սպասարկութեան կոչուած անձեր, պաշտօնեաներ, առարկաներ եւ անօթներ կ՚օծուէին ձիթենիի իւղով Աստուածընտիր անձերու ձեռամբ։ Օծումով իշխանութեան կու գային նաեւ թագաւորները, օրէնքով կառավարելու համար իրենց ժողովուրդը։
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ՝ ներկայիս աշխատանք կը տարուի կղզիէն ներս կրօնական գետնի վրայ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է յառաջընթաց եւ ստեղծուած՝ յուսադրիչ մթնոլորտ մը։
Ենիգաբուի հրապարկին վրայ, Կիրակի օր, տեղի ունեցաւ «Միլիոնաւոր շունչ, ահաբեկչութեան դէմ մէկ ձայն» խորագրեալ հանրահաւաքը, որուն նպատակն էր վերջին շրջաններուն պատահած ահաբեկչական շարժումները վարկաբեկել ու ընդդէմ ահաբեկչութեան միասնական ոգին ամրացնել։
«ContourGlobal» ամերիկեան ընկերութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն:
Որոտանի ջրաելեկտրակայանի երեք կառոյցներուն համար նախատեսուած են հսկայական ներդրումներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի «Ալ Աքսա» մզկիթին շուրջ ընթացող բախումները կրնան կրօնական պատերազմի մը պատրոյգը վառել: Անցնող օրերուն գրանցուած բախումները կը դառնային համատարած, երբ Իսրայէլի ապահովական մարմինները յաւելեալ արգելափակումներ կը դնէին մզկիթ մուտք գործել ուզող պաղեստինցի (եւ ոչ միայն պաղեստինցի) մահմետականներուն դէմ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս:
Մեծարանքի հանդիսութիւններ կը պատրաստուին ի պատիւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 17-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծանուն արժէքներէն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի (1908¬1973), որ յատկապէս «Սարդարապատի ճակատամարտը» յաւերժացնող իր յուշահամալիրով՝ բարձրադիր պատուանդան մը նուաճած է հայոց անմահ արժէքներու պանթէոնին ու, իբրեւ այդպիսին, հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ասեղնագործուհի Անահիտ Կարապետեան արդէն քսանհինգ տարիէ ի վեր իւրովի ծառայութիւն մը կը մատուցանէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Շաբաթավերջին օրհնուելիք Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային եւ միւռոնաթափ աղաւնիին ծածկոցները պատրաստած նուիրեալ արհեստաւորը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խօսիլը՝ խօսքը գործածել իրապէ՛ս արուեստ մըն է։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսած ենք. կան մարդիկ՝ որ շա՜տ կը խօսին եւ ո՛չինչ կ՚ըսեն, կան մարդիկ՝ որ սակաւախօս են, քիչ կը խօսին եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7-8-ի լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպետը։
Հայաստանի տնտեսութեան մասին կանխատեսումները չեն պարզեր միանշանակ համայնապատկեր մը:
Միջազգային կարգ մը վաճառանիշերու երկրի շուկայէն դուրս գալու որոշումները ստեղծած են լայն արձագանգ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերաշխուժացման հանգրուանը կ՚ուղղորդուի բազմաբնոյթ վարկածներու քննարկումով: Եդուարդ Նալպանտեան-Էլմար Մամէտեարով ժամադրութեան լոյսին տակ միջնորդները պիտի աշխատին մինչեւ տարեվերջ նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
Թուրքիա կը պատրաստուի հիւրընկալել G-20-ի գագաթաժողովը՝ 15-16 Նոյեմբեր թուականներուն
Անթալիոյ մէջ նախատեսուած մեծ ժամադրութեան պիտի մասնակցին աշխարհի բազում երկիրներէն ղեկավարներ եւ ազդու դէմքեր: Ծրագրին հանգրուանները արդէն սկսած են կեանքի կոչուիլ փուլ առ փուլ զանազան քաղաքներու մէջ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ այս երկուքը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը։ Մանաւանդ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարականը մերձիմաստ համարեց զանոնք։