Արխիւ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չկայ գոյակ մը այս երկնակամարին վրայ, որ «ճշմարտութեան» եւ «անաչառութեան» կողմնակիցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջապատի մարդոցդ, որ ճշմարտութեա՞ն կամ ստախօսութեան կողմնակից են, ընդհանուր յայտարար-պատասխան մը կը ստանաս։ Բոլորն ալ «ճշմարտախօս» եւ «ճշմարտութեան» պաշտպաններն ու ջատագովներն են, որոնք ոգի ի բռին կը փորձեն կեղծամտութեան եւ կեղծպարիշտութեան քօղին տակ սուտը՝ ճշմարիտ, տգեղը՝ գեղեցիկ, յիմարը՝ իմաստուն, անյաջողակը՝ յաջողակ, ապիկարը՝ կարող, անուսը՝ ուսեալ, մեղաւորը՝ անմեղ, անգոյնը՝ երփներանգ ներկայացնել հանրութեան աչքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պուրճ Համուտի աղբանոցին «ծննդոց»ը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Պէյրութը կը կիսուէր երկուքի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկու հազար տարուայ ցան մը՝ արմա՛տ մըն է քրիստոնէական հաւատքը, որ փոխեց մարդկութեան ամբողջ ընթացքը եւ էութիւնը։ Երկու հազար տարի առաջ Քրիստոս իր վարդապետութեամբ հին մարդը վերածեց նոր մարդու եւ նոր հոգիով, նոր միտքով օժտեց ու բարեփոխեց մարդկութիւնը։
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը, ի դէմս Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավար Ռոլանտ Պինքոֆսքիի եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր:
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագրի մը եւս, որով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ սկսած է հենտպոլի (ձեռքի գնդակ) մարզահրապարակի կառուցման:
Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ իր ընկերակիցները։ Ողջունելով հիւրերը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց համահայկական այս կարեւոր կազմակերպութեան ազգանպաստ, ազգանուէր դարաւոր գործունէութիւնը։
«Հայաստան քայլերու պէտք է ձեռնարկէ իր անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար»:
Նախարար Վիգէն Սարգսեանի խօսքերով, տարածքաշրջանը չի կրնար ունենալ այլ ապագայ:
Հնդկաստանի փոխ-նախագահ Համիտ Անսար կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան կը պատրաստուի ձեռնարկել դէպի Հայաստան եւ Լեհաստան շրջագայութեան մը, որուն առաջին փուլը պիտի հադիսանայ Երեւան։ Հնգօրեայ այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Համիտ Անսար Ապրիլի 24-ին պիտի գտնուի Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 Ապրիլի հանրաքուէի արդիւնքները կը վիճարկուին երկրի ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ։
Շաբաթավերջի նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ֆրանսայի մէջ դարձեալ ահաբեկչութիւն:
Շան զ՚Էլիզէի աշխարհահռչակ պողոտային վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն ոստիկան մը սպաննուեցաւ, երկու ալ վիրաւոր:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին յառաջիկայ շրջանին նոր թափ մը տալ իրենց բազմակողմանի համագործակցութեան:
16-17 Մայիսին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ պիտի տեսակցի Տանըլտ Թրամփի հետ:
Մարսէյլի մէջ վերջերս նշուեցաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ այս երգչախումբը կը գործէ չորս տասնամեակէ ի վեր եւ իր նմաններու շարքին սփիւռքեան իրականութեան մէջ ունի շատ յաւակնոտ դիրք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, իր ստեղծումէն ի վեր կը ջանայ հասնիլ կատարելութեան, աւելի եւս զօրանալ եւ աւելի անթերի ըլլալ ամէն տեսակէտով։ Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է կատարելագործուելու՝ ինչպէս բնութիւնը տեւապէս բարշրջման ընթացքով կը բարեփոխուի, կը կատարելագործուի։
Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աղքատախնամ տիկնանց կազմը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Աթագիւղի մէջ։ «Նոսսա-Քոսթա» ճաշարանին մէջ համախմբուեցան թէ՛ թաղեցի եւ թէ այլ զանազան թաղերէ փութացած համակիր տիկիններ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 18-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր գրականութեան դասական մեծութիւններէն Ալեքսանտր Մովսիսեանի (1858-1935), որ արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ ծնած ըլլալով, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզատէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր լուսաւոր տեղը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Զատիկ մըն ալ անցաւ, գնաց: Մեր կեանքի տօնական առիթներէն հատ մը եւս գլորեցաւ: Կեանք: Ի՞նչ է արդեօք անիկա: Կը խօսինք, կը հաղորդակցինք մեր հարազատներուն հետ, բոլորը հեռու, փառք կու տանք Բարձրեալին, որ կան գոնէ այս համացանցային հաղորդակցութեան միջոցները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ջուրը մարդուս կեանքին համար անհրաժեշտ տարր մըն է։ Արդարեւ, մարդկային մարմնին բաղադրիչներուն մէջ կարեւոր եւ բարձր համեմատութեամբ տեղ կը գրաւէ ջուրը։ Մարդ իր էութիւնը պահելու եւ կարենալ տեւականացնելու համար ջուրի պէտքը ունի եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ այց մը տուաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, ուր ներկայ էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողկիէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Քաղաքապետն ու իր ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Զէքիեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ