Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան բաժ­նի ղե­կա­վար Լե­ւոն Աւ­տո­յեան կը ներ­կա­յաց­նէ հայ գրքա­րուես­տի ա­ւան­դոյթ­նե­րը գրա­դա­րա­նի փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին: «Ար­մէնփ­րէս» կը տե­ղե­կանց­նէ վկա­յա­կո­չե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը, Աւ­տո­յեան «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ» խո­րա­գրով դա­սա­խօ­սու­թիւ­ն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, հա­մա­ձայն կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րուն, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին պի­տի սկսին Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը կը միա­նայ ա­նուա­նի ա­րուես­տա­գէտ ու Պեռ­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի այն կո­չին, որ կը վե­րա­բե­րէր Եւ­րո­պա ժա­մա­նող գաղ­թա­կան­նե­րը Ֆրան­սա­յի հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րուն եւ քա­ղաք­նե­րուն մէջ ըն­դու­նե­լու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 24 Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­մա­հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը։ Փա­ռա­տօ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ը եւ նուի­րուած պի­տի ըլ­լայ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը 2-3 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­թէն­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Քրիս­տո­նեայ-իս­լամ խա­ղաղ հա­մա­գո­յակ­ցու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս» խո­րագ­րեալ հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին։ Այս առ­թիւ ան ար­տա­սա­նեց նաեւ իր խօս­քը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ե­րէկ, Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս նշա­նա­կու­մը կա­տա­րեց երկ­րի Սահ­մա­նադ­րու­թեան 55-րդ յօ­դուա­ծի չոր­րորդ կէ­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

«Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի շըր-ջագ­ծով, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հա­կա­ռա­կորդ մար­զա­դաշ­տի վրայ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Սեր­պիոյ հետ։ Ար­տագ­նայ խա­ղի ար­դիւն­քին հայ­կա­կան ընտ­րա­նին 2-0 զի­ջեց իր մրցակ­ցին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

1915-ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն հա­րիւր տա­րի անց պատ­մա­կան դէպ­քե­րը պաս­տառ կը բարձ­րա­նան եր­կու մա­նուկ­նե­րու հա­յեաց­քով՝ «Կո­րու­սեալ թռչուն­ներ» շար­ժա­պատ­կե­րի մի­ջո­ցով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

Հա­յազ­գի կրոս­մաս­թըր Լե­ւոն Ա­րո­նեան Սենթ Լուի­զի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) մէջ ա­ւար­տած ճատ­րա­կի «Սին­քուե­ֆիլտ Քափ»ի մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին սեւ քա­րե­րով հա­ւա­սա­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­լէ ետք Վե­սե­լին Թո­փա­լո­վի (Պուլ­կա­րիա) հետ, տի­րա­ցաւ մրցա­շար­քին տիտ­ղո­սին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

Մար­տի­նի Տար­կե­չիթ գա­ւա­ռա­կէն ե­րէկ հա­սաւ չորս ոս­տի­կան­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան դժբախտ լու­րը։ ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­տա­րած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցան ա­պա­հո­վու­թեան տե­սուչ Իպ­րա­հիմ Հա­լիլ Աք­սօյ, ոս­տի­կան­ներ Ահ­մէտ Ա­քա­լըն, Հիւ­սէ­յին Պալ­թա եւ Ա­քիֆ Հա­թու­նօղ­լու։ Մար­տի­նի կու­սա­

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

​Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Վահագն Յովնանեանի յուղարկաւորութեան:
Յայտնի բարերարին նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց նաեւ Սերժ Սարգսեան:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեանի համակարգմամբ եզակի ձեռնարկ մը՝ Tütün Deposu-ի մէջ:
Սահմաններէն եւ լեզուէն անդին պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւններ՝ արուեստագէտներու աչքով:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 3:
Հայկական արժէքներու հրապոյրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է համամարդկային մշակոյթին հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, իսկ յայտնի անունները կը բազմապատկեն հետաքրքրութիւնը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կը մաս­նակ­ցի ի­մաս­տու­թեան եւ բա­րու­թեան Ա­րար­չին, որ կու տայ ա­նոր իր ա­րարք­նե­րուն տի­րա­պե­տե­լու եւ ինք­զինք կա­ռա­վա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թեան եւ բա­րիին հաս­նե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015

Պեր­լի­նի մէջ Սեպ­տեմ­բեր 5-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ գեր­մա­նա­կան «Հայն­րիխ Պէօլ» հիմ­նար­կի կազ­մա­կեր­պած «Ան­ցեա­լի ներ­կան. 1915-ի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի անց» խո­րագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի ա­մէն ապ­րում­նե­րու եւ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ար­ժե­չափ՝ «standard» մը ու­նե­նալ կա­րե­ւոր է ան­հա­տա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ՝ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռո՛ղջ մշակ­ման հա­մար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 2:
Իսթանպուլահայ վարժարանները կը հանդիսանան այն հիմնական լծակը, ուր կարելի է նոր սերունդը հաղորդ դարձնել մեր ժառանգութեան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Մոնթ­րէա­լի մէջ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ին «Փո­լաք Հո­լ­»ի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու վաս­տա­կին նուի­րուած հա­մերգ մը, գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­րա­ժիշտ եւ դա­սա­խօս Յաս­միկ Ին­ճէ­ճի­կեա­նի։ Ստո­րեւ՝ Գա­նա­տա­յի «Ա­պա­գայ» օ­րա­թեր­թէն քա­ղե­լով կը ներ­կա­յաց­նենք այս հա­մեր­գին ման­րա­մաս­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Յաս­միկ Ին­ճէ­ճի­կեա­նի հետ կա­տա­րուած հար­ցազրոյ­ցը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Ֆութ­պո­լի Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի եւ Գերմանիոյ  «Պո­րու­սիա Տորտ­մուն­տ»ի կի­սա­պաշտ­պան Հեր­նիխ Մխի­թա­րեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ բա­րե­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955-ի տխուր դէպ­քե­րուն 60-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ «Իս­տոս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց խիստ հե­տաքրք­րա­շարժ պատ­կե­րա­գիրք մը՝ «Պատ­րիար­քա­կան լու­սան­կա­րիչ Տի­միթ­րիոս Քա­լու­մե­նո­սի ոսպ­նեա­կէն 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955-ը» խո­րագ­րով։

Էջեր