Արխիւ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապին պատերազմական վերջին զարգացումները կրնան ճանապարհ հարթել քաղաքական նոր հանգրուանի մը: Վերջին հանգրուանին սուրիական տագնապին համար Մոսկուայի մէջ կայացած ժողովը դրական արդիւնքներու չյանգեցաւ: Ռուսաստանի կողմէ գործադրուող ճիգերը ապարդիւն պիտի անցնէին, որովհետեւ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունեցող Սուրիոյ ընդդիմութեան չափաւորական թեւերը չմասնակցեցան այդ ժողովին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի մէջ՝ մնասներու առակը նմանութիւն ունի քանքարներու առակին հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-20) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-28)։ Քանքարը ծանրութեան հին չափ մըն է՝ մօտաւորապէս 45 քիլօ, որ այդ ծանրութեամբ ոսկի կամ արծաթի կը համապատասխանէր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող շաբաթը, շատ մը այլ կարեւոր իրադարձութիւններու կարգին Հայաստանի մէջ նշանաւորուեցաւ նաեւ հայերէ կազմուած ամենանշանաւոր երաժշտական խումբի՝ աշխարհահռչակ System of a Down-ի համերգով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Հազարաւոր երիտասարդներ անձրեւին տակ երեք ժամէ աւելի ունկնդրեցին վերակազմաւորեալ խումբին ելոյթին:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ APA գործակալութեան:
Կրիկորի Քարասինի համոզմամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին փոփոխութիւնը կրնայ քայքայել բանակցութիւնները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցաւ Ապրիլի 24-ը, սակայն արձագանգները տակաւին կը շարունակուին։ Առնուազն մինչեւ Յունիսի 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ այս հարցը օրակարգի վրայ կրնայ գտնուիլ. այդ ալ բաւական ամբոխավարական տրամադրութիւններով։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս սրբատեղին թէ՛ նոր է եւ թէ միեւնոյն ժամանակ վերանորոգեալ։
Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկ մը կազմակերպուած է ի յիշատակ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է մամուլի մէջ, հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին
Կեդրոնական վարժարանի կազմակերպութեամբ կայացաւ Արա Կիւլէրի անուան ձօնուած լուսանկարչական չորրորդ մրցանքը՝ մասնակցութեամբ 100-ամեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Այս տարուան մրցանքին մասնակցեցան 12 լիսէէ 56 աշակերտ՝ 143 լուսանկարով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի հակասութիւնները զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ են։ Արդարեւ, ամէն նեղութիւն եւ տրտմութիւն մարդուս մէջ կը վերածուին խորհրդաւոր ուրախութեան մը՝ հեռապատկեր մը եւ մեծութիւն մը ստեղծելով անոր ներաշխարհին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երա՜զ մը տեսայ. վարդաստան մը, պարտէզ մը՝ ուր մարդիկ սիրով կը խօսէին, սիրով կը վարուէին իրարու հետ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի «Լինել Աստուած (Մարդու աստուածացման եռաստիճան ճանապարհը ըստ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վարդապետութեան)» գիրքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբու առայժմ լուռ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ծրագրուած դիմումը ի վերջոյ կատարուած է։ Անցեալ տարի Սեպտեմբերին Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ տեղեկացուցած էր այս մասին առաջին անգամ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտներուն համար վերջին շաբաթներուն կազմակերպուեցան ընկերամշակութային բնոյթով զանազան ձեռնարկներ։ Այդ ծիրին մէջ առանձնապէս հետաքրքրական էին տղոց իրականացուցած պտոյտները։
Էսաեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը վերջին երկու օրերուն առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Ծնողաց միութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ ջանքերով վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած այս աւանդական ձեռնարկը իսկապէս փայլուն անցաւ՝ ինչպէս այցելուներու թիւին, այնպէս ալ ներկայացած առարկաներու ճոխութեան ու որակին տեսակէտէ։
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան վերջերս ունեցաւ խորհրդանշական հիւր մը։ Այսպէս, իր այցելութեան փութաց Լաքի Վինկաս, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը։ Անտարակոյս Թորոս Ալճանի տեսանկիւնէն զգացական խոր նշանակութիւն ունեցաւ այս այցելութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։