Արխիւ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը արձանագրեց լուրջ յաջողութիւն:
Աշխարհի բազում երկիրներէն Երեւան մեկնած ժողովականները կը վերադառնան բարձր տրամադրութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն բախտորոշ պահերէն մին է՝ վերջին գիշերուան մութին մէջ ապրած պահերը, ուր մարդկային չարութիւնը եւ աստուածային բարութիւնը պայքարի մէջ էին։ Ահաւո՜ր պահ մըն էր, որ կ՚ապրէր Յիսուս այդ վայրկեանին։
ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած քննարկումներու շարքով ձեւաւորուեցաւ ապագայ Հայաստանի ուրուականը:
Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ:
Երեւանի մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համաժողովին շրջագծով տեղի ունեցան նաեւ շարք մը պարգեւատրումներ։ Այս շրջագծով յատկանշական էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ծրագրերու գծով տնօրէնուհի Անիթա Անսէրեանի պարգեւատրուիլը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ մասնակցեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկին։ Համերգի ընթացքին ան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ:
Պերճ Սեդրակեան. «Մեր աշխատանքները ուղղուած են հզօր հայրենիքի մը կերտման նպատակին»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մա՛րդ չ՚ուզեր խօսիլ մահուան մասին, բայց ինչպէ՞ս չխօսուի անոր մասին, երբ գրեթէ ամէն օր կը դիմաւորուի մահուան իրողութեան հիտ՝ երբեմն իր մերձաւորին, երբեմն սրտակից բարեկամի մը, եւ երբեմն ալ բոլորովին անծանօթ մէկու մը միջոցով՝ թերթի մը կամ հեռատեսիլի մը լուրին մէջէն։ Անշուշտ մարդուս հակազդեցութիւնը տարբեր կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր մահուան լուրին նկատմամբ, ամէն մահ նոյն ազդեցութեամբ չի տպաւորեր, մերձաւորի մը, հեռաւորի մը կամ բոլորովին անծանօթի մը մահը տարբեր է մարդուս համար։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ս. Զատկի տօնակատարութիւններուն ընթացքին տեղեկացուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը ինչ կարգադրութիւններ նախատեսած է յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին համար, մինչ համայն աշխարհի հայութիւնը պիտի նշէ 2015-ի տարելիցը։
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ համայն հայութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տիրոջ Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեսկ. Աթէշեան հանդիսապետեց Գումգաբուի արարողութիւններուն:
Սուրբ Զատկի աւանդական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղփառաց Տիեզերական Պատրիարքը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաղը երեկոյեան մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր անուններէն սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Էլմատաղի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ։ «Ծովափներէն տպաւորութիւններ» խորագրեալ այս երաժշտահանդէսը նախատեսուած է թատերական շանի ձեւաչափին մէջ, տաւիղի նուագահանդէսով հանդերձ։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում ուղղութիւններով։ Այս շրջագծով նախընթաց օր Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Նինտիա Ճանելիծէի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազի հանդիպումը։
Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներուն աւագ պաշտօնեաները քննարկեցին իրենց մօտեցումները։
Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵՄ-ի հետ գործակցութիւնը խորացնելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի կողմէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլի 7-8-ին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան համագումարը՝ Երեւանի մէջ:
Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն հաշուետուութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս իր ամբողջ կեանքով եւ մանաւանդ իր կեանքին վերջին եօթնեակին ցոյց տուաւ, թէ անմահութիւնը միայն «մահէն ազատ ըլլալ»ու հոգեկան գոյավիճակ մը չէ՛։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին իր զանգերու զուարթ ղօղանջով կ՚ազդարարէ տօնական աւետիսը:
Տաղաւարի ցնծութեամբ համակուած աշխարհացրիւ հայութիւնը կը սպասէ իր հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Անգամ մը եւս մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Դատարկ Սուրբ Գերեզմանէն աւանդուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը այս տարի եւս կու գայ պարուրել մեզ, ու զգացնել՝ իր հրաշագործ զօրութիւնը։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարին» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ։
«Միջազգային իրաւունքի դրսեւորումները մեծաւ մասամբ կը ձեւաւորուին քաղաքական ազդեցութիւններով»։