Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պէյրութի մէջ մահացած է լիբանանահայ գրող, ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Գալայճեան):
Թուրքիոյ հրեայ համայնքը նախընթաց օր ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, Էտիրնէի մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգեալ Մեծ սինակոկի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
«ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը (19-րդ դար-1914)»:
Արման Կիրակոսեանի գրքին շնորհանդէսը երէկ տեղի ունեցաւ ԵՊՀ-ի մէջ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին բերումով։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ի գործ կը դնէ վստահութեան ձեւաւորումը մերժման քաղաքականութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, թէ խաթարելով բանակցային խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ Ատրպէյճան դարձեալ գործի կը դնէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման դրութիւնները մերժելու ուղղեալ քաղաքականութիւնը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդառաջ խիստ ոճով հանդէս կու գայ Երեւանի հասցէին:
Էրտողան եւ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ:
Դէպի Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Փեքինի համալսարանին մէջ։ Ուսանողներուն եւ դասախօսներուն առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստան իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին գտնուած է երկու աշխարհներու՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանագծին, ինչ որ հայ ժողովուրդը ընկալելի դարձուցած է թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Ասիոյ համար։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դ. Դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ հոգեւոր փայլուն համերգով մը:
Խմբավար Ատրուշան Հալաճեան եւ իր սաները պանծացուցին հայկական երաժշտութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Սեփական լրատուութիւն.-
Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենան եզրափակիչ փուլի գիտական նիստերը։
ՀԲԸՄ, EGAM եւ «DurDe»կը շարունակեն իրենց համագործակցութիւնը այս տարի եւս։
Ապրիլի 24-ի սեմին կը շեշտուի մարդկային հարթութեան վրայ ոգեկոչման կարեւորութիւնը։
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսէն վերջ Tarih Vakfı-ի երդիքին տակ ասուլիս:
Ըստ ընկերաբան Նեշէ էօզկէնի, Թուրքիա-Հայաստան սահմանին փակ մնալը կը խոչընդոտէ յիշողութեան փոխանակումները:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ։ Իր այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Աւստրալիոյ հայութեան մօտ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպեց դասընթացք-համաժողով մը՝ ընտանիքներուն հոգեւոր աջակցութիւն մատուցելու ուղղեալ ծրագրի շրջանակներէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 7-րդ Կիրակին նուիրուած է Քրիստոսի Սուրբ Երուսաղէմ գալստեան յիշատակին։ Աւետարանական-պատմական գալուստ մըն է այս բարեպատեհ դէպքը՝ բոլորովին տարբեր միւս գալուստներէն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները անդրադարձան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ համագործակցութեան ընթացքին։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ համախմբեց երկրի շարք մը նախկին վարչապետները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, «Վարչապետներու ակումբ» կոչուած այս հաւաքոյթը առաջինը եղաւ իր նմաններու շարքին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ որպէս իր արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ընտանիքին կողմէ երեք արժէքաւոր ներկայացուցիչներ՝ Անի Սարաճան, Սարօ Սիրականեան եւ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները անդրադարձան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ համագործակցութեան ընթացքին։
Մեսուտ Թուֆանի եւ Զաւէն Խաչիկեանի գործերը կը ցուցադրուին Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Կարսի, Կիւմրիի եւ պատմական Անիի նկարահանումներուն փայլուն արդիւնքը կը գործէ խոր տպաւորութիւն ցուցահանդէսի բոլոր այցելուներուն վրայ - Ձեռնարկը բացուեցաւ Աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի խօսքով։