ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ուսումնասիրել եւ ներկայացնել Եկեղեցւոյ անդամ «անձ»երու իրաւունքները եւ պարտականութիւնները՝ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր օրէնք եւ կանոններուն համաձայն։
ԴՊԻՐՆԵՐ
«Դպիր»ները եկեղեցական աստիճաններու խոնարհագոյն դասակարգը կը կազմեն։ Չորս աստիճանները, ընդհանրապէս միասին կը տրուին եւ այս աստիճանները ստանալէ ետք՝ անոնք «դպիր» կը կոչուին՝ որոնք ունին հետեւեալ իրաւունքները։
Դպիրները ունին իրաւունք.
1.- Եկեղեցական շապիկ հագնելու,
2.- Մոմ բռնելու,
3.- Զանգակ հնչեցնելու,
4.- Եկեղեցւոյ դուռը բանալու,
5.- Եկեղեցին աւլելու,
6.- Եկեղեցւոյ մէջ փոխեր եւ ճաշու գիրքեր կարդալու, շարականներ ու տաղեր երգելու,
7.- Դիւահարներ երդուընցնելու եւ դեւերը հանելով հիւանդները բժշկելու,
8.- Եկեղեցւոյ կանթեղներն ու մոմերը վառելու եւ մարելու, անոնց խնամք տանելու։
ՈՒՐԱՐԱԿԻՐՆԵՐ
«Ուրարակիր» կը կոչուին այն դպիրները՝ որոնք եպիսկոպոսի մասնաւոր արտօնութեամբ կրնան ուրար կրել պաշտամունքի ժամանակ։
Ուրարակիր դպիրներուն իրաւունք տրուած է կիսասարկաւագին եւ սարկաւագին վերաբերող շատ մը պաշտօններ կատարելու, ինչպէս.
1.- Խնկարկել,
2.- Քշոց կրել,
3.- Ճաշու Աւետարան կարդալ,
4.- Սպասները մատուցանել,
5.- Պարապ սկիհը վերցնել,
6.- Պատարագիչը զգեստաւորել։
ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ
Ըստ Եկեղեցական տուեալ կանոններու, ինչպէս կ՚ըսէ Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան իր «Կանոնագիտութիւն» գիրքին մէջ, հրատարակուած 1992 թուականին, ներկայիս կիսասարկաւագութիւնը մեր մէջ դադրած է մնայուն աստիճան մը ըլլալէ եւ վերածուած է լոկ «փոխանցման քայլ»ի մը։ Հին ատեն կիսասարկաւագութիւնը մնայուն եւ կարեւոր աստիճան մըն էր։
Եւ դարձեալ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններու՝ «կիսասարկաւագ»ը չէր կրնար ամուսնանալ։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ
«Սարկաւագութիւն»ը առաջի՛նն է եկեղեցական մեծ, կարեւոր եւ հիմնական աստիճաններուն։
Սարկաւագը, բացի Ե. հատուածին մէջ յիշուած պաշտօններէն, իրաւունք ունի նաեւ վերաբերում ընելու։ Վանական սարկաւագները իրենց ձեռնադրութենէն առաջ կը կատարեն կուսակրօն ապրելու ուխտ։
Ըստ Եկեղեցական Կանոններու (Ժ. Սսոյ. Կան. Գ), սարկաւագը քսան տարեկանէն պակաս պէտք չէ՛ ըլլայ։
Արդարեւ, Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, ձեռնադրութեան հետ միասին ձեռնադրուող անձը կը ստանայ «առանձին հոգեկան շնորհք»ներ այդ աստիճանի համապատասխան գործողութիւններ կատարելու համար։
Սարկաւագի պարտաւորութիւնները՝ պատարագի ժամանանկ ընդունիլ ժողովուրդին նուէրները, եկեղեցւոյ մէջ քարոզկարդաց ըլլալ, Աւետարան կարդալ, Ս. Սեղանի վրայ գտնուած սրբազան իրերու եւ անօթներու պահպանումը, հսկել եկեղեցւոյ կարգապահութեան, լռութեան, վերաբերում ընել եւ երբեմն բռնել սկիհը կամ թաշկինակը։ Եկեղեցական ընդհանուր օրէնքով, սարկաւագները իրաւունք չունին ո՛չ մկրտութիւն կատարելու եւ ո՛չ քարոզելու, բայց հին ժամանակներուն բացառութիւններ մի՛շտ կ՚ըլլային, զոր օրինակ՝ Ոսկեբերանը, Եփրեմ Ասորին սարկաւագ ժամանակ քարոզած էին եկեղեցւոյ մէջ։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐ
Սարկաւագուհիներ կրնան կատարել սարկաւագներուն յատուկ բոլոր պաշտօնները։ Ասոնք՝ որ պարտաւոր են «կուսակրօնութեան ուխտ» կատարել եւ ապրիլ կուսանոցներու մէջ։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
Բա՛րձր է քահանային սրբազան պաշտօնը։
Քահանան հոգեւոր հովիւ է հաւատացեալներուն եւ պատասխանատո՛ւ Աստուծոյ առջեւ անոնց հոգիներուն առողջութեան եւ փրկութեան համար։
Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններու՝ քահանայացուն պէտք է.
1.- Երեսուն տարեկան ըլլայ։ Իսկ Սսոյ ժողովի կանոններուն (Գ.) քսան եւ հինգ տարեկանէն պակաս չըլլայ։
2.- Ամուսնացած ըլլայ նախքան սարկաւագ ձեռնադրուիլը։
3.- Ունենայ որոշ չափով ուսում, մասնաւորաբար Եկեղեցւոյ վերաբերեալ նիւթերու շուրջ (ԾԽ. Կանոն 59 ա)։
Քահանան իրեւունք ունի կատարելու հետեւեալ ծէսերը եւ խորհուրդները.
1.- Մկրտութիւն,
2.- Դրոշմ,
3.- Ապաշխարութիւն,
4.- Հաղորդութիւն,
5.- Պսակ,
6.- Հիւանդաց Կարգ։
Իսկ Քահանային պարտականութիւններն են.
1.- Այցելել իր ծուխերուն կանոնաւոր կերպով, տարին շուրջ վեց անգամ։ Սուրբ Ծնունդին եւ Սուրբ Զատկին օրհնել բոլոր ժողովուրդին տուները։
2.- Հոգեւոր եւ բարոյական կեանքի սկզբունքներ հաղորդել եւ տարածել։
3.- Ըլլալ «տիպար հաւատացեալ» իբր տիպա՛ր եւ օրինակ իր ժողովուրդին։
Քահանան պէ՛տք է.
1.- Իր եպիսկոպոսէն ձեռնադրութիւն ընդունի՝ հաւանութեամբ իր ժողովուրդին։
2.- Երեք օր հրաժարի իր կնոջ մերձենալէն՝ Սուրբ Պատարագ մատուցանելէ առաջ. (Թադ. Ժգ)։
3.- Հայրապետական մասնաւոր արտօնութիւն ստանայ երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքելու համար (Կոնդակ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի)։
4.- Ունենայ շուրջ 250 ծուխ, ընտանիք։
Քահանան պէտք չէ.
1.- Իր եկեղեցին եւ ժողովուրդը լքէ եւ երթայ ուրիշ քաղաք. (Նիկ. 15)։
2.- Ստանձնէ որեւէ աշխարհիկ գործակալութիւն։
3.- Ուրիշ քահանայի մը կողմէ բանադրուած եւ կամ վտարուած յանցաւոր մը իր եկեղեցին ընդունի. (Շնորհ. 36) եւ (Բրս. 270)։
4.- Գահասիրութեամբ եւ փառամոլութեամբ իր ընկերներուն հակառակի։ Արդարեւ, Եկեղեցւոյ մէջ «նախաթոռ» է այն՝ զոր Աստուծոյ շնորհքը ընտրեց նախ՝ իբրեւ քահանայ (Բ. Դուին Ժ.)։
5.- Իր պաշտօնակիցները, լծակիցները զրկէ անոնց ծուխը կամ հասոյթը յափշտակելով։
6.- Երդում ընէ։
7.- Ապաշխարանքի մը խոստովանութիւնը յայտնէ. (Բ. Դուին 19)։
ԱԲԵՂԱՆԵՐ
Կուսական քահանաները կը կոչուին «Աբեղայ». անոնք կ՚ապրին վանքերու մէջ (Առք. Լգ) եւ կը կրեն վեղար։
Աբեղաներու, այսինքն կուսական քահանաներու վերապահուած է եկեղեցական բարձրագոյն աստիճանները։
- Յաջորդով պիտի շարունակուի՝ «Վարդապետ», «Քորեպիսկոպոս», «Եպիսկոպոս», «Արքեպիսկոպոս», «Պատրիարք» եւ «Կաթողիկոս» նիւթերով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025