Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Հարկ է նշել, որ այս պատմական եկեղեցին արդէն 350-ամեայ յոբելենական շրջանը թեւակոխած է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Բարոյական գերազանց սկզբունքներ կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական եւ համատարած են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենական, անժամանակ են անոնք։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Համամարդկային գրականութեան մէջ կան գոհարներ, որոնք հակառակ ժամանակի հնութեան՝ հրաշալի կերպով կը շարունակեն մնալ անժամանակավրէպ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Անգարայի նախատեսած հունով՝ Պաքու եւ Դամասկոս հիմք կը դնեն ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան:
Սուրիայէն պաշտօնական այցելութիւն դէպի Ատրպէյճան, ուր դիւանագէտներու միջեւ գաղտնի շփումներ տեղի ունեցած են Իսրայէլի հետ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Այս տարի 22-րդ անգամ կը կազմակերպուի փառատօնը, որու բացման փուլին ցուցադրուեցաւ Իրանէն յայտնի բեմադրիչ Զաֆար Փանահիի «Պարզ պատահար մը» գործը, որ Քաննի մէջ արժանացած էր Ոսկէ արմաւենիի մրցանակին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին ցոյցեր սկսան՝ Արցախի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ մը։ Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ այս բողոքը արդէն անժամկէտ նստացոյցի մը ձեւաչափով կը շարունակուի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Դերասանուհի, թատերական գործիչ Պերճուհի Պէրպէրեանի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025

Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ռուսաստանի հետ խտացեալ աշխատանքի մէջ է՝ ապահովելու համար Ուքրայնայի հակամարտութեան վերջանալը։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Տրդատ թագաւոր՝ Հայոց թագաւորը Արշակունի ցեղէ, որդին է Խոսրով Ա.-ի։ Երբ հայրը Խոսրով Ա. Սպաննուեցաւ, դեռ մանուկ էր Տրդատ եւ իր քոյրը Խոսրովիդուխտ եւ Արտաւազդ Մանդակունի, խորհելով որ մի գուցէ վտանգուի ամբողջ արքունական տունը, Տրդատը Կեսարիա փախցուց։

 

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ինչպէս գիտենք, Թուրքիա հայոց դէմ գործուող անարդարութիւններուն դիմաց մնաց անտարբեր եւ, անշուշտ, լաւապէս կը գիտակցինք, թէ այդ անտարբերութիւնը Գերմանիոյ քաղաքական շահերը պաշտպանելու համար էր, սակայն, Խատիսեանի իսկ վկայութեամբ Պոլսոյ գերման դեսպանը համամիտ չէր այդ անտարբերութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Թորոնթոն բոլորովին ուրիշ քաղաք մըն էր: Առտու կանուխ էր, երբ քաղաք հասայ։ Առաջին ակնարկով չկրցայ գտնել  Յակոբը։

 

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ կնոջ դերի մասին շատ խօսուած է։ Անոր պայքարելու ընդունակութեան, քաջութեան ու ստեղծարար ոգիին մասին կարելի է գրել էջերով։

 

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Հայաստան ծնած եմ եւ երբեք չեմ զգացած, որ պէտք է պայքարիմ ինքնութիւնս պահելու համար։ 2003 թուականին տեղափոխուեցայ Պարսելոնա եւ խումբ մը հայերով զգացինք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծնած է 6 դեկտեմբեր 1902-ին, Շապին Գարահիսարի Թամզարա աւանը:

 
Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած քահանայից տարեկան հաւաքի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ ծագած տագնապի պայմաններուն ներքեւ։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

​Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025

​ՓՔՔ կազմակերպութեան երեսուն անդամէ բաղկացեալ խումբ մը երէկ զէնքերը հրկիզեց Հիւսիսային Իրաքի Սիւլէյմանիէ քաղաքի մերձակայքին։ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս անկիւնադարձային, պատմական նշանակութեամբ իրադարձութիւն մը եղաւ այս մէկը, ինչ որ աստիճանաբար կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքական համայնապատկերը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025

Երէկ, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ համայնքային շրջանակներուն կողմէ ընկալուեցաւ թէ՛ ուշադրութեամբ եւ թէ յուզումնախառն զգացումներով։ Այսպէս, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան նոր ատենապետը դարձած է Արթին Քիլեճի։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025

Ռուսաստանի 102-րդ ռազմակայանը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ, երէկ երեկոյեան պատահած ծանրակշիռ դէպքով մը հանրային կարծիքի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ։

Էջեր