Արխիւ
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ Արման Սաղաթելեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս որոշումը առնուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան խորհուրդին կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ շփումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Կասպրչիկ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման շուրջ միջազգային բեմահարթակի վրայ անընդհատ որոնումներ:
Հալէպի շրջանին ռազմավարական փոփոխութիւն:
Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ: Ըստ Լաւրովի, հրադադար մը կրնայ հաստատուիլ Թուրքիոյ սահմանի հակակշռուելով:
Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմէտ Փաչաճը երկար ժամանակ վերջ պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին գլուխը:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը Հայաստան պիտի այցելէ այս տարի ո՛չ թէ Ապրիլին, այլ Մայիսին՝ Անգարայի հակազդեցութիւնը կանխելու համար:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս այցելեց Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա յայտարարեց, որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները քանի մը օրուան ընթացքին պիտի աւարտին Ճիզրէի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի իր շփումները տեղի պիտի ունենան այս ամսուան կէսերուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Եդուարդ Նալպանտեան մօտակայ օրերուն նոր հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
ՀԲԸՄ կը ձգտի ընդարձակել իր ազգային առաքելութեան ծիրը եւ գործելաոճի զարգացման ուղղութեամբ հետամուտ է նոր քայլերու։
Ռուբէն Վարդանեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան. «Ուրախ եմ, որ այս ընտրութիւնը յատկանշական քայլ մը կը հանդիսանայ՝ ի նպաստ մեր նախաձեռնութիւններուն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քսաներորդ դարու հայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներուփաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը ունի Յովսէփ Կարալեան (1897-1981), որուն ծննդեան 119-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 1-ին։
Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայոց բազմակողմանի կարիքներու դիմագրաւումը միշտ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս առումով երէկ Երեւանի մէջ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ նոր հոգեւորականներու ձեռնադրութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բայց մինչեւ այս բանակին երկիր հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան համբաւը հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուցած։ Մինչ վիճակաւոր եպիսկոպոսներն ալ իրենց վիճակները վերադարձած էին, քորեպիսկոպոսները՝ գիւղերն ու աւանները, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւղացիները եւ ազատները պէ՛տք է պաշտպանեն եկեղեցին իրենց հաւատուրաց իշխաններուն դէմ՝ կռուին եւ պատժեն զանոնք։
Օքսֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քաունսըլի համատեղ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ֆրանսախօս վարժարաններու ուղղագրական, բանաւոր եւ գրաւոր հարցաշարքերուն պատասխանելով՝ լիբանանահայ Ալեքս Պուտաքեան հանդիսացած է երկրորդ մրցանակակիր:
Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներուն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երախաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին գրած է CNN-ը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան վերջերս մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ առաջնորդութեան կողմէ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեակ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը փափաքի տեսակցիլ իր հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Երեւան եւ Թիֆլիզ կը համագործակցին տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ:
Սէյրան Օհանեանի համոզմամբ, անվտանգութեան տարբեր համակարգերու մէջ գտնուիլը չի խանգարեր, որ Հայաստան եւ Վրաստան ստեղծեն հարեւանային հնարաւորութիւններ: Թինաթին Խիտաշելի խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ իր երկրի մշակած ռազմավարական յարաբերութիւններուն եւ անոնց կարեւորութեան մասին:
Թուրքիոյ օրակարգին վրայ մշտական տեղ կը զբաղեցնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով անվտանգութեան ուժերուն կողմէ յառաջ տարուած լայնածաւալ գործողութիւնները։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ դարձեալ ցաւալի լուրեր հասան Տիարպաքըրէն։

