Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները, որոնց շարքին էր նաեւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան։ Հանդիպման ներկայ էին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր Լանտրուտը, որ Անգարայի մէջ արդէն աւարտելու վրայ է իր պաշտօնավարութեան շրջանը։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ փափաքած էր՝ հրաժեշտի բերումով։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է գահակալներ, որոնք որպէս լուսառատ փարոսներ լուսաւորած են իրենց պաշտօնավարած շրջանները եւ իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը։ Անոնք կարեւորութեամբ նկատի ունեցած են օրուան պայմանները ու գիտցած՝ արժեւորել զանոնք։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ յառաջիկայ մայիսի 9-ին նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուեցաւ։ Այսպէսով, նախագահ Էրտողան պիտի չմեկնի Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունուէր Պայտընի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Ուքրայնայի դէմ պատերազմի մէջ Չինաստանի կողմէ Ռուսաստանին տրամադրուած օգնութեան պատճառով։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն այցելեց Փեքին, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի մէջ ներքին խռովութիւններ եւ բռնութիւններ կը ծագին Ատրպէյճանի հետ
սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին զուգահեռ: Վարչապետը կը խօսի յառաջիկայ տասնամեակներուն երկրի լինելութեան հարցը լուծելու մասին: Երեւան հաւանութիւն տուաւ Պաքուի հետ արտաքին գործոց նախարարներու նոր բանակցութիւններու Աստանայի միջնորդութեամբ:
Ալիեւ Պերլին այցելեց. Շոլց հաւանական կը նկատէ մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը անհանգիստ՝ ԱՄՆ-ի վասալը ըլլալու առկայ պայմաններէն:
Ըստ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, բոլոր երկիրներու հետ պէտք է բանակցիլ նաեւ ռազմավարական գործընկերութեան շուրջ:
«COP-29 եւ Ատրպէյճանի համար կանաչ տեսլական» խորագրեալ ֆորում մը տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Ըստ Ալիեւի, Հայաստան կրնայ իր երկրէն կազ ստանալ եւ անոր տարածքով կրնայ խողովակաշար մը անցնիլ դէպի Նախիջեւան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց հրէից խախամապետարանը։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեվայի կողմէ, որուն թրքահայ համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց՝ հրէից Պասեքի տօնին առթիւ։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «Իսթանպուլ» նիւթով լուսանկարչութեան մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ի յիշատակ հաստատուած այս միջվարժարանային նախաձեռնութիւնը հերթական անգամ փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Այսօր դարձեալ մեծ հաճոյքով մտած էի մօրս դարակը եւ թուղթերը կը խառնէի։ Անսպառ հետաքրքրական նիւթեր կան հօրս եւ մօրս դարակներուն մէջ, նամակներ, յօդուածներ, դասախօսութիւններ։ Ամբողջ անցեալ մը, հարուստ կեանք մըն է այդ դարակներուն մէջ… Այս անգամ մեծ հօրս մահուան առիթով՝ Մուրատ Մանուկեանին գրած սրտի խօսքն է, որ պիտի ներկայացնեմ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ թէ Քու ձեռքդ մեզի հետ ըլլայ»։ Ահաւասիկ, այս անկեղծ խնդրանքին մէջ է, որ մենք կը կարօտինք եւ մեր կարօտը կը յայտնենք Աստուծոյ՝ որ Իր ձեռքը դնէ մեր վրայ՝ հոգալու եւ խնամելու համար մեզ, քանի որ Ան է մեր Նախախնամը՝ մեր երկնային ամենագութ Հայրը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ խօսելով սիրոյ կարեւորութեան մասին, լաւապէս կը գիտակցի, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին շատ մը դժուարութիւններ, որոնք ցաւ ի սիրտ յաճախ կը յաջողին սպաննել նաեւ այդ սէրը. որպէս օրինակ Հայրիկ կը յիշէ. «աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակաց կորուստ, ստահակութիւն եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահար ձախորդութիւնք». այս դժուարութիւնները կրնան թէ՛ սպաննել սէրը եւ հակառակը՝ ամրացնել. Հայրիկ կ՚ըսէ. «երբ ամուսնեաց սէրը կենդանի է, քաղցր է այդ ամէն դառնութիւնները կ՚անուշացնէ, մոխիրի կեանքը դրախտ կը լինի, ապերջանկութիւնը՝ երջանկութիւն կը դառնայ»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իրադարձութեան մը տարինե՜ր ետք հեքիաթի վերածումը… Երբ դէպք մը դարձեալ պատմուի, ձեւով մը «սիմիւլասիոն» կը ստեղծուի այդ իրադարձութեան ուրիշներու փոխանցման համար, ինչ որ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան ենթարկուելով կը վերաձեւաւորուի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հերթական եկեղեցականներու խումբը։ Այս դասընթացքներուն մասնակից քահանաները թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի տարբեր թեմերէն էին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ-Իրան շատ լուրջ ներկայացուած դիմակայման այս փուլն ալ արդէն կը պատկանի անցեալին։ Իսրայէլ մեծ գոհանակութեամբ հարուածեց Սպահանի ոչ-կորիզային զօրակայան մը, ուր, ըստ Իսրայէլի բեմագրութեան, կը գտնուին դէպի Իսրայէլ արձակուած Իրանի հրթիռներուն եւ անօդաչուներուն կայանքները։ Իսրայէլ գոհ է արդիւնքներէն՝ հակառակ անոր, որ որեւէ հետեւանք չեն թողած այդ հարուածները։
«Կամուրջ» մշակութային կեդրոնը ապրիլի 27-ին, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կ՚իրականացնէ «Ծաղկունք» միջազգային 5-րդ պարի փառատօնը, որ նուիրուած է ապրիլի 29-ին նշուող Պարի միջազգային օրուան։
Փառատօնի նպատակն է մէկ միասնական հարթակի տակ միաւորելով ներկայացնել աշխարհի զանազան ազգերու պարերը՝ Հայաստանի ու այլ երկիրներու մանկապատանեկան եւ երիտասարդական խումբերու միջոցով։
Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու մեկնարկին մնաց միայն շուրջ 100 օր:
Հայաստանը 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ունի 7 մասնակից՝ հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը, ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը, Մալխաս Ամոյեանը, Սլաւիկ Գալստեանը, Վազգէն Թեւանեանը, Արսէն Յարութիւնեանը, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը:
Իշխանութիւններու հրահանգները կատարողները կ՚ըլլան երկու տեսակ՝ «եռանդով» ու «առանց եռանդի»: Վերջիններս կ՚իրականացնեն իրենցմէ պահանջուած չարագործութիւնները (օրինակ, կը ջարդեն ցուցարարներու գլուխները կամ ազատազրկման որոշումներ կը կայացնեն իշխանութիւններու ընդդիմախօսներուն դէմ) տեսակ մը չուզելով՝ իրենց ամբողջ տեսքով ցոյց տալով, որ ընտանիք կը պահեն, որ իրենց տեղը այդ բանը բոլորը կ՚ընէր եւ այլն: