Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը, որ կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին հրապարակեց տեղեկագիր մը, որ պատրաստուած է հարցախոյզի մը հիման վրայ։ «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան ապագային արտացոլացումը» խորագրեալ այս տեղեկագիրը յիշեալ հարթակի տեղեկատուութեան խմբակի ջանքերով կը մատուցուի համայնքին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս ստացած է կարեւոր պարգեւ մը։ Այսպէս, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի խնամատար մարմինը որոշած է տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը պարգեւատրել Լապիպ Մատանաթի յիշատակին հաստատուած կոչումով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ռէանիմանիա» փառատօնը, որ 16-րդն է իր տեսակին մէջ։ Անիմասիոն ժապաւէններու այս միջազգային փառատօնը արդէն ձեւաւորուած նախընթացներով միշտ ուշագրաւ է գեղարուեստասէրներուն համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս ձեռք բերաւ երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնցմէ մին է Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»ը, իսկ միւսը՝ հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչ մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Երէկ, Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հանդիպումը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Թուրքիա եւ Գերմանիա կը շարունակեն անմիջական կապի մէջ մնալ՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Անգարա-Պերլին առանցքի համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի քննարկումներու ամբողջին մէջ կարմիր թելի նման զգալի էր այն հարցումը, թէ ի՞նչ է հայ ըլլալը այսօր։ Սա հիմնական հարցում մըն է եւ զարմանալի չէ, որ ՀԲԸՄ-ի նման աւելի քան 100-ամեայ հաստատութեան մը օրակարգին վրայ ալ կը գտնուի՝ հակառակ անոր ձեւաւորուած աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց «3+3» հարթակի ժողովին մասնակից նախարարները:
Հաքան Ֆիտան ընդունեց Արարատ Միրզոյեանը, որ Իսթանպուլի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ապպաս Արաղչիի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Համաշխարհայնացումը այսպէս կամ այնպէս, ընդունինք կամ մերժենք, հրաւիրենք կամ չհրաւիրենք, շատոնց արդէն մուտք գործած է մեր առօրեայ, առանց իսկ մեզի հարցնելու կամ մեր արտօնութիւնը առնելու:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հալէպի Քառասուն Մանուկ եկեղեցին իր զանազան նկարներով՝ մանաւանդ «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ով մանկութեան դպրոցիս անբաժան մասը մնացին եւ երբ աւարտեցինք նախակրթարանը եւ մուտք գործեցինք երկրորդական Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, այդ նկարն ալ հեռու մնալով եկեղեցիին հետ, կը քաշէր զիս։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պատմաբան, թարգմանիչ, բանասէր եւ գրող Մովսէս Վարդապետ Խորենացի ծնած է մօտաւորապէս 410 թուականին եւ մահացած՝ 490-ին։
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւններ քիչ են։ Անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինք՝ իր «Պատմութիւն հայոց» գլուխգործոցին մէջ։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն մարդ ունի իր համոզումը արտայայտելու ձեւն ու ոճը. օրինակի համար, Զարթօնքի սերունդի որոշ երգիծաբաններ յարմար նկատեցին այդ մէկը ընել զաւեշտի ճամբով. ուրիշներ հրապարակախօսութիւնը ձեռք առին՝ բարձրաձայնելու իրենց համոզումները:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր ժամը 18.00-ին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ծիրէն ներս։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային էր։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները նոյնաժամանակ հաղորդ դարձան երկու նախագահի պատգամին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

Մինչ Պաղեստինի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, Իսրայէլ երէկ Կազզէի մէջ սպաննեց «Համաս»ի առաջնորդ Եահիա Սինուարը։ Մօտաւոր անցեալին Թեհրանի մէջ սպաննուած էր «Համաս»ի նախկին առաջնորդը, որուն այդ պաշտօնին մէջ յաջորդած էր Եահիա Սինուար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024

Լուսանկարչութեան անմոռանալի հանճարներէն, մեծանուն վարպետ երջանկայիշատակ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի գործերը ժամանակի մէջ որքան որ կ՚արժեւորուին՝ իրեն նկատմամբ կարօտն ալ այնքան բազմապատիկ կը մեծնայ եւ յետ պահու իրեն նկատմամբ յարգանքն ալ այնքան կ՚աւելնայ։

Էջեր