Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի ծրագիրը ինչպէս աշխատանքային, այնպէս ալ երաժշտական տեսակէտէ յագեցած էր։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի այս հաւաքին մասնակիցները զանազան փուլերու մէջ հնարաւորութիւն ունեցան շփուելու բարձրորակ երաժշտութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Նախկին իսթանպուլահայ փրոֆ. տքթ. Տարօն Աճէմօղլու տնտեսագիտութեան գետնի վրայ արժանացաւ Նոպելեան մրցանակի:
Նոյն առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 հոկտեմբեր 2024, երեքշաբթի, շնորհաւորական նամակ մը յղեց փրոֆ. տքթ. Տարօն Աճէմօղլուին, բարձր գնահատեց հանրածանօթ գիտնականը եւ ըսաւ.
«Սրտի անհուն հրճուանքով տեղեկացանք, թէ ձեր գիտաշխատութեամբ արժանացած էք Նոպելեան մրցանակի։ Արժան եւ իրաւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի նոր եղանակի աշխատանքները սկսան ընթրիքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Միաբանութեան թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի անդամներէն կը բաղկանար այս խումբը, որու կազմին մէջ էին, ինչպէս միաբան վարդապետներ, այնպէս ալ քոյրեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր ներկան շա՜տ բան կը խօսի մեր ապագային մասին, թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական առումներով: Ցաւով կ՚արձանագրենք, որ ժխտականը շատ աւելի ծանրակշիռ է, քան դրականը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ քաղաքացի մը. բժիշկ, ձգէ ամէն ինչ ձեռքէդ եւ լսէ զիս:
Բժիշկը. իսկ այս հիւանդնե՞րը, որ քեզմէ առաջ եկած են:
Քաղաքացին. ես անոնց անունով կը խօսիմ, մեր բոլոր հիւանդութիւնները, երազները եւ յուսախաբութիւնները նոյնանման են:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մակար Եկմալեան՝ այս ականաւոր երաժիշտը եւ պատուական խմբավարը ծանօթ է իր սքանչելի «Պատարագ»ով։
Ան ծնած է Վաղարշապատ 1856 թուականին։ Իր մանկական հետաքրքրութիւնը երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած բացառիկ ընդունակութիւնը այդ արուեստին հանդէպ զինք առաջնորդած են մինչեւ բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը իր ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2024-ի թիւին մէջ կը հրատարակէր «Զաւարեանական» երիտասարդի մը Տիր ստորագրութեամբ «Մուրացկան մտաւորականները» խորագրեալ գրութիւնը. գրողը իր յօդուածը կը վերջացնէ քիչ մը «ծանր» հնչող հետեւեալ տողով. «Մտաւորական ըլլալ` կը նշանակէ «պատուական» մուրացկան դառնալ»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Հայաստանէն եօթնամեայ դաշնակահարուհի Անի Մելիքեան արժանացաւ երիտասարդ դաշնակահարներու միջազգային առաջին բացարձակ մրցանակին։ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մերձակայ Աքուաւիւա տելէ Ֆոնթիի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ երաժիշտներու «Colafemmina Piano» ութերորդ միջազգային մրցոյթը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանը զգուշացուց՝ տարածաշրջանէն ներս օտար պետութիւններու հաստատման կամ ներթափանցման հաւանական հետեւանքներուն դէմ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փեզեշքիան Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետը ընդունելու ժամանակ շեշտեց, որ որեւէ պետութեան ինքնիշխանութիւնը պէտք չէ անտեսուի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թրքահայ գիտնական փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու դարձաւ Նոպելի տնտեսութեան մրցանակի դափնեկիր։ Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու Նոլպելեան մրցանակը նուաճեց՝ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ռապինսընի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը բազմակողմանի աշխատանքի եւ ծաւալուն քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած մեծ հաւաքը զանազան խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ քանի ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձ կատարուեցաւ այնպիսի հիմնահարցերու, որոնք այժմ հրատապ առաջնահերթութիւն կը համարուին հայութեան օրակարգին վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսում ստանալէ վերջ երկար տարիներ ծառայած էր Հայաստանէ ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ»ի ելոյթը նախատեսուած է «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացէն ներս երկու երկիրներու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումները այս շրջանին իրարու կը յաջորդեն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերներէն Էֆրիմ Տեմիրճին եւ Կիւլպենկ Չաքարը։ Անոնց միացած էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Թոփլաճը Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը մեր ներկայ ժամանակներուն ամենաշատ արծարծուած, ամենաշատ խնդրայարոյց, ամենաշատ ապարդիւն համագուրմարներ կազմակեպելու առիթ հանդիսացած, ամենաշատ՝ չըսելու համար ծայրայեղօրէն զիրար չհասկցող ու չըմբռնող երկու բեւեռներն են, որ մեզմէ շատերուս առօրեան «լեցնեն», «անգործութեան» չմատնելու համար մեզ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասի» Հայաստանի օրէնքին համաձայն՝ հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը կը նշուի իբրեւ Երեւանի տօն: Այս շրջանին Երեւանը օրեր շարունակ զարդարուած կ՚ըլլայ բազմազան գոյներով եւ պատուած՝ տօնական շունչով:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկացի յայտնի գիտնական ու ձեռներէց Ճոզըֆ Նայ հետամուտ է, որ մարդը ըլլայ օղակին վրայ:
Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մրցակցութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ, որ համայն մարդկութիւնը լուրջ վտանգներու ենթարկուի: Ճարտարագիտութիւնը աւելի արագ կ՚ընթանայ քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան բաղդատմամբ:

Էջեր