Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ մօտիկ անցեալ, բանաստեղծին ու մտաւորական գրողին չափ արժէք ունէր նաեւ ուսուցիչը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մտաւորականը հասարակութեան, նոյնպէս ալ ուսուցիչը ապագայ սերունդի միտքը կը լուսաւորէ, ուսուցիչն ու մտաւորականը զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ մին կրնայ գրել, սակայն չուսուցանել, իսկ երկրորդը ուսուցանել՝ սակայն չգրել. իսկ եթէ երկուքը միատեղ ընելու Աստուածային շնորհը ունենային (ինչպէս ունէին մեր անցեալի բազմաթիւ գրող-ուսուցիչներ՝ ինչպէս օրինակ Ղազարոս Աղայեան, Տիրան Չրաքեան, Սիպիլ եւ ուրիշներ) ծնունդ կու տային նախանձելի սերունդի մը:
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ «Միջնադարեան Հայաստանի հմտութիւններ, արուեստ եւ արհեստ» ցուցասրահ-տարրալուծարանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միջնադարեան կեանքի եւ մասնագիտութիւններու վերաբերեալ զանազան ձեւաչափերու այս տարրալուծարանէն ներս հնարաւոր կ՚ըլլայ մասնակցիլ՝ ձեռագրերու բաղադրատոմսերուն համապատասխան զանազան ապրանքատեսակներու ստեղծման։
Երէկ սկսաւ Երեւանի միջազգային առաջին լուսանկարչական փառատօնը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ նախաձեռնութիւն մըն է։
Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհի պարոնուհի Քերըլայն Քոքս ներկայիս վերստին կ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ ան կը մասնակցի «Լէյտի Քոքս» վերականգնման կեդրոնի վերաբացման արարողութեան։
Համայն հայութիւնը կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու խնդրայարոյց կացութեան։ Միջազգային շրջանակներն ալ կը միանան հայաշխարհի կոչերուն, որպէսզի Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ազատ արձակէ գերիներն ու պատանդները։
Երէկ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովներուն տասներորդ հանդիպումը՝ գլխաւորութեամբ փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։
Անգարա-Պաղտատ առանցքին վրայ վերջին շրջանին անվտանգութեան բնագաւառէ ներս ձեռք բերուած փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ Իրաքի ղակավարութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի վրայ շփումները։
Երեւանի լուսանկարչական առաջին փառատօնը. եզակի դրուագներու հետաքրքրական տողանցք:
«Մակնում»ի 9 լուսանկարչի կողմէ նկարահանուած բազմատասնեակ գործերը լոյս կը սփռեն Հայաստանի արդի պատմութեան վրայ:
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժումը կը ջանայ Հայաստանի մէջ յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը՝ ազդեցութեան նոր լծակներ ձեռք բերելով։ Ընդդիմադիր շարժման գլուխը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան նախընթաց օր յայտարարեց. «Սա մեզի համար ազգային ազատագրական պայքար է՝ այսպէս կոչուած իշխանութիւններէն ազատագրուելու»։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Արեւմուտքը յամառօրէն իր ծառայութիւնները կը պարտադրէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ որոշակի դրական մթնոլորտ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին համար արգելք մը չկայ»:
Անգարա-Պաղտատ առանցքին վրայ անմիջական շփումներ՝ տարածաշրջանի բարդ իրավիճակի պայմաններով:
Թուրքիա եւ Իրաք փոխըմբռնմամբ կ՚ընթանան՝ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի եւ ողբերգական պայմաններուն ներքեւ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը, որ կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մայր Տաճարին մէջ Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ժամանման առթիւ։
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջերս հիւրընկալեց ուսուցչուհի եւ թարգմանիչ Առլէթ Ինճիտիւզէնը, որու հետ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հաւանութեան կախուածութիւնը կրնայ սահմանուիլ որպէս իրավիճակ մը, երբ անհատներ կը դառնան չափազանց կախուած ուրիշներու հաւանութենէն եւ գնահատումէն: Այս կախուածութիւնը կը ստիպէ մարդիկ հիմնաւորել իրենց ինքնավստահութիւնը եւ ինքնընկալումը հիմնականին մէջ ուրիշներու գնահատականներու վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ Հռոմէական կայսրութիւնը քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, հարիւր տարի անցնելէ ետք իսկ տակաւին կը շարունակէին, կը շարունակէին աւելի եւս խանդավառ կերպով տխրահռչակ գազանաբարոյ ցոյցերը՝ մեծ կրկէսին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն գիրք բռնող ընթերցող չէ եւ ամէն ընթերցող «մտաւորական» չէ. վերջերս հասայ այս եզրակացութեան, երբ տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ «ցուցադրութեան» սիրոյն գիրքը գերի կը դարձնեն իրենց սեփական փառասիրութեան, ունենալով այն համոզումը, որ գիրքը շրջապատին վրայ պիտի ձգէ իրենց զարգացած ու բարձր դասակարգի մարդ «ըլլալու» ձախող համոզումը:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) նոյեմբերի 10-ին, Ժընեւի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, տեղական ժամով 17.00-ին, կազմակերպած է մասնաւոր աղօթքի արարողութիւն մը՝ համագործակցաբար Զուիզերիոյ հայ համայնքին։
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ ամերիկեան «Նեթֆլիքս» ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Նեթֆլիքս» կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ նկարահանել քանի մը ֆիլմաշար։
Հարկ է պատշաճը հատուցել այն ջանքերուն, ինչ որ արդէն վեցերորդ ամիսն է՝ Հայաստանի լաւ ապագային համար կը գործէ «Տաւուշը՝ յանուն Հայաստանի» շարժման առաջնորդը: Բագրատ սրբազանի մասին տեսակէտները կրնան տարբեր ըլլալ՝ ծայրայեղ դրականէն մինչեւ ծայրայեղ բացասական՝ նոյնիսկ կծու վիրաւորանքով լի պիտակաւորումներ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ան հայաստանեան նիրհուն քաղաքական դաշտ բերաւ ո՛չ միայն գարնանային շունչ ու թարմութիւն, այլեւ` ինքնավստահութիւն, հոգեւոր լիցքեր եւ պայքարի ոգի: