ՃԱՂԱՏՆԵՐԸ ՏՈՒՆԸ ԹՈՂ ՉԻ՛ ՄՆԱՆ
Լիայոյս ենք, որ երէկուան մեր յօդուածին հետեւելով իր գլխուն վրայ մազ ունեցող իւրաքանչիւր երիտասարդ իր քայլերը դէպի ամուսնութիւն սկսաւ առաջնորդել. սակայն նկատի ունենալով, որ ընթերցողներուն մէջ կրնան գտնուիլ ճաղատներ, կու գանք Մոգական գիրքէն այլ լուծում մը առաջարկել (վերջապէս ձեր մեղքը չէ՛ որ ճաղատ դարձած էք. թող բնութիւնը ամչնայ):
Մ. Գուշակը կու գայ սիրածդ աղջկան սիրտին մէջ մուտք գործելու այլ գաղտնիք մը բացայայտելու. ուշադրութեամբ լսենք, մանաւանդ որ այս մէկը տարին միայն մէկ անգամ կրնանք գործադրել.
«Քու ծննդեան տարեդարձին օրը առաւօտուն կանուխ, ժամը երեքին չորսին անկողնէդ ելիր զգուշութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ, որպէսզի ոեւէ մարդ չնկատէ քեզ եւ փրցուր դափնիի շիւղ մը: Տար սենեակդ եւ զայն բռնէ ճիշդ հինգ վայրկեան վառած ծծումբի վրայ: Յետոյ փաթթէ զայն ճերմակ կտորի մը կամ անձեռոցի մը մէջ՝ քու անունդ եւ ուզած երիտասարդիդ կամ երիտասարդներուդ անունը վրան գրուած թուղթի մը հետ: Նշանակէ նաեւ շաբթուան օրը, տարուան թուականը եւ լուսնին շրջանը (լիալուսի՞ն, կիսալուսի՞ն): Յետոյ աճապարէ եւ զայն թաղէ գետնին տակ, ուր պէտք է վստահ ըլլաս, որ որեւէ ձեռք պիտի չհասնի, երեք օր եւ երեք գիշեր: Անկէ վերջը հողէն դուրս հանէ եւ ծրարը դի՛ր բարձիդ տակ երեք գիշեր: Այս ժամանակին՝ տեսած երազներդ մարգարէական պիտի ըլլան ճիշդ ու ճիշդ եւ պիտի ցոյց տան իրականութիւնը, որուն պիտի ենթարկուիս»:
Հիմա եթէ գտնուի ճաղատ մը, որ բողոքէ թէ «դափնիի ծառ չունի», թող ի՛նք մտածէ... իսկ եթէ դափնիի ծառ ունիք, սակայն առաւօտ կանուխ՝ երեքին կամ չորսին չկրցաք արթննալ, դարձեալ ձեր մեղաւորութիւնն է: Ի տարբերութիւն միւս ձեւերուն, այս մէկը առիթ կու տայ մէկ անունի փոխարէն գրել «անուններ». գուցէ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին ճանչցած աղջիկներուդ անունը գրես, եւ հազարին մէջէն մէկ հատը «բռնէ» եւ հասնիս «նպատակիդ»։ Հաւանաբար, թուղթի փոխարէն ամբողջական տետրակ մը կարելի է դնել: Իսկ թէ հիմա լուսնի ո՞ր շրջանն ենք, այդ ալ դո՛ւք մտածեցէք։ Թէ այդ բոլորը երեք օր ու երեք գիշեր ո՞ւր պիտի պահէք, այդ մէկն ալ լաւ մտածելու բան է... մանաւանդ որ կիները գրեթէ ամէ՛ն բան գտնելու սուր զգայնութիւնը ունին: Ու տակաւին մարդիկ կը կարծեն, թէ ապագան մշուշի մէջ թաղուած է. դափնիի շիւղ մը եւ արդէն ապագան աւելի քան յստակ է՝ քան անցեալը:
***
Այս գուշակութեան աշխատութիւնը ընթերցելու ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց գիրքը հրատարակողին կողմէ գրուած հետեւեալ կարեւոր տողերը. «Արաքս գրատունը լոյս ընծայելով իր այս առաջին գործը, կը կարծէ որ գոհացում տուած կ՚ըլլայ ժողովրդային լայն խաւերու պահանջին». ուրեմն փաստօրէն նման աշխատութեան մը մեծ պահանջքը ունէր հայ ժողովուրդը. գուցէ այս գիրքն էր պատճառը, որ կարճ ժամանակուան մէջ մեր հայկական փոքր սփիւռքը մեծցաւ ու նոր սերունդով պարգեւատրեց մեր ազգը:
Հրատարակիչը շարունակելով կը գրէ. «Արաքս գրատունը մտադրած է հետզհետէ լոյս ընծայել գրական կարեւոր աշխատութիւններ». այս գուշակութեան գի՞րքը եւս այդ «կարեւոր»ներուն մաս կը կազմէ թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն կ՚ուզէինք գիտնալ, թէ նման աշխատութիւն մը քանի՞ օրինակ ծախուեցաւ եւ հասարակութեան կողմէ ի՞նչ ընդունելութիւն գտաւ։ Արդեօք փորձողներ եւ տարեվերջին իրապէս պսակուողներ եղա՞ն. մեր հայորդիներէն քանի՞ հոգի առաւօտ երեքին դափնիի շիւղ քաղելու գնաց՝ գաղտնի, որպէսզի մարդ չտեսնէ:
Գուշակութիւնը մարդկային պատմութեան ընթացքին մի՛շտ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ, որովհետեւ մարդ արարած մի՛շտ հետաքրքրուած է իր ապառնիով՝ մոռնալով, թէ իր ներկան է, որ իր ապագան կը կերտէ. ներկայի մեր ունեցած կամքն ու որոշումներն են, որոնք մեր ապագան կը գծեն եւ հետեւաբար ապագան տեսնելու համար գուշակութենէ աւելի սեփական անձի հետ հաշուետուութիւն պէտք է ընել: Կատարուած գուշակութեանց մէջ ճիշդ բան կա՞յ թէ ոչ՝ լուրջ ուսումնասիրութեան խնդիր է, որովհետեւ դարեր շարունակ մարդ արարած հաւատացած է եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ հաւատալ անոր ուժին ու գոյութեան: Մարդ արարած դարեր շարունակ համոզուած է, որ գուշակութիւնը կրնայ որոշ փարոս դառնալ անյայտ ապագային. անոնք մի՛շտ ալ եղած են. օրինակի համար, Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներէն մէկուն մէջ կը կարդանք. «Ինչպէս ամէն Ամանորի, այս անգամ ալ հրապարակ իջած են միջազգային գուշակները, նախատեսելու համար տարուան չարն ու բարին»։ Նման գուշակներ մինչեւ օրս գոյութիւն ունին. ամէ՛ն ժամանակ կը ստեղծէ իր գուշակը, որ այսպէս կամ այնպէս կը յաջողի (գուցէ բախտով) ապագայ իրադարձութիւն մը կանխատեսել ու բարձրաձայնել:
Մեր ազգը այսօր իր ապագան իր որոշումներուն մէջ տեսնելու փոխարէն կը փորձէ սուրճի գաւաթին մրուրին մէջէն տեսնել։ Վերջապէս սուրճի գաւաթի ապագան շատ աւելի փայլուն է՝ քան մեր ապագան, որովհետեւ սուրճի գաւաթին մէջ մի՛շտ երեք օրէն, երեք շաբաթէն եւ կամ երեք ամիսէն լաւ լուր մը կ՚երեւի, սակայն մեր քաղաքական ու ազգային կեանքին մէջ անոր նշոյլն անգամ չի՛ կայ: Հաւատացէ՛ք, որ մեր ազգը սուրճի մրուրը շա՛տ աւելի յստակ կրնայ կարդալ՝ քան իր այբուբենը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Սուրճի գաւաթը մեր ապագան կրնա՞յ գուշակել:
Պատասխան. Սուրճի գաւաթը չի՛ կրնար կանխատեսել մեր ապագան. այդ մէկը պարզապէս զուարճանքի համար նախատեսուած աւանդութիւն մըն է: Սուրճի գաւաթ «կարդալ»ը մշակութային աւանդութիւն մըն է, որ եկած է անցեալէն եւ հասած մինչեւ մեր օրերը: Գիտականօրէն ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի, որ սուրճի գաւաթը կրնայ ապագան գուշակել, այլ այդ մէկը դիտուած է լոկ որպէս զուարճանք: Ապագայի մասին որոշում կայացնելու ժամանակ շատ աւելի լաւ է ապաւինիլ գիտական տուեալներու եւ անձնական ուժի՝ քան սուրճի գաւաթին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան