Արխիւ
Երեւանի «Չայքովսքի» երաժշտական միջնակարգ մասնագիտական դպրոցի սաները նուագեցին «Նուիրէ կեանք» հիմնադրամի շահառու երախաներուն համար։ Արամ Խաչատուրեանին ձօնուած միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս, մեծանուն երգահանի Երեւանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ անուանուած էր «Յոյսի երաժշտութիւն»։
«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտերէի մասնաճիւղին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերու 60-րդ տարելիցին։ «Իրաւունք, մարդ, հասարակութիւն» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր վերոյիշեալ համալսարանի Մարդու իրաւանց իրաւաբանութեան գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնին կողմէ։
Ոչ եւս է հայ գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներէն մին՝ բանաստեղծ Չարեհ Խրախունի:
Ստեղծագործական վիթխարի ժառանգ մը թողած գրողը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ բոլորի բիւր յարգանքով:
Շաբաթավերջին Լեւենտի «WYNDHAM GRAND» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը նշուեցաւ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձը։ Պարահանդէսի ձեւաչափով կազմակերպուած էր այս տարեդարձի հաւաքոյթը, որու առաջին փուլին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթ մը։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 312-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմաւորման 77-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան հանդիսապետեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք վերածուեցան իսկական տօնախմբութեան:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան երէկ առաւօտ Երեւան վերադարձան՝ աւարտելով Իսթանպուլի իրենց շփումները, որոնք շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան արժանացան համայնքային կեանքէն ներս։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Սօնա Վանի «Լիպրեթթօ անապատի համար» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր ջնջեց «Տողուշ» խմբակին հետ կնքած գործարքը՝ իր արխիւին մասին։
Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային կլիմայի գագաթաժողովը։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսու Օլանտի տանտիրութեամբ, մայրաքաղաքի մերձակայ Պուրժէի մէջ համախմբուած են աշխարհի 130 երկիրներէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցուեցաւ ահաբեկչական տմարդի յարձակումով մը:
Տիարպաքըրի մէջ փամփուշտներու թիրախ դարձաւ Թահիր Էլչի, երկու ոստիկան նահատակուած:
Մամետեարով կրկին պնդեց, որ Մոսկուա առաջարկներ ունի՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման համար: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պաքուի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ութ տարի առաջ իր կատարած այցելութենէն ետք Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Թեհրան ժամանելով ունեցաւ կարեւորագոյն հանդիպումներ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանիի եւ գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի հետ:
Գալֆաեան տան մէջ վերջերս հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Օրուան յայտագրին շրջագծով վարժարանի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, զորսձօնեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կատարեալ գոհունակութեան, կատարելութեան համար երեք հիմնական պայմաններ են՝ փնտռել, գտնել եւ պահե՛լ։ Ուստի մարդկային կեանքի ամէն մարզերու մէջ անհրաժեշտ են այս երեք հիմնական պայմանները։
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին դռները լայնօրէն բաց են պոլսահայ երիտասարդներուն համար: Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան մեր համայնքին հետ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Ամենէն հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր մարդոց համար միշտ կենսական եղած է ընկերոջ մը, կամ ընկերներու ներկայութիւնը: Փիլիսոփաներ, տեսաբաններ եւ ընկերաբաններ վաւերական-առարկայական տեսակէտներ արտայայտած են:
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ եկաւ բնորոշել մեր այս յատկանշական սրբավայրի պաշտամունքի վերաբացումը։
Հանրապետութեան նախագահը Ռուսաստանին խորհուրդ տուաւ՝ չխաղալ կրակի հետ: Փութին մերժեց Փարիզի մէջ Էրտողանին հետ տեսակցութիւնը: Մոսկուա որոշեց տարեմուտին դադրեցնել առանցվիզաներու մուտքի դրութիւնը: Չավուշօղլու եւ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն կրնան տեսակցիլ Պելկրատի մէջ:
Իսթանպուլի Թէքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաճիւղի «Մուսթաֆա Քեմալ» դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ահըլ Էլ-Պէյթի Համաշխարհային համագումարի ընդհանուր քարտուղար Այէթուլլահ Մուհամմէտ Հասան Ախթարին։