Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024

Մերձաւոր Արեւելքի թէժ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ Հայաստան երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը։ Երեւան պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024

Երբեմն մարդ յառաջ կը քշէ ուղեղը, երբեմն ալ սիրտը։ Իրականութեան մէջ, անոնք զիրար կը լրացնեն, մարդուն մէջ մարմին գտած է անոնց համադրութիւնը։ Մարդ թէ՛ միտք է եւ թէ զգացում, հաւասարապէս։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024

Հռոմի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի նախագահութիւններու (OCE) եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եւրոպայի եպիսկոպոսական քոնֆէրանսներու (CCEE) համատեղ ժողովը։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ աշխատանքները կը շարունակուին՝ հակադիր յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ թէեւ կ՚արձանագրուին դրական զարգացումներ, սակայն, ըստ մեկնաբաններու, ապագայ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ տակաւին կան մտահոգութեան բազմաթիւ պատճառներ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Կանաչ ուժ»ը պիտի դառնայ իսկական շարժիչ մը՝ մինչ Հայաստանի պաշարներն ալ յոյս կը ներշնչեն:
Վախը, մտահոգութիւնները կամ տագնապի լեզուն չեն մարդկութիւնը վաղուան մարտահրաւէրներուն պատրաստելու համար:

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

«Ժամանակը երկու երեսակ ունի։ Երկարութիւնը կը բնորոշէ արեւուն դարձը, իսկ խորքը կիրքերը կը բնորոշեն», կ՚ըսէ Ամին Մաուֆ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուական այցելութիւն մը կու տայ Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ այցելեց Արքատիի յունաց վանքը:

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան հունձքին։ Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուները, դպրոցի կրթական մշակներն ու անձնակազմը, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ողջունեցին երիտասարդները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Սովորական օր մըն էր, ընտանիքով ճաշի նստած ենք նորէն, անսովորը իմ լռութիւնս էր… Աշխարհի հոգը ուսերուս առած լուռ նստած էի, աւելի ճիշդը հայ գրողներու ճակատագիրն էր ուսերուս վրայ եւ մտքիս ու սրտիս մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի», ըսած է Կրահամ Պել։ Բազում գիտնականներ կամ ձեռներէցներ, իրենց առջեւ փակուած դռներու շնորհիւ անդրադարձած են իրենց սխալներուն եւ զանոնք ուղղելով հասած են յաջողութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ, կը շարունակենք Սուրբ Գիրքի մէջ յաճախ մեր հանդիպած անուններու իմաստները ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
ԳԵՀԵՆ. Երուսաղէմի հարաւային մասը գտնուող խորունկ ձոր՝ ուր կ՚այրէին աղբերակոյտեր։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ տեսա՞ծ էք ոճրագործ մը, որուն ամենէն սերտ ու սիրելի նշանաբանը ըլլայ «մի՛ սպաններ» եւ կամ պոռնիկ մը՝ որ «մի՛ շնար»ը կեանքի կարգախօս ընտրէ. եւ կամ երբեւէ տեսա՞ծ էք ազգ մը, որ ամբողջ հոգիով ու սրտով հաւատայ, որ իր «միակ փրկութիւնը հաւաքական ուժի մէջ է», սակայն հաւատալով հանդերձ իրարմէ այնչա՛փ անջատուած ու խզուած ըլլայ՝ ինչքան հայ ժողովուրդը:

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յարգելի մտերիմ ընկերս,
Մեր ներկայ այս վիճակը, իրապէս՝ անսովոր է, եւ տեսքն ալ՝ խղճալի:
Քեզի կը ներկայանամ մտածումներուս անթիւ փշրանքներով, որոնք կանուխէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս: 

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք կարգ մը յատուկ անուններու իմաստներու ցանկը՝ որ ընդհանրապէս աւելի գործածական են եղած եւ յաճախ կարելի է հանդիպիլ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Յուսանք օգտակար պիտի ըլլան այս տեղեկութիւնները Սուրբ Գիրքի ընթերցման ժամանակ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք, որ բռնութեան տակ հայուն մէջ ազգասիրութիւնն ու ազգային դիմագիծը աւելիով հայ էր՝ քան ազատութեան մէջ եւ այդ դիմագիծի հարազատներէն մէկն էր վստահաբար հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ, որուն սպանութեան (ո՛չ մահուան) 53-ամեակն էր յունիսի 17-ին:

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հոգաբարձուներու խորհուրդի հաւաքը առիթ դարձաւ հիմնադրամի գործունէութիւնը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելու եւ տեսանելի ապագայի աշխատանքները նախանշելու։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ ֆրանսացի պաշտօնատարներու հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ երկար ատենէ ի վեր շօշափելի իրադարձութիւններու թատերաբեմը ըլլալէ դադրած է, սակայն, երկու հարեւաններուն միջեւ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ժամանակի գողութիւն. մերժելի արատաւոր երեւոյթ, որուն հետ անկարելի է հաշուի չնստիլ մեր օրերուն:
Հաւասարակշռութիւնը ո՞րն է, երբ աչքիդ առջեւ բոլոր արժէքները կը փլին ու բոլորը մեղքերու մէջ թաղուած են:

Էջեր