Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան նախընթաց օր պաշտօնապէս հաւատարմագրուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ափրիկէի հարցերով տնտեսական յանձնաժողովի (UNECA) գործադիր քարտուղարութեան մօտ, որու հիւրընկալ երկիրն է Եթովպիան։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ներկայ փուլը պսակուած է մեծ յաջողութեամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ունի պաշտօնապէս յստակեցուած սահմանը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ նոր սահմանագիծի մը ստեղծումը յղի պիտի ըլլայ մագլցումներու եւ ռազմական բախումներու յարատեւ ռիսքերու։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ Քիեւի մէջ շփումներ ունեցաւ, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքոյի դէմ երէկ կատարուեցաւ մահափորձ մը։ Հանտլովա քաղաքին մէջ, կառավարութեան նիստէն արձակուելու ժամանակ ան մահափորձի ենթարկուեցաւ, երբ կ՚ողջունէր ժողովուրդը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Անգարա Կազզէի պատերազմին կապակցութեամբ աշխոյժ նախաձեռնութիւնները կը շարունակէ։ Թուրքիա միջազգային հարթակներու վրայ միշտ կը բարձրաձայնէ իր մօտեցումները, որոնք հետամուտ են ընդհանուր առմամբ կայունութիւն մը ապահովելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին նոր պաշտօնավարութեան ժամկէտի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փեքին, ուր հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Երկու ղեկավարները նախ սահմանափակ ձեւաչափով զրուցեցին, ապա գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու քննարկումները։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան. «Նոր վարչապետի անուան շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի»:
«Մարդը, որ հեծանիւով կը շրջէր, հիմա տասնեակ շարքերով ոստիկաններու շղթայով կը կաթուածահարէ քաղաքը»:

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները պիտի քաջալերուին «Միջին միջանցք»ի ձեւաւորման ճանապարհին:
Եւրոպական վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան եւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջեւ յուշագիր:

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն յաջողութիւններ արձանագրեցին շարք մը ձեռնարկներու մէջ, ինչ որ դպրոցէն ներս ուրախութեան առիթ դարձաւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիբանանցի եւ ամերիկացի աշխարհահռչակ գրող, իմաստասէր եւ նկարիչ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի 140-ամեակը ամբողջ տարի մը (2023-2024) նշուեցաւ ո՛չ միայն իր ծննդավայր Լիբանանի եւ ապրած երկրի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլեւ՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Արեւելքի մեծագոյն այս իմաստասէրի:

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին հինգ-վեց տարիներուն մեր հասարակութեան մէջ զարգացաւ գաղափար մը, ըստ որում հոգեւորականները պէտք չէ միջամուխ ըլլան ազգային գործերու մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սա, անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ կեանքը անիմանալի անակնկալներով եւ անհամար հաւանականութիւններով լեցուն ընթացք մըն է։ Մարդ որքան ալ ծրագրէ որեւէ բան, պէ՛տք է որ խուսափի վճռական ըլլալէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ահաւասիկ այսպիսով վերջ կը գտնէ Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը, որ աւելի քան 150 տարուան հնութիւն ունենալով հանդերձ կը շարունակէ մարմնաւորել տիպար հայ ընտանիքը, հայ հայրն ու մայրը, հայ հաւատացեալը, ինչպէս նաեւ հասուն ու հայասէր հայ երիտասարդը. աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ այս աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ Խրիմեան Հայրիկի անունը պիտի շարունակէ ապրիլ դարեր շարունակ. ցաւ ի սիրտ, մեր նոր սերունդը չի՛ գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ է Խրիմեան Հայրիկ. որպէս մեծութիւն գիտեն անոր անունը, աղօտ ձեւով գիտեն շերեփի մը պատմութիւնը եւ վերջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024

Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Երբ կրօնը կը միանայ քաղաքականութեան հետ, կը ծնի հաւատաքննութիւնը», կը գրէր Ալպէր Քամիւ: Ընդհանուր առմամբ, համաձայն եմ: Միայն թէ պէտք է պարզել, որ ինչ կը հասկնանք «կրօն» ըսելով եւ ինչ կը նշանակէ «հաւատաքննութիւն»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

Մոսկուա ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած վերջին՝ անցեալ շաբաթավերջի Ալմաթիի բանակցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

«Հայաստան անհամբեր կը սպասէ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամին ներառուելու որոշման»:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը համոզուած է, թէ ժամանակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը դադրեցնելու:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

«Այս պայքարը ո՛չ թէ նիւթական ակնկալութեան, այլ հայրենիք ու պատիւ ունենալու համար է»:
Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան խորհրդակցեցաւ կարգ մը նախկին վարչապետներու հետ: Ընդդիմադիր շարժումը այսօր հանրահաւաք մը կը կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ մինչ Օփերայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեանի ելոյթը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Երուսաղէմի քրիստոնեայ Տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Էփլըպայի։ Խումբը այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս եւ փափաքած է Իսթանպուլի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպումներ ունենալ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքն ու գործակից ընկերները։

Էջեր