Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս շփումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի դպրոցներու 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի բովանդակութեան հարցին շուրջ:
Անդրէասեան. «Մենք կը յարգենք եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, բայց կրթութեան կազմակերպումը պետութեան գործն է»:
«Երեւանն ու Պաքուն կրնան խաղաղութեան հասնիլ՝ Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Անգարայի օգնութեամբ»:
«Հայաստանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ապահովուած պէտք է ըլլան՝ առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Ռուսաստանի հեռատեսիլի կեդրոնական ալիքը հարցազրոյց մը կատարած էր յունահայ երգիչ Ժան Թաթլեանի հետ: Հաճելի նաեւ զարմանալի էր լսել, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչը վարժ կը խօսի ռուսերէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Կը ներկայացնէք դուք Ձեզ:
-Անունս Հրակ Աբէլեան է: Ծագումով քէսապցի: Լիբանանի մէջ հասակ առած եմ: Ամառնային արձակուրդները անցուցած եմ Քէսապի մէջ։ 18 տարեկանիս Գանատա՝ Մոնթրէալ փոխադրուեցայ ուսումս շարունակելու համար եւ արդէն 14 տարիէ այստեղ կ՚ապրիմ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ամենէն ցաւալի մինակութիւնը՝ քեզ չհասկցող մարդոց բազմութեան մէջ գտնուիլն է», կ՚ըսէ Մեւլանա։ Եւ իրապէս, մարդ երբեմն մինակ կը զգայ բազմութեան մէջ եւ օտար՝ ծանօթներու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս կազմակերպուած հանդիսութեան մը ժամանակ, բեմ հրաւիրուող հանրայայտ անձ մը նախքան իր ճառը անդրադարձաւ անտուն ու անտէր շուներու եւ կատուներու իրաւունքներուն. իր խօսքին մէջ մաղթեց տեսնել աշխարհ մը, ուր շունն ու մարդը, կատուն ու մարդը քով քովի, խաղաղ պայմաններու մէջ ապրին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին նախընթաց օր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը արդէն հրատարակած է 2024 թուականի Եկեղեցական օրացոյցը։ Այսպէսով տարեմուտի այս աւանդութիւնը հերթական անգամ գտած է իր շարունակութիւնը։
Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ կը գտնուին։
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի մը ստեղծման ծրագրի ճանապարհային քարտէսը պիտի վաւերացուի շուտով։
Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պատրաստ են Կազզէն ղեկավարելու։
Եգիպտոսի մետիային տուած հարցազրոյցին մէջ Մահմուտ Ապպաս կանխատեսումներ ըրաւ Կազզէի ապագային շուրջ։
Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գլխաւորուած յանձնաժողովը արժեւորեց համապատասխան արձանագրութիւնը եւ անոր դրական եզրակացութեան հիման վրայ՝ խնդիրը յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գայ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ անպաշտօն ձեւաչափի շփումներ ունեցան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Ըստ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ են պայմանագրի կնքման, ինչ որ շատ կարեւոր է Ռուսաստանի համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր կ՚այցելէ Երեւան:
Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ, երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ իրականութեան մէջ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային ու հիմնական լծակներէն մին է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ինքնին կրթական համակարգ մըն է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ օրուան երկրորդ կէսին իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն Արման Փոլատ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խօսքս պիտի չերկարեմ: Անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մօտիկ խանութը գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքի դրամարկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ տիկինը, շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ՞» էի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճգնութիւնը, մանաւանդ արդի ժամանակներու կեանքի՝ «տարօրինա՜կ վիճակ» կը նկատուի։ Արդարեւ, անիկա, որպէս կենցաղ, անբնականութեան եւ անկարելիութեան սահմաններուն կը մօտենայ արդի մարդուն հայեցակէտով։