Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2023

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ օդագնացութեան միջազգային փառատօն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Օդապարիկներով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու շրջանակէն ներս թռիչքներ տեղի ունեցան թէ՛ մայրաքաղաք Երեւանի եւ թէ շրջաններու երկինքին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

Արեւմտեան Եւրոպայէն ներս նոր համայնքներու ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վերջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս Պելժիոյ եւ Հոլանտայի մէջ հաստատուած հայերու վերակազմակերպումով։ Այսպէս, Պելժիայէն ներս, Կերարտսպերկենի եւ շրջակայքի հայութիւնը արդէն նոր համայնք մը ստեղծած է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները վերադարձան Սուրբ Քաղաք։ Նորաօծ եպիսկոպոսները մեծ խանդավառութեամբ ու աւանդական շուքով դիմաւորուեցան հայոց վանքէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

«ԵՄ առաջին անգամ ներգրաւուած է Հայաստանի անվտանգային օրակարգին, մենք պատրաստ ենք առաւել մօտ ըլլալ ԵՄ-ին այնքան, որքան ան հնարաւոր կը համարէ»:
Սթրազպուրկի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն խօսեցաւ մինչեւ տարեվերջ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հաւանականութեան մասին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի մահուան տարելիցները մէկ կողմէ, անշուշտ, շատ տխուր են, իսկ միւս կողմէ ձեւով մը կենսունակութեան առիթ կը դառնան իր թողած մեծ աւանդի վերարժեւորման ու վերարտադրման առումով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ալքոհոլը թոյն է: Ալքոհոլիզմ կամ երկարատեւ թունաւորում: Ալքոհոլիզմէն յառաջացած վնասները: Գինովին սերունդը: Ցանկալի՞ է արդեօք ամուսնութիւնը ալքոհոլին հետ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ահա ամէնը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է, անոնց ձուլածոյ կուռքերը հով եւ ունայնութիւն են». (ԵՍԱՅԻ ԽԱ 29)։
Կուռք՝ իր ամենալայն առումով կը նշանակէ. չաստուածներու արձան՝ պաշտումի առարկայ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ գրականագէտ, բանաստեղծ, արձակագիր ու լրագրող Պեպօ Սիմոնեան կը բարձրաձայնէր մեքենաներու մարդոց վրայ ունենալիք ապագայ յաղթանակին մասին. Սիմոնեան այս հարցին մասին կը գրէր այնպիսի թուականի մը, ուր տակաւին արհեստագիտութիւնը այսքան յառաջդիմած ու զարգացած չէր, կազմուած չէր արհեստական բանականութիւնը եւ այնքան մեծ վտանգ գոյութիւն չունէր՝ ինչքան այսօր:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Միջին Արեւելքի դիմագրաւած պատերազմները մշտանորոգ հարցերու դիմաց կը կանգնեցնեն հայութիւնը: Մէկ դարու տեւողութեամբ՝ նոյն կրկնուող արհաւիրքները, նոյն անորոշութիւնները, նոյն ուղղուածութիւններու տարրաբաժանումները՝ կը վերաձեւաւորեն գոյութենական հարցեր, կայանալ-կազմաւորուելու չնուաճուած տեսլականներ եւ յետաձգուած-չլուծուած խնդիրներ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կը փնտռեն խոհեմին սիրտն ու իմաստունին ականջը:
Պատասխան.
Սողոմոն Իմաստունը կ՚ըսէ. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ» (Առ 18.15):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը ե՛րբ եւ ի՛նչ փուլի մէջ ալ դադրի՝ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ «Համաս»ի քաղաքական վախճանը պիտի բնորոշէ անխուսափելիօրէն:
Թէեւ այս պահուն պայմանները բաւարար չափով յստակ չեն ենթադրութիւններ ընելու համար, սակայն աստիճանաբար պիտի բիւրեղանան տարածաշրջանի շահողներն ու կորսնցնողները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ականջալուր եղայ երկու հարբածներու խօսակցութեան՝ որոնք օղիի ազդեցութեան տակ հայ ազգին, ինչպէս նաեւ Արցախին խնդիրները լուծել կը փորձէին: Պետական մարմինները այնքան լուրջ քննարկում ու վերլուծում չէին կատարած՝ ինչքան այդ երկու ընկերները, որոնք իրարու ամբողջութեամբ հակառակ համոզումներ ունենալով հանդերձ համամիտ էին միմեանց կարծիքներուն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է սահմանը բանալու եւ ներկայիս գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դաշտին մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Հիւր պատրիարքը Իսթանպուլ կ՚այցելէ՝ ասորի ուղղափառ համայնքի՝ Եշիլգիւղի Ս. Եփրեմ նորակառոյց եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագին առթիւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ զգուշացուց. «Անդունդի եզրին ենք»։ Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ թոյլ տայ դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութեան, իսկ «Համաս»ն ալ ազատ արձակէ գերիները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

Հայաստանի կառավարութիւնը կազմակերպեց՝ 149 ուղեւորով Թել Աւիւ-Երեւան յատուկ թռիչք մը:
Պայտըն Իսրայէլ կը ժամանէ: Թուրքիա մշակած է խաղաղութեան ծրագիր մը՝ երաշխաւորներու դրութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանին մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Սթրազպուրկ։

Էջեր