Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայրենի երիտասարդ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային եւ Լեզուագիտական համալսարաններու դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուի հրատարակութիւնը՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 19.6-ին մէջ կը կարդանք. «Շատերը առատաձեռն [կամ իշխան, իշխանութիւն ունեցող] մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ՚ըլլայ»: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս համարը:
Պատասխան. Այս երեւոյթը մարդուն միշտ ընկերացած է, այլ խօսքով, մարդիկ միշտ փորձած են ընկերանալ, բարեկամանալ, հաճութիւնը շահիլ հարուստ, առատաձեռն եւ իշխանութիւն ու դիրք ունեցող մարդոց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառայութիւնը հաւատարմութիւն եւ անկեղծութիւն պահանջող արարք մը, վարմունք մըն է։ Ծառայութիւնը իր ամենալայն իմաստով, մարդկային բնական արարք մըն է, քանի որ մարդը կոչուած է իրերօգնութեան, որովհետեւ մա՛րդ ինքնաբաւ չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զաւակ ունենալու որոշումը զգայուն նիւթ մըն է զոյգերուն համար եւ կը հաւատանք եւ հաւատալու կողքին կը շեշտենք, որ զաւակ ունենալը երբեք ալ «պատահականութեան» արդիւնք պէտք չէ ըլլայ. այդ կարեւոր որոշումը պէտք է ենթադրէ լուրջ պատրաստութիւն` թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս, որովհետեւ զաւակի մը գոյութիւնը ամբողջութեամբ պիտի յեղաշրջէ նորաստեղծ ընտանիքի ընթացքը եւ ուրախալի այդ առիթը ոչ լաւապէս պատրաստուած վիճակի պարագային ուրախութեան տեղ լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել:
Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառէն ներս բովանդակալից զեկուցումներով երկօրեայ աշխատանք:
Վատիկան դրոշմաթուղթ մը թողարկեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յիշատակին. «Աստուածաբան եւ ինքնատիպ հոգեւոր հեղինակ՝ իր եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով»:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Արեգ Գույումճեանի։ Այս վերջինը եղած էր ակումբի նախկին մարզիկներէն, վարչայիններէն եւ ամբողջ կեանքին տեւողութեամբ ներգրաւուած էր մարզական գործունէութեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն պատուիրակութիւն մը։ Թեմի հոգեւորականաց դասէն քահանայ հայրերու առընթեր, պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիլեան։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն երէկ դարձեալ անհանգստացուցիչ լուրեր հասան։ Ատրպէյճանի բանակի դիպուկահարին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով՝ սահմանի Վայոց Ձորի մարզի հատուածին մէջ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն Կերասիմ Առաքելեան։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, երէկ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Կասպից ծովու ափակից երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Իրանի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։
Թուրքիա-Քաթար ռազմավարական կոմիտէի նիստին առթիւ Իսրայէլին խիստ ազդարարութիւններ:
Նախագահ Էրտողանի խօսքով՝ ստեղծուած պատկերը ցոյց կու տայ, թէ իսլամական աշխարհը ինչպիսի ճնշումի մը տակ է:
Այս հինգշաբթի նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմին ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այս կարեւոր կառոյցին մէջ կը գտնուի անդամ մը, որ կը ներկայացնէ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆները։
Արձակագիր ու բանաստեղծ Արմենուհի Սիսեան արժանացած է «Sahito International Literature Award 2023» գրական միջազգային մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է այս տարուան դատակազմի մրցանակը՝ արձակի գծով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տիթրոյիթ եմ, փոքր եղբօրս մօտ: Այս տարի «Գոհաբանութեան օր»ուան առթիւ աւանդութիւն դարձած ընտանեկան մեր հաւաքը Տիթրոյիթի մէջ որոշած էինք: Խորքին մէջ, երկու եղբայրներով, մեր կիներով, զաւակներով, թոռներով եւ զարմիկներով այսպէս տարին անգամ մը մէկ տեղ հաւաքուելու սովորութիւնը ձեւով մը աւանդութեան վերածած էինք:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ 2015 թուականէն ի վեր այս տօնը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուած է՝ աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մօրեղբօրս՝ Գրիգոր Ապուտուրեանի յիշատակին։
Կարծես ըլլար Զաւէն Պիպեռեանի հերոսներէն մին։ Թեւաթափումներու մեծ տոպրակ մը, որ հիմա պիտի վերադառնայ հին հողին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհահռչակ իմաստասէր, ուսողագիր, ապագայատես, գիրքերու հեղինակ եւ ձեռներէց, Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ դեկտեմբերի առաջին երկու օրը անցուց Երեւանի մէջ։ Ան «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի պատուաւոր հիւրն էր:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Black Mirror» իրականութեան մէջ միայն հեռուստաշար մը չէ, այլ ան կը նմանի մտքի տարրալուծարանի մը, որ մարտահրաւէր կը նետէ սովորական մտածումներուն: Իւրաքանչիւր դրուագով կը ճանապարհորդէք բոլորովին այլ տիեզերք մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գործաւորութիւն ընող պատանի մը, որ մօրը տասնութը զաւակներուն տասնհինգերորդն էր։ Ան երգիչ ըլլալու մեծ փափաք ունէր։ Օրին մէկը ան երաժշտութեան ուսուցիչի մը քով կ՚երթայ։ Երաժշտութեան ուսուցիչը կ՚ընդունի տղան, եւ անոր ձայնը քննելէ յետոյ՝ կ՚ըսէ. «Տղայ, դուն ձայն չունիս, ուստի երգիչ չես կրնար ըլլալ, բայց գնա՛ եւ եթէ կարող ես սորվիլ՝ արհեստի մը հետեւէ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ լսուած հարցերէն մին այն է, թէ որքանո՞վ ճիշդ է, որ ամուսնացեալ զոյգեր ապրին իրենց ծնողներուն հետ միատեղ: Այս հարցին շուրջ հասարակութիւնը ունի տարբեր կարծիքներ. ոմանք այդ մէկը սխալ կը նկատեն, իսկ ուրիշներ ճիշդ՝ զանազան պատճառներ առաջ քշելով: