Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զոյգերու դաւաճանութիւնը շատ աւելի տարբեր երեւոյթ մը կը ստանայ, երբ կողմերը ունին զաւակներ. այդ դաւաճանութիւնը նման պարագայի զոյգերու մէջ տրուած խոստումի մը խզումէն դուրս գալով շատ աւելի լուրջ խնդիրներ կը ներառէ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Պէյօղլուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ Էսաեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսով մը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները։ Շաբաթավերջին բացուեցաւ քէրմէսը, որ իր աւարտին կը հասնի այսօր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ համակուած էր աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ դպրոցին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Եւրոպայի նորաստեղծ հայկական հաւաքականութիւնները համախմբելու եւ եկեղեցական կառոյցներու ձեւաչափերը այդ իրականութեան համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Պելժիոյ մէջ վերջին տարիներուն Կերարտսպերկեն քաղաքէն ներս արդէն հետզհետէ կ՚աշխուժանայ հայկական ծուխը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Երէկ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 157-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Տարեդարձին զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հաստատութեան ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը գումարէ ներկայ տարուան վերջին ժողովը։ Նիստին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Էյուպի վերանորոգեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ, որ համախմբեց քաղաքիս զանազան շրջաններէն հաւատացեալներ։ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց անդրանիկ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրները լուծելու ամենամեծ հնարաւորութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պուէնոս Այրէս, ուր մասնակցեցաւ Արժանթինի նորընտիր նախագահ Խաւիէր Միլէյի երդման արարողութեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած վերջին զրոյցին ընթացքին քննարկեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու խաղաղութեան բանակցութիւնները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Որպէս ընկերային էակ՝ մարդիկ կը ծնին խումբերով եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը՝ որպէս որոշ խումբերու անդամներ: Հետեւաբար, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ ընդունուած ըլլալը եւ խումբերուն մասնակցիլը հիմնական շարժառիթն ու կարիքն է, որ կը դիտարկուի բոլոր մշակոյթներու մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Երեւան պէտք է աշխատի անվտանգային համագործակցութիւնը խորացնել Թեհրանի եւ Թիֆլիզի հետ, որովհետեւ առանց անոնց որեւէ ձեւով չի կրնար դուրս գալ առկայ թնճուկէն»:
«Ատրպէյճանի պահանջներու ետին կանգնած են՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը, նաեւ Իսրայէլը։ Հայաստան պէտք է ներգրաւէ այնպիսի ուժեր, որոնք կարողութիւն ունին խաղին մէջ իրեն աջակցելու»:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ» կամ ընդհանրապէս խաղաղութեան պայմանագիր։ Այստեղ հիմնական հարցն է, որ երեւան ներկայ ժամանակաշրջանը պէտք է օգտագործէ՝ հնարաւորինս արագ անվտանգութեան երաշխիքները բարձրացնելու համար»:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խոնարհութիւնը քրիստոսաւանդ առաքինութիւն է։
Արդարեւ, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւններէն առաջ է, իսկ փառասիրութիւնը, մեծամտութիւնը՝ բոլոր ուխտերուն առաջինը։ Առաքինութեան՝ բոլոր բարի գործերուն գլուխը սէ՛րն է:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անկասկած, ամուսնալուծութեան մեծագոյն պատճառներէն մին զոյգերու իրարու հանդէպ ի գործ դրած դաւաճանութիւնն է, սակայն դաւաճանութենէն շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր խնդիր մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ դաւաճանութիւնը պատճառն է այլ հիմնական հարցերու, որոնք զոյգերը կ՚առաջնորդէ նման յոռի որոշումներու:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Արժանապատուութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ անձին պատիւը, յարգը եւ վարկը ճանչնալ, եւ պահպանել զայն։ Արժանապատուութիւնը, արդարեւ, սերտօրէն կապուած է անձին ինքնութեան հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս սէրը ունի որոշ սիւներ, որոնց վրայ կարելի է հիմնել առողջ ընտանիք մը. այդ սիւներուն ամբողջութեամբ հակառակ գոյութիւն ունին այդ սիւները քանդող ազդակներ, որոնցմէ մէկն է անկասկած նիւթական տագնապն ու անոր յառաջացուցած հարցերը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023

ՄԱԿ-ի կլիմայի գագաթաժողովը աւարտին հասնելու վրայ է։ COP28-ի աշխատանքները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի եզրափակուին։ Մինչ այդ, Տուպայի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքոյթին առթիւ օրերէ ի վեր դարձեալ ահազանգ կը հնչէ՝ երկրագունդի հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը վնասէ Հայաստանին։
Դէպի Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութենէ վերադարձի ճանապարհին, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ, Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Էջեր