Արխիւ
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարժման անցած է Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն աջակցելու համար։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ նախաձեռնութիւն մը սկսած է՝ մարդասիրական աջակցութեան նպատակով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Պելժիոյ նորանշանակ դեսպան Էրիք տը Միւնքը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային եւ գոյաբանական հարցերուն։
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ։ Կազզէի հատուածին վրայ բառին բուն իմաստով կրակ կը տեղայ՝ մինչ միջազգային հանրութիւնը կը բարձրաձայնէ իր խոր մտահոգութիւնը, սակայն գործնական իմաստով ոչինչ ընել կարելի կ՚ըլլայ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ քաջալերելու համար նոր սերունդը՝ մանաւանդ խրախուսելու անոր կրթական վերելքը։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը ոգեկոչեց իր հիմնադիրները։ Հաստատութենէն ներս աւանդական դարձած հիմնադիրներու օրը արդէն 68-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ քաղաքիս Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութիւնը (RUMVADER) հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ տարեմուտի երկրաշարժին հետեւանքները մեղմելու ուղղութեամբ։
Թեհրան կը ջանայ յառաջիկային կազմակերպել արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով մը:
Երեւանի մէջ, Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, ծագեցաւ լարուածութիւն:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Գրեթէ անվիճարկելի է, որ Ռուսաստանի համար հայ ժողովուրդն ու իր խնդիրները միշտ եղած են ընդամէնը օսմանցիներու եւ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու միջոց։ Հայաստանն ու հայերը երբեք ռուսական քաղաքականութեան թիրախ չեն եղած:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Համաս»ը այլեւս առաջուանը պիտի չըլլայ, իսկ Իսրայէլ պիտի ձերբազատուի Պենիամին Նեթանիյահուէն:
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ արիւնալի խաչմերուկին վրայ Կազզէի հիւանդանոցի սպանդը խառնած է բոլոր խաղաքարտերը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 20.2-21.6:
Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն 4.3-18:
Ղուկասի Աւետարանէն 4.14-23:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
1.- Աշտիշատի ժողով. 352 թուականին՝ որ գումարեց Մեծն Ներսէս (Տ. Ս. Ներսէս Ա. Պարթեւ. 353-373) Եկեղեցիի բարեկարգութեան եւ դաւանութեան համար։
2.- Շահապիվանի ժողով. 444 թուականին՝ որ Յովսէփ Կաթողիկոս (Տ. Ս. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452) գումարեց, 20 կանոն սահմանեց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հիմա որ մանուկը արդէն իսկ սկսած է խօսիլ, ճանչնալ շրջապատն ու առարկաները, սկսած է կազմել իր բնաւորութիւնները եւ ձեռք բերած իր «որոշում»ները՝ այո կամ ոչ ըսելու, կու գայ երրորդ ամենէն կարեւոր շրջանը՝
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց պատմագէտ Արզու Ուլաշն ու բարձր ճարտարապետ Պիւշրա Պաթուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն։
Ընկերային ցանցերու վրայ այս շրջանին լայն արձագանգ կը գտնէ, որ Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի շէնքը վերածուած է պանդոկի մը։ Այսպէս, այնտեղ ծառայութիւն կը մատուցէ «Մարիոթ» պանդոկներու աշխարհատարած ցանցը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի 7-րդ դասարանի սաները՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Անի Գալայլըի։ Աշակերտներուն այցելութիւնը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտով։
Երեւանի «Շարլ Ազնաւուր» մշակոյթի եւ արուեստի պետական քոլէճի շրջանաւարտներէն Դաւիթ Կիրակոսեան «Ալմաթին իմ սրտին մէջ-2023» (Almatym Juregimde-2023) երիտասարդ կատարողներու կառավարական ամենամեայ երգի միջազգային մրցոյթի մրցանակին արժանացած է:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը չկրցաւ ժամանակաւոր հրադադարի կոչ ուղղել:
Պայտըն. «Իսրայէլի եւ Ուքրայնայի յաղթանակը կենսական է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան համար»:
Պրիւքսել կը միջնորդէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
Ալիեւի հետ նախատեսուած նոր ժամադրութեան ընդառաջ՝ Փաշինեան յայտնեց, որ այդ տեսլականին նկատմամբ հաւատարմութիւնը կրնայ ճեղքում ապահովել: