Արխիւ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը, որ պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որ տեւեց շուրջ շաբաթ մը։
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհեց Ֆրանսայի յայտնի մասնագէտներէն փրոֆ. Էրվէ Ֆերնանտեսին։ Այս վերջինը Փարիզի «Քրեմլեն-Պիսեթրէ» համալսարանական մանկաբարձա-կնախտաբուժական հիւանդանոցին գլուխը կը գտնուի։
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ քառակողմանի բանակցութիւնները այսօր կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Այս անգամուան ժողովը պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած է։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով քաղաքական խորհրդակցութիւն մը, որ առաջինն էր իր նմաններու շարքին։
Ապրիլի 24-ի պատգամին մէջ նախագահ Պայտըն դարձեալ ցեղասպանութիւն որակեց 1915-ի դէպքերը:
Չավուշօղլու. «Դարձեալ բեմահարթակի վրայ են քաղաքական շառլաթանները, որոնք կը ջանան պատմութիւնը աղաւաղել»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը։
Համայն հայութիւնը այսօր դարձեալ համախումբ է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայերը կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։ 1915-ի ցեղասպանութենէն 108 տարի անց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը բիւր յարգանքով իր խոնարհումը կը բերէ նահատակներու նուիրական յիշատակին առջեւ՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուսումնական տարուայ վերջն է՝ դպրոցական հունձքի շրջան։ Սերունդներ կը պատրաստուին հրաժեշտ տալու իրենց դպրոցական կեանքին եւ նոր կեանք մտնելու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք խորհրդածել զայրոյթի զանազան երեսակներուն եւ ազդեցութիւններուն մասին։
Զայրոյթը մեր ամենահիմնական զգացումներէն մին է՝ ինչպէս սէրը, տխրութիւնը, վախը, ողորմածութիւնը կամ կարեկցանքը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բացառիկ յօդուած մը ստորագրած է Ռուբէն Զարդարեան, որ կը կրէ «Վստահութեան օձը» վերնագիրը։
Ճիշդը, Զարդարեանի կանաչ կողքով հատորը (հրատարակութիւն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի) միշտ ալ եղած է ուշադրութեանս կեդրոնին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց գանձերը կը պահեն ամենէն ապահով եւ արդիական միջոցներով օժտուած դրամարկղերու մէջ։ Աստուած Իր սրբազան Խօսքը կը պահէ բնութեան բացօթեայ այս քարայրին մէջ անվթար, 2000 տարիներէ աւելի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեծ եղեռնէն երեք տարիներ առաջ՝ 1912 թուականին տքթ. Պօղոսեան Ազգային ժողովին մէջ կը բարձրաձայնէր. «հայերը պէտք է Ալպանացուց նման «պէսա» ընէ եւ իր եղբայրը սպաննողին եղբայրն սպաննէ՝ ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման». այս յայտարարութիւնը լսելով ժողովասրահի մուտքն ու նրբանցքները գտնուողները բարձրաձայն ծափահարել կը սկսին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որու կողքին էր Տ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը՝ շարունակելով շուրջ 10 տարիէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պատգամը, զոր հասցէագրուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ 23 Ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային մեծ ժողովի բացման 103-րդ տարեդարձն ալ նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ապրիլի 13 եւ 16-ին Արցախի շուրջ երկու կարեւոր հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցան։ Առաջինը՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ դասախօսութիւններու շարք մըն էր՝ «Le blocus dans le Haut Karabagh» վերնագրով, որ նաեւ «La force primet-elle sur le droit?» ենթավերնագրով։
Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած ձիւնահալը հետզհետէ կը զարգանայ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան-Ռիատ մերձեցման լոյսին տակ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը երկիր հրաւիրուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները միակ իրական հիմքն են իրավիճակի կարգաւորման համար։
«Գրադարանը կրթութեան բաց հարթակ» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը ունի զանազան բաղադրիչներ:
«Թարգմանչաց արուեստ» առցանց շտեմարանը կը ներկայացնէ հայ թարգմանիչներն ու անոնց բազմակողմանի աշխատանքը: