Արխիւ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան կազմակերպած միջլիսէական մարզական փառատօնի արձագանգները կը շարունակուին։ Դպրոցի երկարամեայ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին կազմակերպուած այս մարզական փառատօնին մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէները՝ ֆութպոլի եւ ճատրակի կազմերով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպան Սքաթ Ուուտքիրքը, որուն կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ հիւպատոսարանի քաղաքական խորհրդատու Քեւըն Մոս։
Ռըզա Աքփոլատ բարեմաղթութիւններ ըրաւ քրիստոնեաներու եւ հրեաներու համընկնած տօներուն առթիւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցութիւն բերաւ Պէշիկթաշի քաղաքապետին կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ շուքով նշելու սկսած են Խորանաշատ վանական համալիրի հիմնադրման 800-ամեակը: Մայիս 11-29-ը նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկները կրկին վեր պիտի հանեն այն խորհուրդը, որ 13-րդ դարուն Վանական Վարդապետի հիմնած հոգեւոր կառոյցը արդէն ութ դարէ ի վեր՝ անսասան կը պահէ ու կը փոխանցէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի շարժումները շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին, մինչ անոնց հաւանական ազդեցութիւններուն տեսակէտէ խորհրդածութիւններն ու հաշուարկները վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ են։ Այս բոլորի լոյսին տակ շօշափեցինք վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանի կարծիքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1995 թուականին «Թայմզ» ամսագիրը Իրինա Խաքամատան ընդգրկած է 21-րդ դարու 100 նշանաւոր կիներու ցանկին մէջ: 1977-1999 եւ 2001-2005 թուականներուն Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքին, Իրինա Խաքամատան նկատուած է տարուան կինը, իսկ 1999 եւ 2002 թուականներուն ան յաղթած է այդ անուանակարգին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր օրը կանգնած՝ ծածկուած քրտինքով, կեղծ յոյզերով, կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մէկ այլ մոռցուածի, կորսուածի վերածուելու։ Այնքան սովոր էի, թէ կեանքի պայմանները թելադրեն իմ ապրելակերպը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր...»:
Մարդ արարածին տրուած ամենէն դժուարին քննութիւններէն մէկը սպասելն է, որ իրականութեան մէջ պարզ, սակայն խորքով ամենէն բարդը կը թուի ըլլալ:
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ իրադարձութիւնները այնպիսի հունի մը մէջ կ՚ընթանան, որ ամէն պահ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Վերջին օրերուն Շուէտի եւ Ֆինլանտիայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին կապակցութեամբ Թուրքիայէն հնչած վերապահ ձայնն ալ այդ շարքին մաս կազմեց։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա։ Քրեմլինի մէջ ան կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին, որ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի մեծ ցոյցերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի զանազան քաղաքներէն ներս։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որդեգրուած քաղաքականութիւնը կ՚ենթարկուի շատ սուր քննադատութեան։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները դարձան իրականութիւն: Ընտրութիւնները կատարելու յանձնառութիւնը դարձաւ ճշմարտութիւն եւ ընտրուեցաւ նոր խորհրդարան, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազում մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց:
Էրտողան եւ Ալիեւ շաբաթավերջին մասնակցեցան Արդուին-Ռիզէի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման
Շուշիի հռչակագիրը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ այս քաղաքականութիւնը ժառանգուած է նախնիներէն:
Նշանթաշըի գեղարուեստի այգիին մէջ անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան տեղի ունեցան Շիշլիի գիրքի օրերը։ Այս ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ գրող Լետա Պոյաճը, որու գործերը միշտ համակրանքով կ՚ընկալուին ընթերցասէրներու կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բաւական երկար ժամանակ վերլուծական աշխատանք չէի կատարած. յանկարծ միտքս եկաւ Քիփլինի գրած եւ Մուշեղ Իշխանի թարգմանած «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ շատերու (եթէ կարդացող մնաց) ուժ եւ կորով ներշնչել: Յիշեցի, որովհետեւ մեր կեանքը եւս այսօր լեցուած է «Եթէ»ներով, որոնց կսկիծը մինչեւ օրս կը կրենք:
Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր վարժարանի բազմամեայ, անմոռանալի տնօրէններէն լուսահոգի Հայկ Նշանի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան մրցումները, որոնց մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու խումբերը։
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրաւ զեկոյց մը, որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Այս զեկոյցին բովանդակութիւնը կը վերաբերի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի միջեւ յառաջացած խնդիրներուն։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը։ «Կենաց ծառ» անուանումով միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած են յախճապակիի եւ կերպասի բանման աշխատանոցներ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատերազմներէ, ներքին հակամարտութիւններէ եւ արտաքին ներխուժումէ մեծ վնասներ կրած երկիրներէ այլ վայրեր ապաստանող երեխաներ, աշակերտներ յաճախ կը յաջողին իրենց նոր դպրոցներու մէջ եւ այդպէս կը շարունակեն: Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ բաժին ունին ուսուցիչները: Այս մասին «Ուորլտ Ռիլիֆ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկարատեւ տագնապով եւ ծանր ցնցումներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ երկրի քաղաքացիները քուէատուփի մօտ կը փութան, մինչ տեղւոյն հայութիւնն ալ ունի լուրջ սպասումներ: