Արխիւ
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ:
Ընտրական մարմինը այսօր ընտրողներու եւ թեկնածուներու ցուցակները կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու հաստատման:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անձամբ կը հետեւի աղէտեալներու համար սկսած օժանդակութեան արշաւին:
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղւոյն վրայ քննեց մեր աղքատախնամ մարմիններու կամաւորներուն կողմէ տարուած աշխատանքը:
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։
Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։
Թուրքիան ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած ողբերգութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ թէ՛ ամբողջ երկրին եւ թէ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ։ Զոհերու թիւը կը բարձրանայ ահագնացող չափով։
Ամբողջ հայաշխարհը կը շարունակէ մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Արցախի իրադարձութիւններուն։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Լեռնային Ղարաբաղ կը շարունակէ աշխարհէն եւ Հայաստանէն կտրուած մնալ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նուիրահաւաք մը սկսած է՝ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի լոյսին տակ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի հետ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Մարդիկ առաւել եւս կ՚ուզեն հասկցուիլ՝ քան սիրուիլ», ըսած է Ճորճ Օրուէլ։ Ճշմարիտը կ՚ըսէր ան։ Սէրը կրնայ յառաջանալ կեանքի որեւէ փուլին, սէր կը զգանք՝ ծնողին, երեխային, կեանքի ընկերոջ, սիրահարին, մինչեւ իսկ ընտանի կենդանիի հանդէպ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք, թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք կ՚ունենաք». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։
Հաւատքը երբեք նախապաշարում, կանխակալութիւն չէ՛, հաւատքը կանխակալ կարծիք մը, առանց ստոյգ գիտութեան առաջուց կազմուած թիւր համոզում մը, մանաւանդ անհիմն հաւատալիք եւ սնոտիապաշտութիւն չէ՛. առանց քննութեան ընդունուած կարծիք չէ՛։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հեշտամահութիւն. «euthanasie» կը նշանակէ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։
Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները կամ միջոցները՝ ուղղակի հեշտամահը կը կայանայ վերջ դնելու մէջ հաշմանդամ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերուն կեանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հրապարակի վրայ այնպէս ինչպէս այսօր գոյութիւն ունին կեղծ բարեգործներ, հաւատացեալներ, մարդասէր ու բազումողորմ անհատներ, անոնց չափ եւ աւելի գոյութիւն ունին կեղծ հայրենասէրներ, որոնք փուճ ու սին խօսքերով Փարիսեցիի մը ինքնավստահութեամբ իրենց մէջ գոյութիւն չունեցող հայրենասիրութիւնը թմբկահարել կը փորձեն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածութիւն ներկայացուց 6 խումբ:
Ընտրական մարմինը վաղը ցուցակներու հաստատման համար պիտի դիմէ VGM-ի Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան:
Պոլսահայ աղքատախնամ մարմինները կը համակարգեն աղէտեալներու համար սկսած զօրակցութեան արշաւը:
Համայնքին կողմէ հաւաքուած օգնութիւնները մեծ բեռնատարով մը ճանապարհ դուրս կու գայ դէպի աղէտի գօտի:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Քաղաքականութեան մէջ կայ սահմանում մը, որ ընդհանրացած բանաձեւումով կը կոչուի՝ իրավիճակի փոփոխութիւն։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի «ֆորս-մաժէօր» պարագաներու, որոնք իրավիճակի էական, արմատական փոփոխութիւններու պատճառ կրնան դառնալ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2023-ի փետրուար 6-ն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակներով, արցունքներով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած նոր թուական մը: Եթէ կ՚ուզէք, կրկին Սպիտակի երկրաշարժը յիշեցնող սակայն այս անգամ 21-րդ դարու սարսափազդու թուական մը:
Հայաստանի փրկարարներու խումբը Ատըեամանի մէջ աշխատանքի ձեռնարկեց փլատակներու տակ:
Թուրքիոյ տասն քաղաքները ցնցած երկրաշարժի զոհերուն թիւը արդէն կը հասնի տասներեք հազարի սահմանին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերս աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժերու վրայ: Ազգերը, երկիրները, համայն մարդկութիւնը ակամայ կը թուին մարդասէր ու հոգատար, կարեկցող: