Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներու հետ։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշակերտներուն նկատմամբ, որոնք Գումգաբու առաջնորդուած էին դպրոցի տնօրէն Արաս Տելիճէի եւ ուսուցչուհիներէն Թալին Կարիպկիւնի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երաժշտագէտ մը չեմ: Բայց երգն ու երաժշտութիւնը շատ սիրած եմ ու կը սիրեմ: Որովհետեւ գիտեմ, որ «լաւ» երգը, նաեւ լաւ տրամադրութիւններ կրնայ բերել ժամերուդ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Պատառէն ետք, սատանան իր մէջ մտաւ» (Յհ 13.27)։
Ո՛չ թէ այդ ժամանակ սատանան նոր մտաւ անոր մէջ, որովհետեւ նախապէս ծախած էր Քրիստոսը հրեաներուն, այլ՝ այդ ժամանակ մտաւ առաւել իշխելով անոր վրայ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 7 դեկտեմբեր 1988-ի ժամը 11.41-ին բնութիւնը իր պոռթկումը ունեցաւ եւ հրաբուխի սաստկութեամբ երկիրը շարժեցաւ, որ պատուհաս դարձաւ աւելի քան 700 հազար հայորդիներու: Երկրաշարժ, որ գետնատակ ըրաւ 4 քաղաք, 21 հազար բնակելի շէնք, 88 դպրոց եւ 88 մանկապարտէզ, 84 հիւանդանոց եւ բոյժկէտ...:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբման փոխ-նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ այդ համախմբման համաժողովը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհի առկայ հրատապ խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները երէկ քննարկուեցան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Մամուլի ակումբի եւ Հանրային լրագրութեան ակումբի համատեղ ծրագրերու շրջանակին մէջ կազմակերպուած էր այդ հաւաքոյթը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ այն եռակողմանի շփումներուն, որոնք Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ յառաջ կը տարուին։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը սկզբնաւորուի բացառիկ գործընկերային նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Մատենա»։ Սա առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոց մըն է, որու առաքելութիւնն է գիտելիքի կուտակման եւ համաշխարհային փորձառութեան տարածման միջոցաւ նպաստել մասնագիտական հմտութիւններու եւ ղեկավարման կարողութիւններու զարգացման՝ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց մասնագիտական ոլորտներէ ներս կը ձգտին կատարելագործման եւ գերազանցութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ 2019 թուականէն ի վեր սա երկու ղեկավարներու առաջին անձնական շփումն էր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Թուրքիա-Քաթար Բարձրագոյն ռազմավարական խորհուրդի 7-րդ ժողովը կը գումարուի Տոհայի մէջ:
Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային առաջնահերթ բնոյթով հարցեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց՝ փրոֆ. Ազիզ Սանճարը, որ Նոպելի տարրաբանութեան մրցանակը նուաճած է։ Թուրք գիտնականը վերջին օրերուն կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը նոր հարուած մը կը համարուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ 20 յունիսէն ետք Վանաձորի մէջ իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ձայները նուազած են 18 հազարով, Աբովեանի ու Վեդիի մէջ՝ գրեթէ կրկնակի․ խոշոր քաղաքներու ամփոփ տուեալները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

Մեր համայնքի համեստ խաւերը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ընդառաջ աջակցութիւն կը ստանան:
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը 700 նպաստընկալ ընտանիքի կը փութացնէ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած կտրօնները:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սպիտակի կործանարար երկրաշարժէն երեսուներեք տարի ետք տակաւին անտուն մնացածներ կան աղէտի գօտիին մէջ: Ասիկա մեր բոլոր կառավարութիւններուն ամօթն ու խարանն է, որ այսօր՝ երկրաշարժէն երեսուներեք տարի անց, քաղաքակիրթ նկատուող 21-րդ դարուն, կրկին կ՚աղաղակէ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնի՝ Սուր գաւառակի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս երէկ յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ 2015 թուականին անվտանգութեան ուժերու կողմէ ծաւալուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ վնասուած էր այս եկեղեցին՝ ինչպէս շրջանի այլ բազում սրբավայրերը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Լուսահոգի համայնքային գործիչ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած էր, շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս պատրաստուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը՝ ողբացեալ Յարութիւն Շանլըի կեանքին ու գործունէութեան մասին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Հայաստանի թատերական կեանքին տեսակէտէ նախընթաց օր յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Սենեկային պետական թատրոնի երդիքին տակ ներկայացուած «Համլէթ»ով։ Թատերախումբի խաղացանկը համալրուեցաւ մեծանուն Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նշանաւոր «Համլէթ»ին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը:
Եռանախագահները պատրաստակամ են հանդիպում կազմակերպելու՝ շարունակելու համար սեպտեմբերին Նիւ Եորքի եւ անցեալ ամիս Փարիզի մէջ սկսած քննարկումերը: Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Ատրպէյճան 10 գերի վերադարձուց Հայաստանին:

Էջեր