Արխիւ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր հարթակի ստեղծումը, բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի տուեալ ձեւաչափի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերէն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կողմնակից է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու առաջարկին՝ տարածաշրջանային նմանօրինակ խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծելու շուրջ։
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Ճիշդ 22 տարի առաջ այսօր ան բազմած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելահիմն գահուն վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որոշ ժամանակ կը կարծէի, թէ օտար ամուսնութեան դէմ պայքարելու հիմնական ու կարեւոր պայքարը միայն սփիւռքի մէջ պէտք է տարուի, նկատի ունենալով, որ սփիւռքի մէջ մեր զաւակները աւելի՛ առիթներ ունին սայթաքելու ու խոտորելու: Սակայն ժամանակ մը ետք համոզուեցայ, որ ինչքա՛ն սփիւռքի, նոյնքան ալ հայրենիքէն ներս սպառնացող աղէտ մըն է օտար ամուսնութիւնը:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆՅԱՅՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում մը.
Ի՞նչ է փարիսեցիներուն եւ սադուկեցիներուն թթխմորը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
-Գնա՛, գլխուդ ճարին նայիր...
Գարնանային հաճելի օր մը, երբ դուրսը ուրախ ու զուարթ են տղաքն ու կիները, հին օրերու հմայքը կորսնցուցած պառաւ մը յուղարկաւորութեան մասնակցողի տարտամ քայլերով կ՚երթար անսալո՛վ մարդոց «գնա՛»ին՝ դարձեալ գլխուն ճարին նայիլ փորձելու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ամէն ինչ սկսած է հասկցուիլ եւ ըմբռնուիլ իր իմաստէն հեռու, յաճախ նոյնիսկ իմաստին հակառակ, եւ շա՜տ յաճախ ըստ հաճոյքի, կամ աւելի ճիշդ՝ ըստ այդ հասկացողութենէն եկած շահին, օգուտին:
Տագնապներու պատճառով, աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանիշային ցուցանիշ է, կը հաղորդէ ներքին տեղահանուած անձերու հարցերու ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես Տամարի:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով թաղման պաշտօնական յանձնաժողով ստեղծուեցաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ եւ գրող Վանօ Սիրադեղեանի մահուան կապակցութեամբ։ Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռուս նախարարը օր մը առաջ ալ հեռաձայնով զրուցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան երէկ ընդունեց Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալը Հայաստան կ՚այցելէ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Էրիքա Օլսոն քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցեր:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցը կը մօտենայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ COP26 համաժողովին, Կլասքով:
Արմէն Սարգսեան. «Երեւանի երկարաժամկէտ նպատակն է՝ այս դարու երկրորդ կէսին հասնիլ կլիմայի չէզոքութեան»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը երէկ հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին քննարկումներ տեղի ունեցան տարուայ վերջին երկու ամիսներուն համար նախատեսուած օժանդակութիւններուն շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ հայր սուրբը նախկին թրքահայ մըն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայան։ Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ կուսակալին այցելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս բարեկամ մը խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ կամաց-կամաց կ՚ուզեն աւելցնել սեռային յարաբերութեան մասին դասընթացքներ (Sex Education), որպէսզի հասակ առնող մանուկ-պատանին աւելի տեղեկացուած ու գիտակից մօտեցում ունենայ սեռական կեանքին հանդէպ՝ ճանչնալով իր անձն ու իր մարմնի կազմութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
21-րդ դարը աշխարհիս բերաւ հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն արուեստական (technology) աշխարհին մէջ, եղափոխելով հինաւուրց կարգ ու կանոն: Պահ մը յետադարձ անդրադարձումով կրնանք յիշել եւ բաղդատել մեր հեռաձայները, հեռատեսիլները, համացանցերը եւ այլ բազմաթիւ նորանոր զարգացումներ, որոնց բարիքները այսօր կը վայելենք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: