Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (Յհ 13.38):
Յովհաննէսը, Ղուկասն ու Մատթէոսը կ՚ըսեն, թէ՝ «դեռ աքաղաղը չկանչած, դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս, Մտ 26.34: Ղկ 22.34), իսկ Մարկոս կ՚ըսէ, թէ՝ «Աքաղաղը երեք անգամ չկանչած, մինչ դուն երկու անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս Մր 14.30): 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բնաւ պատահական չէ, որ անցնող օրերուն Սուրիոյ դերի մը վերադարձի մասին սկսուած է խօսուիլ։ Խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ ուժերու հեռացումէն ետք շրջանային ազդեցութեան տակ Լիբանան մտաւ փորձարկումներու ժամանակ մը, որ բոլոր առումներով ալ ինքզինք սպառեց։ Լիբանանի քաղաքական շրջանակներ, ղեկավարներ ու կուսակցութիւններ անկարող եղան երկիրը կայուն հունի մը մէջ պահել, աւելի մեծ յանցանք մըն ալ ընելով՝ հրաժարեցան Լիբանանի կառավարութեան արտաքին պարտքի տոկոսները վճարելու յանձնառութենէն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր Արփիար Արփիարեանի 170-ամեակն է:
19-րդ դարու վերջին քառորդի արեւմտահայ հասարակական եւ գրական կեանքը դժուար է պատկերացնել առանց Արփիար Արփիարեանի, որ իր անուրանալի դերը ունեցած է այդ ժամանակաշրջանի զարգացման մէջ թէ՛ իբրեւ գրաքննադատ, թէ՛ իբրեւ հրապարակախօս եւ թէ՛ իբրեւ գրող, խմբագիր: 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ թաղի վարժարանի ի նպաստ հերթական նուիրահաւաքը։ Համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման նոր փորձի ռիսքերու մասին մտածել կու տան՝ կողմերու փութկոտութիւնն ու խօսակցութիւնները գաղտնի տանելու մտադրութիւնը:
Անգարայի համար Երեւանին «առիթ մը տալու» մօտեցումները կը պարունակեն տեղական ու շրջանային շահեր, որոնց սկիզբը կը դրուի Պաքուէն եւ կը հասնի մինչեւ Մոսկուա, նաեւ հեռաւոր Ուաշինկթըն:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի սրահներէն մէկուն մէջ բացուած է եգիպտահայ անուանի լուսանկարիչ Վան Լէոի (Լեւոն Պոյաճեան) լուսանկարներուն ցուցահանդեսը, որ նուիրուած է լուսանկարչի 100-ամեակին: Վան Լէոն, որ կոչած են լոյսի եւ ստուերի նկարիչ, կեանքէն հեռացած է 2002 թուականին, 81 տարեկանին, յուղարկաւորուած է Գահիրէի հայկական գերեզմանատունը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Նուաճումները կամ հերոսութիւնները՝ որոնց մասին կը կարդանք պատմութեան գիրքերու մէջ, տեղի ունեցած են մարդոց «հանգստութեան գօտիները» լքելուն շնորհիւ։ Ոչ մէկ փոփոխութիւն, զարգացում կամ փոխակերպում տեղի ունեցած է կանաչ խոտերու վրայ պառկելով ու ձեռնածալ հետեւելով ժամանակի սղաճին։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կրօնքի եւ գիտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհարումը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է՝ անցեալէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի երկարի մինչե՛ւ անորոշ ապագան, որովհետեւ առաջինը աներեւելին պիտի ընդունի որպէս տէր ու արարիչ, իսկ երկրորդը պիտի փորձէ անբացատրելին բացատրել:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի մրցոյթը։ Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Մալենա, որ հանդէս եկաւ «Քամի-քամի» երգով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Ատրպէյճան երէկ եւս 10 ռազմագերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այս անգամ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ապահովուեցաւ այս արդիւնքը, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսլամապատի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հերթական համագումարը։ Այս քաղաքական ուժի գլուխը կը գտնուի՝ երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ օրակարգով նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, Անգարայէն վերջ Երեւանն ալ հրապարակեց իր յատուկ ներկայացուցիչին անունը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021

«Բարեւ TV» ամերիկահայ առցանց հեռուստակայանը արձագանգեց՝ 114-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգին:
Արա Գօչունեան. «Պատմութեան համար, նոսթալժիի համար բան մը չենք ուզեր, մենք կը ջանանք պատրաստուիլ ապագային, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ մեր թերթի առաքելութիւնը չէ աւարտած»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ, քանդակագործ, ճարտարապետ ու արուեստաբան Վան Խաչատուրի (Վանիկ Խաչատուրեան) ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Երախտաշատ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ ան մահացած էր 2019 թուականին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Երեւանի Պետական համալսարանը (ԵՊՀ) արդէն ունի նոր վերատեսուչ մը. յանձին՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի։ ԵՊՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ կատարեց նոր վերատեսուչի ընտրութիւնը եւ այդ պաշտօնին կոչեց Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, որ վերջին շրջանին արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով կը գլխաւորէր այս կարեւոր գիտական կառոյցը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս ծրարային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ատրպէյճան, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ՝ տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934թթ.) ծնած է Շապին Գարահիսար, ուր տարի մը ետք ծնած է զօրավար Անդրանիկ։ Փարիզի Սորպոնի համալսարանէն վկայեալ ճարտարապետ Թորամանեան ստեղծագործած է Սոֆիայի, Վառնայի, Պելժիայի, Ռումանիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ հուսկ ուրեմն պատմական մեր Վաղարշապատ եւ Անի քաղաքներուն մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Ի տարբերութիւն նախորդ փորձերէն՝ Անգարա եւ Երեւան այս անգամ ուղիղ պիտի շփուին, առանց միջնորդի ու կ՚ակնկալուի, որ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններն ալ վերստին օրակարգի վրայ գան:
Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ պիտի յստականայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ճանապարհային քարտէսը: Լրատուամիջոցները հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՚անդրադառնան նախատեսուած իրադարձութիւններուն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» կոթողային երկի արեւմտահայերէն նոր փոխադրութեան շնորհանդէսը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Էջեր