Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ, ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդէն եղած էր»։ (Ժողովողի 1։9-10)

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինցող իւրաքանչիւր տարի «երնե՜կ»ներով ու յոյսերով մեզ կ՚առաջնորդէ նորի մը, որ նոյնպէս տարի մը ետք հին դառնալով այլ նորերու կ՚առաջնորդէ մեզ, անփոփոխ պահելով «երնեկ»ներն ու յոյսերը:
Այս մէկը քանի՞ երրորդ «Երնե՜կ»ը պիտի ըլլայ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր հինցող նորին հետ նոյն այդ «Երնե՜կ»ը դուրս պիտի գայ հայու շուրթերէն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Երբ ողջ մարդկութիւնը կանգնած է օրացուցային անուանումով 31 դեկտեմբերին, եթէ մեր միտքը առտնին նախապատրաստութիւններէ առիթ կը գտնէ մտածելու, կը դիտենք մեր օրացոյցը։ Եթէ նկատի առնուի տողերս գրողին եկեղեցական մը ըլլալու պարագան, պատշաճ կ՚ըլլայ, որ նախ նայինք եկեղեցական օրացոյցին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամանոր է։
Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի 31-ին ականատեսները կ՚ըլլանք ժամադրութեան մը։ Ժամադրուողներն են անշունչ իրեր, ժամացոյցի սլաքները։ Ժամադրավայրն է ժամացոյցի 12 թիւը։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Նոր տարուան առթիւ փոխանակուած շնորհաւորական մաղթանքներու, նուէրներու, կազմակերպուած խնջոյքներու եւ տօնախմբութիւններու կողքին, կարեւոր է ստեղծել պահ մը՝ խորհրդածութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ճիշդ ինն տարիներ առաջ՝ Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան, ընտանեօք Հալէպը լքողներու առաջին շարքերէն եղանք, ետին թողելով ամէն ինչ: Տասնամեակներէ ժառանգուած, անթեղուած անապահովութեան նորայայտ բարդոյթը մեզ մղեց նոր ափեր որոնելու պարտադրանքին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նոր տարին հասաւ, իսկ հինն ալ, պատմութեան անցաւ: Այս կը նշանակէ, թէ տարի մըն ալ սահեցաւ մարդոց կեանքէն: Ու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, բոլորս այս նոր եկուորին, ի սրտէ «բարի եկար» մը կ՚ըսենք, իսկ միւս «հինին» ալ՝ «երթաս բարով» մը, որովհետեւ մեր սրտերուն մէջ դարձեալ սկսած են պարել հրաշքը, երազն ու յոյսը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Ատրպէյճանէն եւս հինգ հայ ռազմագերի վերադարձաւ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս անգամ գերիներու վերադարձը իրականացուած է Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

2021-ի արդէն վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուեցաւ վեցերորդ հատորով. «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Հոգելոյս Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը կողքի մը տակ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մանրակրկիտ աշխատանքով:
Մեկենաս ընտանիքը այս յատկանշական գործը ձօնած է հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի անթառամ յիշատակին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պատրիարքարանը ներկայ տարեմուտին արդէն լոյս ընծայած է հերթական պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2022-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մօր եւ մանուկի համար յոյժ կարեւոր են կեանքի առաջին քառասուն օրերը: Նոր լոյս աշխարհ եկած փխրուն արարածը, ըստ բնական օրինաչափութեան՝ կը մտնէ կեանքի նոր միջավայր մը, որ խիստ կը տարբերի անոր նախնական՝ մայրական ներքին միջավայրէն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարի մը եւս իր աւարտին հասաւ, առիթ տալով նոր տարուան մը սկիզբին:
Ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ, յուզումներ, յոյզեր, զգացումներ, երազներ, նպատակներ ու տեսիլքներ մնացին անցեալին մէջ. անոնցմէ մաս մը լաւապէս ապրուեցան, ուրախացուցին կամ տխրեցուցին մեզ, հրճուեցուցին կամ ցաւ պատճառեցին մեզի. որոշ «երազ»ներ իրականացան եւ մաս մըն ալ մնացին անկատար. յաջողեցանք հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու հասնիլ մեր կարգ մը նպատակներուն, մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեր ունեցած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները դուռ բացին մեր դիմաց նոր նպատակներ մշակելու եւ ճանապարհ բանալու՝ ընթանալու համար այդ նպատակներուն ետեւէն. տեսիլքներ ունեցանք, ունինք տակաւին, որոնց իրականացումին համար ո՛չ ճիք եւ ո՛չ ալ եռանդ կը խնայենք, լուսաւորելու, գեղեցկացնելու եւ քաղցրացնելու համար մեր կեանքը, մեր ապրած ընկերութիւնը, մէկ խօսքով ամբողջ մարդկութիւնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս բոլոր աշխարհը, մամուլը եւս օրեր ետք պիտի թեւակոխէ նոր տարի մը, ճի՛շդ այն ծերուկին նման, որ չի՛ գիտեր, թէ միւս նոր տարիին ողջ պիտի ըլլայ թէ ոչ: Հաւանաբար աշխարհի շատ մը անհատներու համար նոր տարին ուրախանալու միջոց ըլլայ, սակայն տարեցներուն համար այդ մէկը ուրախութենէն աւելի յուզում կ՚առաջացնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հինցող տարի քայլ մը աւելի մեզ կը մօտեցնէ անյայտ վախճանին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Գանատահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը որոշած է Ամանորի բացառիկին մէջ անդրադառնալ այս խնդրին եւ ընդգծել իր զօրակցութեան տրամադրութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

«Մեր իրականութեան մէջ երբ որ պառակտուած ըլլայ սահմանափակ թիւով ու ներուժով համայնք մը, ապա անխուսափելիօրէն դժուարութիւններ կը յառաջանան՝ իր ծոցին մէջ պահուած մշտական արժէքներու սնման ու յարատեւման տեսակէտէ։ Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը որոշ մարդոց աչքին փուշ դառնալ սկսաւ»:
Արա Գօչունեան. «Այս տագնապը յաղթահարել կ՚ուզենք՝ մնալով անկախ լրատուամիջոց, որպէսզի հայ հաւաքական մտքի խմորումներուն մէջ Պոլսոյ ներդրումը շարունակուի, Պոլսոյ ձայնը չմարի»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի «Մենթի-մենթէօր» խումբի հանդիսաւոր հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ամանորի շրջանին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կազմակեպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ ու բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։

Էջեր