Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարի մը եւս անցաւ:
Թուական մը եւս փոխուեցաւ:
365 օրերու այս շղթան ալ իր վերջին օղակը անցուց եւ անցեալ դարձաւ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

2022 թուականին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) կը դառնայ 30 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, պաղ պատերազմի աւարտով ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած էր այս կազմակերպութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ո՞վ չ՚երազեր Նոր տարուան առաջին օրը աչքերը բանալ հոն, ո՛ւր խաղաղ է արշալոյսը եւ ուր կրակոցի, յարձակումի, զոհուած զինուորներու, ահաբեկուած բնակիչներու մասին պատմութիւններ չկան: Ո՛ւր, թերեւս կարճ ժամանակի մը համար, չկայ համացանց, չկան աշխարհի լուրերը, որոնք յաճախ ողբերգական են ու վհատեցնող…

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2022 թուականի առաջին ամիսներուն Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

2020 թիւ:
Տարեմուտ:
Հանրապետութեան հրապարակի վրայ գտնուող գլխաւոր ժամացոյցի սլաքները անտես կերպով սկսան ծանրանալու ու կենալու: Այս ամէնը անկարելի էր նշմարել անզէն աչքով:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը ծրագրէ 14-15 յունուարին այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ այդ երկրէն ներս նախատեսուած միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային օր մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մութ էր եւ ցուրտ…
Ոչ արեւ կար եւ ոչ լուսին…
Յայտնի չէր ցերեկ էր թէ գիշեր…
Լռութիւն, լռութիւն, լռութիւն…
Եւ այս համատարած լռութեան մէջ լսուեցաւ, քարի վրայ նստած, փոքրիկ աղջկան մը մեղմ հեծկլտոցը, որ շուտով փոխուեցաւ լացի…

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Ատրպէյճանէն եւս հինգ հայ ռազմագերի վերադարձաւ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս անգամ գերիներու վերադարձը իրականացուած է Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

2021-ի արդէն վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուեցաւ վեցերորդ հատորով. «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Հոգելոյս Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը կողքի մը տակ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մանրակրկիտ աշխատանքով:
Մեկենաս ընտանիքը այս յատկանշական գործը ձօնած է հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի անթառամ յիշատակին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պատրիարքարանը ներկայ տարեմուտին արդէն լոյս ընծայած է հերթական պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2022-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մօր եւ մանուկի համար յոյժ կարեւոր են կեանքի առաջին քառասուն օրերը: Նոր լոյս աշխարհ եկած փխրուն արարածը, ըստ բնական օրինաչափութեան՝ կը մտնէ կեանքի նոր միջավայր մը, որ խիստ կը տարբերի անոր նախնական՝ մայրական ներքին միջավայրէն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարի մը եւս իր աւարտին հասաւ, առիթ տալով նոր տարուան մը սկիզբին:
Ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ, յուզումներ, յոյզեր, զգացումներ, երազներ, նպատակներ ու տեսիլքներ մնացին անցեալին մէջ. անոնցմէ մաս մը լաւապէս ապրուեցան, ուրախացուցին կամ տխրեցուցին մեզ, հրճուեցուցին կամ ցաւ պատճառեցին մեզի. որոշ «երազ»ներ իրականացան եւ մաս մըն ալ մնացին անկատար. յաջողեցանք հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու հասնիլ մեր կարգ մը նպատակներուն, մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեր ունեցած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները դուռ բացին մեր դիմաց նոր նպատակներ մշակելու եւ ճանապարհ բանալու՝ ընթանալու համար այդ նպատակներուն ետեւէն. տեսիլքներ ունեցանք, ունինք տակաւին, որոնց իրականացումին համար ո՛չ ճիք եւ ո՛չ ալ եռանդ կը խնայենք, լուսաւորելու, գեղեցկացնելու եւ քաղցրացնելու համար մեր կեանքը, մեր ապրած ընկերութիւնը, մէկ խօսքով ամբողջ մարդկութիւնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս բոլոր աշխարհը, մամուլը եւս օրեր ետք պիտի թեւակոխէ նոր տարի մը, ճի՛շդ այն ծերուկին նման, որ չի՛ գիտեր, թէ միւս նոր տարիին ողջ պիտի ըլլայ թէ ոչ: Հաւանաբար աշխարհի շատ մը անհատներու համար նոր տարին ուրախանալու միջոց ըլլայ, սակայն տարեցներուն համար այդ մէկը ուրախութենէն աւելի յուզում կ՚առաջացնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հինցող տարի քայլ մը աւելի մեզ կը մօտեցնէ անյայտ վախճանին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ փորձեմ մարդ արարածին կեանքի ամբողջ ընթացքը բացատրել մէ՛կ բառով, այդ մէկը ո՛չ պայքար եւ ո՛չ ալ մաքառում կ՚ըլլար. այդ մէկը ո՛չ գոյամարտ եւ ո՛չ ալ տանջանք կ՚ըլլար: Մարդու կեանքը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ ՈՒԶԵԼու գործընթաց մը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի ղեկավարներու վերջին ուղղակի հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ Մոսկուա տեղեկացուց, որ կը դիտարկուի Հարաւային Կովկասէ ներս ցամաքային փոխադրութեան եւ երկաթուղային կապերու ապաշրջափակումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։

Էջեր