Արխիւ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տօն Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, յատուկ տօնակատարութիւն մըն է հաւատքով իր հիմքերուն փարած հաւատացելոց մօտ։ Որպէս քրիստոնեայ, մենք կը նշենք համաքրիստոնէական տօներ, որոնց տօնակատարութիւնը վերապահուած են ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Պէպօ Սիմոնեանին անդրադառնալուս հիմնական դրդապատճառը՝ անոր կնոջ՝ յարգելի տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի հետ ծանօթութիւնս է, որ տեղի ունեցաւ վերջերս՝ յատուկ առիթով մը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածքաշրջանային այս այցելութեան ծիրէն ներս ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շփումներ կ՚ունենայ Թիֆլիզի, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին հերթական դէպքը պատահեցաւ, հնչեցին կրակոցներ, բարեբախտաբար տուժողներ չեղան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ անցաւ Արցախ, ուր դիմաւորման ներկայ էր նաեւ ռուս խաղաղապահներու գնդերէցը: «Միասնաբար տոկալով եւ համբերելով, զոհողութիւններ յանձն առնելով, անվերապահ նուիրումով եւ յանձնառութիւններով արժանի պիտի ըլլանք մեր խիզախ զաւակներուն, որոնք նուիրեցին իրենց կեանքը»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական աւետիսը տուաւ՝ Սեւ ծովու մէջ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարներուն շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Սաքարիայի մօտակայքին Թուրքիա յայտնաբերած է բնական կազի նոր պաշար մը, որմէ յառաջիկայ շրջանին արդիւնահանումները պիտի սկսին։
Լուսաւորիչ երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան երէկ մեր նկատառման յանձնեց մեր կրթական կեանքին վերաբերեալ կարեւոր խնդիր մը, որ, սակայն, համայնքային շրջանակներու ուշադրութենէն զերծ մնացած է։ Յակոբ Մամիկոնեան, որ միեւնոյն ժամանակ բազմամեայ երաժշտութեան ուսուցիչ մըն է, մեր նկատառման յանձնեց Էսաեան վարժարանի վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պաղեստինի խնդիրը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Արդարեւ, երկու շաբաթ տեւած բուռն պատերազմէն ետք եւ շնորհիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Եգիպտոսի ճիգերուն՝ Կազզէի շուրջ պատերազմական գործողութիւնները կը դադրէին եւ կողմերը կ՚անցնէին «միջնորդաւորուած» բանակցութիւններու։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Մենք պէտք է քաջ գիտակցինք, թէ անցնելու ի՞նչ ճանապարհ ունինք, եւ ի՞նչ բաներու միջոցով պիտի անցնինք, որպէսզի վերադարձնենք թէ՛ մեր արժէքները, թէ՛ մեր հողերը, թէ՛ ամենէն կարեւորը՝ մեր հեղինակութիւնը՝ համաշխարհային հեղինակութիւնը: Այսօր կը ծաղրեն մեզ. այսօրուան կառավարութիւնը ծաղրանքի առարկայ դարձուց մեր երկիրը»:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ աշխարհի յառաջատար եւ ամենէն տարածուած լրատուամիջոցները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից Իսրայէլի (կամ մեծահարուստ հրեաներու) հակակշիռին տակ: Այդ պատճառով յատկապէս Պաղեստին եւ Իսրայէլ հակամարտութեան լրատուութիւնն ու մեկնաբանութիւնը միշտ ի նպաստ Իսրայէլի կ՚ըլլայ. «Պաղեստինցիները ահաբեկիչ են, հրեաները՝ անմեղ զոհեր»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ 93 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած է յայտնի գրող ու հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեան։ Մասնագիտութեամբ բժիշկ սուրիահայ մտաւորականը հայկական սփիւռքի ամենախորհրդանշական դէմքերէն մին էր եւ կեանքի վերջաւորութեան բնակչութիւն հաստատած էր մայր Հայաստանի մէջ։
Սամուէլ Պապայեան. «Մոսկուա Երեւանը կ՚օգտագործէ Պաքուն իր կողմը քաշելու համար։ Որպէս գերտէրութիւն՝ իրեն պէտք է տիրանալ ամբողջ Կովկասին»:
«Ատրպէյճան արդէն Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ զօրքերը ունի իր տարածքէն ներս։ Հիմա Հայաստան կ՚ըսէ, որ ետ քաշուէ սահմաններէն՝ մենք միջազգային ուժեր բերենք։ Կ՚առնէ՞ այդպիսի քայլ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ եկեղեցիէն ներս վերջերս իրականացուած բարենորոգման աշխատանքներու արդիւնքին։
«Դուք ձեր պապերէն ժառանգած էք քաջութիւն։ Հաստատուն մնանք հաւատի մէջ, անկոտրում՝ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու առջեւ։ Ամուր պահենք իրարու հանդէպ քրիստոսապատուէր սէրն ու հզօր միասնութիւնը, որոնց առջեւ կը նահանջեն փորձութիւնները եւ կ՚ամրապնդուի ու կը զօրանայ լաւատեսութեան ոգին»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը քառօրեայ հայրապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ, իր հետն ունենալով նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տեսնո՞ւմ ես, էս ա, գտել է Աշոտս համացանցից, իրենց զօրամասի մեքենայի պայթումն է ցուցադրում: Տեսնո՞ւմ ես ոնց ա պայթել եւ ո՞նց է բալէս փրկուել էնտեղից:
ԵՐԱՄ
Երկնագոյն դիմակը երեսին, դանդաղ քայլերով կը յառաջանայ մայթին վրայ։ Գլուխը կախ, ուսերն ու մէջքը յոգնած։ Կապոյտին տակէն դժուար կը շնչէ. քրտինքը կը հոսի վիզէն վար, կ՚երթայ տաք կրծքին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր եւ յատկապէս այս օրերուն, ի տես մեր հայրենիքէն հասնող անթիւ «բանգէտներու» եւ իրենք զիրենք «քաղաքագէտ» կարծող եւ վերլուծողներու հրամցուցած տուեալներուն եւ բացայայտումներուն, մեզի, սփիւռքահայերուս համար, հիմա հարց է, թէ որո՞ւ հաւատանք:
Մարդը նոյնպէս կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչ է։ Աւելի՛ն, մարդը եւ մարդանման կապիկները միասին կը ներառուին միեւնոյն ենթաընտանիքին, որ կը կոչուին հոմինոիտներու ենթաընտանիք։
1755 թուականի նոյեմբերի 1-ին Լիզպոնի մէջ պատահեցաւ կործանարար երկրաշարժ մը, որ աւերեց Փորթուգալի մայրաքաղաքը։
Լիզպոնի բնակիչները անհամբերութեամբ կը սպասէին նոյեմբերի 1-ին, որ բոլոր սուրբերու օրն է՝ կաթողիկէներու մեծ ու աւանդական տօնը։