Արխիւ
Յայտնի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկ այս տարի նոր գիրք մը կը թողարկէ երեխաներու համար։ Այսպէս, անգլիացի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկի նոր գիրքը երեխաներու համար կը թողարկուի 2021 թուականի հոկտեմբերի 12-ին։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նոր ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը արդէն Անգարայի մէջ մասնակցութիւն բերած է իր առաջին ժողովին։ Այս նիստէն առաջ Ճան Ուսթապաշը եւ իր նախորդը՝ Մորիս Լեւի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարներու բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իւրաքանչիւր անգամ երբ Նիկիական Հանգանակը կ՚արտասանենք մեր ձեռքերը միացնելով, մեր հաւատքը կը դաւանինք եւ մեր հաւատքի մասին խօսքերը դուրս կ՚ելլեն մեր բերանէն։ Հանգանակի մէջ կայ յատկանշական բաժին մը, որուն մէջ եկեղեցին իր ստորոգելիներով կը ներկայանայ. «Հաւատամք եւ ի մի միայն, ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ եկեղեցի»։
Վեհափառ Հայրապետի հաստատած «Ս. Ղեւոնդ Երէց» նոր շքանշանով առաջին պարգեւատրեալները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հանրապետական մաղթանք եւ եկեղեցականներու պարգեւատրման արարողութիւն:
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Էվա Սանթալուի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Էվա Սանթալուի կորուստը մօտաւոր անցեալին մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանեան մամուլին մէջ, թեր ու դէմ կարծիքներու եւ խծբծանքի նմանող թոհուբոհին մէջ, երբեմն կը յայտնուին մտաւորականներու միտքեր, որոնք եթէ լսուին յաճախ քարացած կամ թմբիրի մատնուած հանրային կարծիքին կողմէ, երկրին մէջ ստեղծուած կիրքի եւ թշնամանքի մթնոլորտը կը փոխուի, կը գերակշռեն իրատեսութիւնը եւ ազգայինը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 245-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ այս տարի, յուլիս ամսուան 4-ին։ Մի քանի ակնառու երեւոյթներ ակնյայտ են այս տարեդարձին կապակցութեամբ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մեր տան մէջ ուրուականներու պատմութիւն,
Որոնցմէ մեր շրթները կը յիշեն,
Կը պահեն զանոնք գութանն ու մառանը:
Հոն մեր հեռաւորութիւնները լուսաւորուեցան,
Հոն երազեցինք անորոշութիւնները:
Կ՚ոստոստէինք մոլորակէ մոլորակ,
Կը թռչէինք սերունդէ սերունդ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Նիկոմիդիոյ առաջնորդական վիճակի երբեմնի հայաբնակ քաղաքներու եւ գիւղերու հաւատացեալ ժողովուրդներուն համար եզակի դէմք մը եղած է Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս, որպէս անձնդիր հովիւ։ Մօրենական գծով ես զիս կը նկատեմ ատաբազարցի, իսկ հօրենական գծով՝ պանտրմացի։
Շիշլի մարզակումբի ամրան դասընթացները Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած այս դասընթացները ներկայիս ունին բացառիկ նշանակութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ծանր վիճակը կը շարունակուի։ Երէկուան թիւով ալ այդ մասին անդրադարձած էինք, սակայն ուշագրաւը այսօր այն է, որ ելեւմտական տագնապը մեծ աւերներ կը գործէ պարզ քաղաքացիին համար ամենակարեւոր ոլորտին՝ առողջապահական համակարգին վրայ։
Երեւանէն կը տեղեկացնէ Սագօ Արեան.-
Բաւականին լարուած ժամեր էին երէկ Հայաստանի մէջ։ Խնդիրը կապ չունէր որեւէ ներքաղաքական զարգացումի հետ, այլ խօսքը սահմանային միջադէպի մը մասին էր, որուն վերջնական գնահատականը ցարդ չէ տրուած։
15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 5-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. ուղղափառ մարդ մը հինտուզներուն հետ ընկեացաւ ու յետոյ զղջաց. վերստին կ՚ընդունուի՞ Ուղղափառ Եկեղեցիէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտէ, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է: Սակայն շատեր եկեղեցի կը շտապեն իրենց փափաքներու իրագործման ետեւէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արդէն տեղեկացուցած էինք, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 175-րդ տարեդարձը: Այս յոբելենական առիթով, բազմաթիւ ձեռնարկներու կարգին, լոյս տեսաւ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ» հատորը, զոր խմբագրած եւ աշխատասիրած է վերապատուելի տքթ. Վահան Յ. Թութիկեան:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ ուժգին սթրեսի հետեւանքով մարդ կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը: Պարբերաբար թէ՛ բարի, թէ վատ յիշողութիւնները կը սկսին սրբուիլ մեր ուղեղէն: Այս ալ չարաբաստիկ հիւանդութեան տեսակ մըն է: