Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021

Այսօր երեկոյեան կը սկսի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութիւնը։ «Եւրօ 2020»ը տարի մը յապաղումով կ՚իրականանայ՝ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Կայ ռուսերէն արտայայտութիւն մը. առաջնայինը լսարանի մը համար ոգեշնչող, ծափահարութիւններու արժանացող խօսք ըսելն է, իսկ թէ ինչ հետեւանքներ կ՚ունենայ այդ խօսքը, այդքան ալ կարեւոր չէ։ Եկէք խոստովանինք, որ մենք՝ լրագրողներս ունինք այդ հիւանդութիւնը։ Կը տարուինք մեր ըսելիքի հետաքրքրական եւ խայթող ըլլալէն՝ երբեմն մոռնալով նիւթի ներքին տրամաբանութիւնը եւ կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Տիկ Անի Թորանեան
Եւ Թորանեան ընտանիքի հարազատներ,
Ցաւով իմացանք մեր բոլորին սիրելի տքթ. Թորոս Թորանեանի մահը։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Եառոնտա. որոշ վատ երազներ կը չարչարեն զիս…
-Երբ նեղացնող երազ մը կը տեսնես, երբեք մի՛ քննէր, թէ ի՛նչ տեսար, կամ ինչպէ՛ս տեսար, եթէ յանցաւոր ես, կամ ինչքա՞ն է յանցանքիդ չափը:

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ժամացոյցի սլաքները հետզհետէ կը դանդաղին: Օդի մէջ կը զգացուի թթուածինի պակասութիւն: Այլեւս ո՛չ շնչելը դիւրին է, ո՛չ ալ արտաշնչելը: Ամէն օր կը մահանանք, սակայն ոտքի ենք: Կը շարունակենք ուտել ու խմել, շնչել, մինչդեռ չկանք՝ մահացած ենք:

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր յիշատակի օրն է հայ քանդակագործ Երուանդ Ոսկանին: 1914 թուականի այս օրը կեանքէն հեռացած է իսթանպուլահայ արուեստագէտը:

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցեցաւ Սանթալու եւ Ասլանեան ընտանիքներուն:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց նորոգ հանգուցեալ Եւա Սանթալուի յուղարկաւորութեան:

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB)՝ Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած վերջին ժողովին արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Շատ երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ կարելի եղաւ այս մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը իրականացնել։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը երկու երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի իրենց զօրքերը ետ քաշեն սահմանակից գօտիներէն։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի այցելեն Շուշի։ Երէկ, ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած երկու կարեւոր ուղեւորութիւններու։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021

Թուրքիա-Ռուսաստան քաղաքական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը:
Ըստ Լաւրովի, Հայաստան-Ատրպէյճան հաղորդակցութիւններու բացումով շահագրգռուած են նաեւ Անգարան եւ Թեհրանը, որոնց կարծիքը նոյնպէս հաշուի պէտք է առնուի:

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը ներկայիս հաւատացեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գործ մը, որ կը կոչուի «Աստուածաշունչէն»։ Գեղատիպ ու մեծածաւալ այս հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս պիտի չկարողանայ իր դռները բանալ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

ԵՐԱՄ

Երեք ընկեր նաւաստի, լճի վրայ, լճի խորքը կը նաւարկեն։ Հինգ թի կայ, մէկն ընկեր սուզուեր է ի յատակն լճի. երեւի։
Էրիք Սաթիի Կնոսսիենն Ա.-ը կը հնչէ փոքր նաւակին վրայ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Որակը կը գերազանցէ քանակը:
Ժողովուրդները՝ մարդոց զգալի, ստուար հատուած մը միշտ նոյնն են՝ չեն փոխուիր: Ժամանակը, դարերն ու հազարամեակները կ՚անցնին անոնց քովէն: Անոնք կը մնան անփոփոխ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

Անակնկալ եղաւ եւ ցաւալի, երբ երկու օր առաջ կարդացի բժիշկ Թորոս Թորանեանի մահուան գոյժը, յառաջացած տարիքին պատահած Երեւանի մէջ, ուր կ՚ապրէր վերջին շրջանին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Dior» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտին մէջ, կը յայտնէ «Greek City Times» թերթը։ Այսպէս, յունիսի 17-ին ֆրանսական նորաձեւութեան տունը «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտը կը վերածէ «փոտիումի»՝ ներկայացնելով  նոր «Քրուազիէր 2022» հաւաքածոն, որ կը կրէ յունական ազդեցութիւն եւ նուիրուած է Յունաստանի անկախութեան շարժման 200-ամեակին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Յուլիսի 1-ի Վատիկանի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընդառաջ Պքերքէի պատրիարքարանէն ներս հաւաք:
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները կը մասնակցին երկրի առկայ անելը յաղթահարելու ուղղեալ ջանքերուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Երէկ մտահոգութիւնները ա՛լ աւելի խորացան, որովհետեւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ դարձեալ հայ զինուոր մը գերեվարուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները օրուայ սկիզբին տեղեկացուցին, որ զինեալ ուժերու N զօրամասի պայմանագրային շարքայիններէն Ա. Քաթանեան մշուշի հետեւանքով ապակողմնորոշուած է ու ակամայ յայտնուած՝ այն տարածքէն ներս, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս բոլոր փոխ-նախարարները արդէն հրաժարած են իրենց պաշտօնէն։ Երէկ անոնց հրաժարականները վաւերացուեցան՝ համապատասխան հրամանագրերով։

Էջեր