Արխիւ
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուրեմն, դիմադրութեան մէջ բաժանումը տեղի ունեցաւ եւ Արաֆաթը հեռացաւ Թրիփոլիէն, այցելեց Գահիրէ եւ հանդիպեցաւ Հիւսնիւ Միւպարէքին:
Աշխարհը իրար անցաւ, ոտքի կանգնեցաւ ու այլեւս պիտի չնստի անոր համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ՝ պաղեստինեան, արաբական եւ համաշխարհային գետնի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի». (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գործով մի քանի օր կը գտնուիմ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Թաւրիզ պատմական քաղաք, որ հիմնուած է երրորդ կամ չորրորդ դարերու ընթաքին. քաղաք՝ որու յիշատակութիւնը ըրած է նաեւ հինգերորդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 28-րդ հաւաքը։
Կ՚ըսեն, թէ արդարութիւնը կը հիւանդանայ, բայց, չի մեռնիր: Չարագործը՝ շարքային քաղաքացի ըլլայ, թէ պետութեան ղեկավար, պէտք է պատասխան տայ ըրածներուն համար ու իր արժանի պատիժը կրէ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց տարեկան հերթական հանգանակութիւնը։ «Քե՛զ համար Հայաստան» կարգախօսով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը 27-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Ազատ Սուրիոյ բանակի զինեալները երկրի հիւսիսին՝ սահմանամերձ Թել Ռիֆաթը վերահսկողութեան տակ առին, ինչ որ ձախողում մը կը համարուի ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի տեսակէտէ: 8 տարի վերջ ստեղծուած այս վիճակը կը խրախուսէ գաղթականաց վերադարձը:
Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ապպաս Արաղչին. Դամասկոսի ղեկավարութիւնը պէտք է համաձայնի օրինական ընդդիմութեան հետ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Աքքան Սուվէրի, որու հետ էր նաեւ կողակիցը։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերներէն Սիւզան Քըզըլքայան, Նատին Թաշն ու Էօզճան Նշանը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց գիրքին մէջ թշնամիները ատելու կամ անոնց նեղութիւններով ու կրած տառապանքներով ուրախանալու կամ չուրախանալու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նուագելէ վերջ, տպաւորուած հանդիսատեսով ու ջերմ ընդունելութեամբ, ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահար Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան Երեւան վերադարձին իրենց վառ վկայութիւնները բաժնեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բ. եւ Ե. դարերուն՝ հայրաբանական շրջանին, եկեղեցական Հայրեր հետզհետէ «աստուծաբանութիւն» բառին պաշտամունքային կամ պարզ «նկարագրողական» իր իմաստի սահմանէն անդին՝ տրամաբանական վերլուծումի, մեկնողական պարզաբանումի ու ուսումնասիրական մեթոտի, քննողական տարողութիւն եւ տարածք տուին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր կու գանք գրելու յաջողութեան մասին մեր յօդուածաշարքին վերջինը ու աւելի քան երբեք կը հաւատանք, որ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը՝ «զոյգն այդ խաբող» գուցէ ստեղծուած է մարդու կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պարապութիւնը լրացնելու եւ անոր կեանքին «արժէք» մը, իմաստ մը տալու:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր ամենէն մեծ երգիծագրի՝ Յակոբ Պարոնեանի գործերը արդիական են բոլոր ժամանակներուն, իբրեւ ժողովուրդի եւ մարդոց նկարագիրը ներկայացնող արտացոլումներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մահը՝ իւրաքանչիւր կենդանի արարածի կեանքի աւարտը, ընկերային եւ մշակութային, ինչպէս նաեւ կենսաբանական երեւոյթ մըն է: Մահուան վերագրուող իմաստները փոխուած են ժամանակի ընթացքին եւ կարգ մը մօտեցումներ մահը քննարկած են զանազան տեսանկիւններէ եւ ընդգծած՝ մահուան կարգ մը ընկերային բնութագրերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպը անցաւ ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը. Սուրիոյ մէջ նոր փուլը կ՚առընչուի Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին հետ: Ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան երկիրը շրջաններու բաժնելու վարկածները:
ԱՄՆ Թուրիքոյ միջոցաւ կը յաջողի խզել Իրան-Լիբանան ցամաքային ճանապարհն ու «Հիզպուլլահ»ի համար զէնքի մատակարարումները: Էսատի տեսակէտէ ծանր արժած է Քրեմլինի յորդորին անտեսումը՝ Էրտողանի հետ խօսելու ուղղութեամբ: Դամասկոս այժմ կը ձգտի չկտրուիլ ծովեզերեայ շրջաններէն՝ մանաւանդ Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ. մէկ խօսքով՝ մարդ անկատար է, բայց պէտք է կատարելութեան ձգտի, քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է եւ ինքն ալ Անոր նմանութեամբ եւ պատկերով ստեղծուած է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ այսօր խօսեցանք յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին. երեւոյթներ՝ որոնք շօշափելի ըլլալէ աւելի վերացական, հոգեկան ու մտային էին. այդ բոլոր երեւոյթները եթէ միատեղենք աշխատանքի ու աշխատասիրութեան հետ, յաջողութիւնը կ՚ըլլայ անխուսափելի:
Անգարա այսօր կ՚ընդունի Թեհրանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։